Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Յանձնախումբը Կը Մերժէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Վերաբերեալ Էրտողանի Առաջարկը

July 21, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երեքշաբթի օր նոր զեկուցում մը որդեգրելով մերժած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեամբ փոխանակելու փորձը` ընդգծելով, որ երկու հոլովոյթները իրարու հետ կապ չունին: Այս մասին հաղորդեց «Ալ-Մոնիթըր»-ը:

Եւրոպացի երեսփոխանները Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղած են սկսելու խորհրդածութեան հոլովոյթի մը` Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը փոխարինող «այլընտրանքային եւ իրապաշտ շրջագիծ» մը գտնելու համար:

Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցումը Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ` «կարելի եղածին չափ շուտ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ վաւերացնելու Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը»: Խորհրդարանի անդամները արձանագրած են Եւրոպական Միութեան կողմէ պատժամիջոցներու ենթակայ ապրանքներու դէպի Ռուսիա վերարտածումը կանխարգիլելու թրքական իշխանութիւններու քայլերը, սակայն անոնց կոչ ուղղած են աւելին ընելու ապահովելու համար, որ Թուրքիան «դադրի այդպիսի պատժամիջոցները շրջանցելու կառոյցներու եւ անհատներու համար կեդրոն դառնալէ»:

Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ զեկուցաբեր Նաչօ Սանչեզ Ամոր իր պատրաստած զեկուցումի 47 թեր եւ 10 ձեռնպահ քուէներով Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին կողմէ որդեգրուելէն ետք յայտնած է. «Վերջերս Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը վերակենդանացնելու թրքական կառավարութեան վերանորոգ հետաքրքրուածութեան ականատես դարձած ենք: Ատիկա աշխարհաքաղաքական սակարկութիւններու հետեւանքով տեղի պիտի չունենայ, այլ երբ թրքական իշխանութիւնները հիմնարար ազատութիւններու եւ օրէնքի իշխանութեան շարունակուող նահանջին վերջ տալու նկատմամբ իսկական հետաքրքրութիւն ցոյց տան»:

Զեկուցումը Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին պիտի ներկայացուի աշնան:

Նախորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան 2023-2024 Տարեշրջանի Ա. Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը

Յաջորդը

Թուրքիա Եւ Սէուտական Արաբիա Կ՛ամրապնդեն Ուժանիւթի Եւ Միջազգային Քաղաքականութեան Ոլորտներուն Մէջ Գործակցութիւնը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.