Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքին Սթոլթենպերկին Կոչ Ուղղած Է Շտապ Ուքրանիա-ՕԹԱՆ Խորհուրդի Ժողով Գումարել

July 24, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին կոչ ուղղած է շտապ Ուքրանիա-ՕԹԱՆ խորհուրդի ժողով գումարելու: Կառոյցը ստեղծուած էր 11-12 յուլիսին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին:

«Ես Ենսին դիմած եմ` առաջարկելով անյապաղ գումարել այս խորհուրդի ժողովը` ճգնաժամի վերաբերեալ համապատասխան խորհրդակցութիւններու համար: Այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտ օրէն: Մենք կրնանք յաղթահարել Սեւ ծովուն մէջ անվտանգութեան ճգնաժամը», ըսած է Զելենսքի տեսաուղերձին մէջ:

Զելենսքի նախապէս յայտնած էր, որ Սթոլթենպերկի հետ քննարկած է սեւծովեան հացահատիկային միջանցքի ապաշրջափակման համար անհրաժեշտ միջոցները: Անոնք նաեւ գնահատած են Սեւ ծովուն մէջ տիրող կացութիւնը եւ այն վտանգները, որոնք անիկա կը պարունակէ համաշխարհային պարենային անվտանգութեան համար:

Միւս կողմէ, 23 յուլիսի գիշերը կրկին հրթիռակոծուած է ուքրանական Օտեսա քաղաքը: Հրթիռակոծումէն վնասուած է Վերափոխման տաճարը, աւերուած են տուներ, քաղաքային ենթակառոյցներ: Իշխանութիւնները կը յայտնեն մէկ զոհի եւ առնուազն 19 վիրաւորի մասին:

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ ուղղափառ Վերափոխման տաճարի քանդումը «պատերազմական ոճիր մըն է, որ երբեք պիտի չմոռցուի»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց. «Հաւանական կը նկատենք, որ Օտեսայի մէջ Վերափոխման տաճարը ուքրանական հրթիռով քանդուած է»:

Նախքան այդ, նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ ռուսական զինեալ ուժերը ծովէն ու օդէն հրթիռային յարձակում գործած են եւ ճշգրիտ կերպով հարուածած Օտեսայի շրջանին մէջ գտնուող դիրքեր, ուրկէ պատրաստութիւն կը տեսնուէր Ռուսիոյ վրայ ահաբեկչական յարձակումներ գործելու, եւ այդտեղ օտար վարձկաններ կային:

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան Ֆիտանին Առաջարկած Է Քորանի Հրկիզման Հարցով Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով Գումարել

Յաջորդը

Լուքաշենքօ. «Վակներ»-ի Ուժերը Մեզ Կ՛անհանգստացնեն, Որովհետեւ Կ՛ուզեն Լեհաստան Երթալ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.