Միացեալ Նահանգներ կողմնակից են Սեւծովեան հացահատիկի նախաձեռնութեան վերականգնման` հակառակ անոր որ Ռուսիան յայտարարած է, թէ պատրաստ է փոխարինելու համաշխարհային շուկային մէջ ուքրանական պարէնի մատակարարումները: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարըն Ժան Փիեռ:
«Ես շատ յստակ ըսի, որ Ռուսիան պէտք է վերադառնայ այն համաձայնագիրին, որ մենք ունէինք` «Հացահատիկի գործարք»-ին: Մենք ատիկա կ՛ուզենք տեսնել», ըսած է Սպիտակ տան բանբերը` պատասխանելով ուքրանական հացահատիկի մատակարարումները փոխարինելու Մոսկուայի պատրաստակամութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւններու խնդրանքին:
«Ասիկա որոշում է. այս է պատասխանը», ըսած է Ժան Փիեռ` անդրադառնալով «Հացահատիկի գործարք»-ի հաւանական վերականգնման: «Ատիկա այն է, ինչի կոչը մենք կը շարունակենք ուղղել», ըսած է Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարը:
Պալթեան Այլընտրանք
Լիթուանացի երեք նախարարներ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեցին` Ռուսիոյ «Հացահատիկի գործարք»-էն դուրս գալէն ետք ուքրանական հացահատիկի արտածման աջակցելու համար Պալթեան երկիրներու` Լիթուանիոյ, Լաթվիոյ եւ Էսթոնիոյ կարողականութիւններուն վրայ աւելի մեծ չափով կեդրոնանալու:
Նախարարները եւրոպացի պաշտօնատարներու ուղղուած իրենց նամակին մէջ նշեցին, որ Պալթեան երկիրներու ենթակառոյցները «ուքրանական արտադրութիւններու, որոնց շարքին հացահատիկի տարանցման այլընտրանքային եւ հաւաստի ուղի են»:
Ըստ անոնց, Պալթեան երկիրներու ենթակառոյցները կարող են տարեկան 25 միլիոն թոն հացահատիկ ընդունիլ: Նախարարները Եւրոպական Միութիւնը յորդորեցին նուազեցնելու լեհ-ուքրանական սահմանին վրայ վարչական տնօրինումները եւ այսուհետեւ զանոնք կիրարկելու Պալթեան ծովու նաւահանգիստներուն մէջ:


