Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Նեթանիահու այս ամսուան վերջաւորութեան Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ»:
Էրտողան աւելի ուշ յայտնեց. «Կը մաղթեմ, որ Նեթանիահուի հետ իմ առաջին հանդիպումս թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ շատ աւելի լաւ փուլի մը սկիզբը ըլլայ»:


