Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ Պիելոռուսիա գտնուող «Վակներ»-ի ուժերը «մեզ կ՛անհանգստացնեն, որովհետեւ կ՛ուզեն Լեհաստան երթալ»:
Ան Մոսկուայի մէջ հանդիպումի սկիզբը նաեւ յայտնեց, որ «Ուքրանիան մասնատելու եւ անոր մէկ մասը Լեհաստանին կցելու ծրագիր գոյութիւն ունի», եւ շեշտեց. «Ուքրանիոյ մասնատումը մեզի համար անընդունելի է»: