Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան Ֆիտանին Առաջարկած Է Քորանի Հրկիզման Հարցով Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով Գումարել

July 24, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան եւ անոր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտան բուռն կերպով դատապարտած են Շուէտի եւ Դանիոյ մէջ Քորանի հրկիզման արարքները:

Ապտոլլահեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին գնահատած է Քորանի հրկիզումը դատապարտող Թուրքիոյ կեցուածքը` առաջարկելով կարելի եղածին չափ շուտ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողով գումարել:

Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան պետերը քննարկած են նաեւ երկու երկիրները հետաքրքրող երկկողմանի, շրջանային եւ միջազգային հարցեր:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը Իրանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները որակած է «բարեկամական, եղբայրական ու ռազմավարական», եւ իր թուրք պաշտօնակիցը հրաւիրած է Թեհրան այցելելու:

Ապտոլլահեան նաեւ յայտարարած է, որ իր երկիրը պատրաստ է Թեհրանի մէջ երկու երկիրներու տնտեսական միացեալ յանձնախումբի ժողով գումարելու:

Նշենք, որ Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ սուրբ գիրքերու եւ կրօնական խորհրդանիշերու ոչնչացումը դատապարտման արժանի ամօթալի արարք է:

«Դանիական կառավարութիւնը կը դատապարտէ Քորանի հրկիզումը: Սուրբ գրութիւններու եւ այլ կրօնական խորհրդանիշերու հրկիզումը ամօթալի արարք է, որ չի յարգեր ուրիշներու կրօնը: Ատիկա սադրիչ գործողութիւն է, որ ցաւ կը պատճառէ բազմաթիւ մարդոց եւ խզում կը ստեղծէ տարբեր կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Դանիոյ թագաւորութեան մէջ կրօնի ազատութիւն կայ, եւ բազմաթիւ քաղաքացիներ իսլամութիւն կը դաւանին:

«Անոնք Դանիոյ բնակչութեան արժէքաւոր մասն են: Դանիան կը պաշտպանէ բողոքի ցոյցերու իրաւունքը, սակայն կ՛ընդգծէ, որ անոնք պէտք է խաղաղ բնոյթ կրեն», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:

Քոփենհակընի ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ 21 յուլիսին Իրաքի դեսպանատան մօտ բողոքի ցոյցի ժամանակ գիրք այրուած է` չյստակացնելով, որ անիկա Քորանի օրինակ է: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոստովանած է, որ ատիկա սուրբ գիրքի այրում է: Ցոյցը կատարուած է «Դանիական հայրենասէրներ» աջակողմեան արմատական խմբաւորումը:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ երեկոյեան յայտարարութիւն հրապարակած է` կտրուկ կերպով դատապարտելով արարքը:

 

 

Նախորդը

Ֆիտան. «Սեւ Ծովուն Ճամբով Հացահատիկի Գործարքի Շարունակութիւնը Առանց Ռուսերուն Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

Զելենսքին Սթոլթենպերկին Կոչ Ուղղած Է Շտապ Ուքրանիա-ՕԹԱՆ Խորհուրդի Ժողով Գումարել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.