Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Թուրքիան Պիտի Չտատամսի Կիպրոսի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Համար Հարկ Եղածը Ընելու»

July 26, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շեշտեց, որ իր երկիրը պիտի չտատամսի իր պարտաւորութիւնը կատարելու` Կիպրոսի մէջ մնայուն ու արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար: Ան նշեց, որ Թուրքիան բոլոր ժամանակաշրջաններուն այդ հարցին նկատմամբ դրական տրամադրուածութիւն ցուցաբերած է:

Էրտողան Անգարայի նախագահական պալատին մէջ իր կառավարութեան անդամներուն հետ ժողովէն ետք յայտնեց, որ իր երկիրը կը փափաքի «յառաջդիմութիւն արձանագրել գլխաւոր հարցերուն մէջ, Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալու հոլովոյթի վերակենդանացման, մաքսային միութեան արդիականացման եւ թուրք քաղաքացիներու մուտքի արտօնագիրները ազատականացնելու առումով»:

Ան յոյս յայտնեց կարճ ժամանակէն տեսնելու անոնց վերաբերեալ դրական արդիւնքներ, որոնք հաւասարապէս Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան օգտին պիտի ըլլան:

Անդրադառնալով 17-19 յուլիսին Արաբական ծոցը, Սէուտական Արաբիան, Քաթարը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ներառող իր շրջապտոյտին` Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ «շատ կարեւոր քայլ կազմեց»: «Սէուտական Արաբիա, Քաթար եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ մեր կատարած այցելութիւնները յաջող էին եւ շատ արդիւնաւէտ», յայտարարեց ան:

Էրտողան նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ կնքուած 5 համաձայնագիրները «երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը բարձրացուցին շատ յառաջադէմ մակարդակի»` աւելցնելով, որ այդ այցելութեան ընթացքին ստորագրուած է «մեր պատմութեան մէջ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ ռազմական եւ անջրպետի արտադրութիւններու արտածման մեծագոյն համաձայնագիրը»:

«Որոշեցինք Քաթարի հետ մեր յարաբերութիւնները, որոնք հոյակապ մակարդակով կ՛ընթանան, նոր գործընկերութիւններով պսակել. երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութիւնը հասաւ 10 միլիառ տոլարի», ըսաւ ան:

Էրտողան նաեւ նշեց. «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շրջանին մէջ Թուրքիոյ առեւտրական ու տնտեսական կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկը կը նկատուի, եւ մեր դիւանագիտական յարաբերութիւններու հիմնադրման 50-ամեակը նշեցինք` բարձր մակարդակի ռազմավարական խորհուրդի գործիքակազմը ստեղծելով»:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Հացահատիկի Գործարքի Վերականգնման Կը Զօրակցին

Յաջորդը

Պայտըն Իսրայէլի Հետ Յարաբերութեան Մակարդակի Նուազումէն Կը Զգուշացնէ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.