Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն խորապէս անհանգստացած մնալ, որ Ազրպէյճանը շարունակ փակ կը պահէ Բերձորի (Լաչին) միջանցքը առեւտրական, մարդասիրական եւ անձնական մեքենաներու համար: Այս մասին «Ռատար Արմենիա»-ի հարցումին ի պատասխան յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` շեշտելով, որ առեւտրական, մարդասիրական եւ սեփական մեքենաներու Բերձորի միջանցքով տեղաշարժը պէտք է անյապաղ վերականգնուի:
Լրատուամիջոցը դիմած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` խնդրելով պարզաբանել, թէ Արցախի մէջ տիրող իրավիճակին ինչպէ՛ս կը վերաբերի:
Միլլըր նշած է, որ մարդասիրական նպատակներով տեղաշարժի դադրեցումը կը մեծցնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը խաթարէ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ վստահութեան ձեւաւորման ջանքերը:
«Մենք հետեւողականօրէն կը պաշտպանենք այն տեսակէտը, որ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովումը: Մենք կ՛ողջունենք այն երկխօսութիւնը, որ յառաջ կը մղէ այս նպատակը», պատասխանած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:


