Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը «Անհետացած» Է

July 24, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Քին Կանկ շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր հրապարակաւ չէ տեսնուած, ինչ որ տեղ տուած է ենթադրութիւններու երկրի մը մէջ, ուր աւագ պաշտօնատարներու անձնական կեանքերուն շուրջ գաղտնապահութիւն գոյութիւն ունի: Այս մասին հաղորդեց «Թելեկրաֆ»-ը:

Քին Կանկը վերջին անգամ տեսնուած է 25 յունիսին` Չինաստան այցելող ռուս, սրիլանքացի եւ վիեթնամցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին: Այդ հանդիպումէն ետք ան բացակայած է շարք մը դիւանագիտական կարեւոր հանդիպումներէ, ներառեալ Հարաւարեւելեան ասիական երկիրներու ընկերակցութեան` ԱՍԷԱՆ-ի անցեալ ամիս Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքէն: Ան հաւանաբար ներկայ չգտնուի նաեւ յառաջիկայ շաբաթ Ճոհանեսպուրկի մէջ նախատեսուած ՊՐԻՔՍ-ի (Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան, Չինաստան, Հարաւային Ափրիկէ) վեհաժողովին:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ճէյմզ Քլեւըրլիի այս ամսուան սկիզբը նախատեսուած Չինաստան այցելութիւնը չէ հաստատուած, իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրաստիճան յանձնակատարի այցելութիւնը ջնջուած էր Փեքինի կողմէ:

Չինական կառավարութիւնը յայտնեց, որ Քին բացակայ է «առողջական պատճառներով», եւ երկրի աւագ դիւանագէտ Ուանկ Եին զինք պիտի փոխարինէ ԱՍԷԱՆ-ի վեհաժողովի ընթացքին:

Պատասխանելով Քինի բացակայութեան պատճառներուն մասին հարցումի մը` Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ «տրամադրելիք տեղեկութիւն չունիմ»:

Անորոշութեան պատճառով տարբեր վարկածներ դրուած են շրջանառութեան մէջ: Առաջին` որ ան չինական ղեկավարութեան մօտ իր նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցուցած է, իսկ երկրորդ` ան չինական պատկերասփիւռի զրուցավարուհի Ֆու Ժիաոթեանի հետ սիրավէպի մէջ է: Վերջինս եւս հրապարակէն անհետացած է:

 

Նախորդը

Ծայրայեղ Տաքի Ալիքը Օգոստոս Ամսուան Ընթացքին Պիտի Շարունակուի Աշխարհի Մեծ Մասին Մէջ

Յաջորդը

Ֆիտան. «Սեւ Ծովուն Ճամբով Հացահատիկի Գործարքի Շարունակութիւնը Առանց Ռուսերուն Պիտի Չըլլայ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.