Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծայրայեղ Տաքի Ալիքը Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին Պիտի Շարունակուի Աշխարհի Մեծ Մասին Մէջ

July 24, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Օդերեւոյթի համաշխարհային կազմակերպութիւնը շաբաթ օր հաղորդեց. «Ծայրայեղ տաքի ալիքը օգոստոս ամսուան ընթացքին պիտի շարունակուի աշխարհի մեծ մասին մէջ»:

Անցեալ շաբաթ տաքի սաստիկ ալիք մը հարուածեց հարաւային Եւրոպան, Միացեալ Նահանգներն ու հիւսիսային Ափրիկէն: Այս ամրան ընթացքին տաքի երրորդ ալիքը հարուածեց Իտալիան, եւ երէկ ջերմաստիճանը սաստիկ բարձրացաւ Սպանիոյ մէջ, ուր ընդհանուր ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենային:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Արիզոնա նահանգի մայրաքաղաք Ֆինիքսի մէջ 70 օրէ ի վեր ջերմաստիճանը 32 աստիճանէն վար չէ իջած, եւ այդ 70 օրուան մէջ անընդմէջ երեք շաբթուան վրայ անիկա հասած է 43 աստիճանի: Թունուզի մէջ ջերմաստիճանը տարուան ներկայ շրջանի սովորական ջերմաստիճանէն 6-էն 10 աստիճան աւելի բարձր է:

Աթէնքի մէջ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ 6-էն 7 օրուան ընթացքին ջերմաստիճանը 40 աստիճանէն աւելի ըլլայ: Յունական իշխանութիւնները հաղորդեցին, որ հրշէջները կը շարունակեն Յունաստանի տարածքին 79 անտառային հրդեհներու դէմ պայքարիլ:

Միւս կողմէ, Քանատայի ատլանտեան ծովեզերքի երկայնքին 40 տարուան ընթացքին ամէնէն յորդառատը եղող անձրեւներու պատճառով յառաջացած ողողումներուն հետեւանքով 4 անձերու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:

Յորդառատ անձրեւներուն պատճառով Հարաւային Քորէայի մէջ 13 անձեր մահացան: Ողողումներ տեղի ունեցան նաեւ Հնդկաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն, Աթլանթա եւ Քենթաքի շրջաններուն մէջ:

Նշենք, որ ուրբաթ եւ շաբաթ օր Սլովենիան, Սերպիան, Խրուաթիան եւ Պոսնիան հարուածած յորդառատ անձրեւներով փոթորիկին պատճառով Սերպիոյ մէջ արձանագրուած է 3 զոհ, Սլովենիոյ մէջ` 1, իսկ Խրուաթիոյ մէջ` 4:

Աֆղանիստանի մէջ ողողումներու պատճառով արձանագրուեցաւ 26 զոհ, իսկ 40 ուրիշներու ճակատագիրը կը մնայ անյայտ:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Եւրոպայի 16 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Յաղթեց Մոլտովային

Յաջորդը

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը «Անհետացած» Է

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.