Պայտըն Իսրայէլի Հետ Յարաբերութեան Մակարդակի Նուազումէն Կը Զգուշացնէ
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սպիտակ տունը ցաւ յայտնած է արդարադատական բարեփոխումներու օրինագիծի որդեգրման նկատմամբ եւ Իսրայէլին կոչ ուղղած է ամրապնդելու միասնականութիւնը: Սպիտակ տունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նախագահ Պայտըն, իբրեւ ամբողջ կեանքի ընթացքին Իսրայէլի բարեկամ, հրապարակաւ ու դռնփակ արտայայտեց իր տեսակէտները, թէ ժողովրդավարութեան մէջ հիմնական փոփոխութիւնները պէտք է կարելի եղածին չափ լայն միաձայնութիւն ունենան, եւ դժբախտաբար այսօր քուէարկութիւնը չնչին մեծամասնութեամբ...




















