Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ հասաւ Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաք: Ասիկա Սուրիոյ տագնապի սկիզբէն ետք Սէուտական Արաբիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւններու խզումէն ի վեր Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի առաջին այցելութիւնն է Սէուտական Արաբիա:
Ժետտայի «Մալեք Ապտել Ազիզ» օդակայանին մէջ զինք դիմաւորեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը: