Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց. «Մոսկուայի մէջ թիրախներու վրայ երկու անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործելու փորձ մը կանխարգիլուեցաւ»:
Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «24 յուլիսի առաւօտեան ձախողութեան մատնուեցաւ Քիեւի վարչակարգին կողմէ Մոսկուայի մէջ գտնուող թիրախներու վրայ ահաբեկչական յարձակում գործելու փորձ մը»:
Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ ելեկտրոնային պատերազմի համակարգութեան շնորհիւ յարձակումը խափանուած է, եւ ուքրանական երկու անօդաչու թռչող սարքեր ջախջախուած են` աւելցնելով. «Ահաբեկչական յարձակումի խափանման շնորհիւ վիրաւորներ չարձանագրուեցան»:
Մոսկուայի քաղաքապետ Սերկէյ Սոպիանին իր կարգին «Թելեկրամ»-ի վրայ գրեց. «Այսօր առաւօտեան ժամը մօտաւորապէս չորսին, անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներ արձանագրուած են երկու ոչ բնակելի շէնքերու վրայ: Լուրջ վնասներ կամ զոհեր չկան: Բոլոր ծառայութիւնները տեղւոյն վրայ կ՛աշխատին»:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւններէն աղբիւր մը, կը հաղորդէ, որ թռչող սարքերէն մէկը հարուածած է Քոմսոմոլսքի պողոտայի շէնքը, վնասուած է թիւ 17 տունը: «Նախնական տեղեկութիւններով` զոհեր եւ վիրաւորներ չկան», ըսած է ան:
Մոսկուայի փոխադրամիջոցներու վարչութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ Քոմսոմոլսքի պողոտային վրայ երթեւեկը թիւ 18 տան մօտ արգելափակուած է:
«112» թելեկրամեան ալիքը կը նշէ, որ երկյարկանի շէնքին մէջ քանդուած է տանիքը, առաջին յարկին վրայ գտնուող խանութի դիմացի տան եւ չորրորդ յարկի տան բնակելի հատուածին մէջ ապակիներ կոտրուած են: Մօտակայ տան մէջ նոյնպէս ապակիէ պատը փշրուած է:
Երկրորդ անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է Լիխաչովի պողոտայի առեւտրական կեդրոնի շէնքը: Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութենէն ԹԱՍՍ-ին յայտնած են. «Միջադէպին պատճառով պայթում տեղի ունեցած է, ըստ նախնական տեղեկութիւններու, զոհեր եւ վիրաւորներ չկան»:
Անօդաչու թռչող սարքը հարուածած է բազմայարկ շէնքը, որուն վրայ գրուած է «Լիրոյ Մըրլին» ցուցանակը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Մոսկուայի վրայ կատարուած յարձակումը որակեց «միջազգային ահաբեկչութիւն»:
Միւս կողմէ, Խրիմի կառավարիչ Սերկէյ Աքսիոնով յայտարարեց, որ ռուսական ելեկտրոնային պատերազմի պաշտպանութեան սարքերը Խրիմի վերեւ թռիչք կատարող ուքրանական 11 անօդաչու թռչող սարքեր վար առած են:
Ան աւելցուց, որ անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը թիրախ դարձուցած է Տժանքոյսք շրջանին մէջ զինամթերքի պահեստանոց մը: Քիրովի շրջանին մէջ ալ բեկորներու պատճառով վնասուած է սեփական բնակարան մը:


