Միջազգային

Քոլոնա. «Ռուսական «Վակներ»-ը Նիկերի Մէջ Զինուորական Խորհուրդի Քայլը Չղեկավարեց»

Քոլոնա. «Ռուսական «Վակներ»-ը Նիկերի Մէջ Զինուորական Խորհուրդի Քայլը Չղեկավարեց»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա յայտնեց, որ Նիկերի մէջ իր երկրին դեսպանը Նիկերի մէջ պիտի մնայ, որովհետեւ Փարիզ չի ճանչնար զինուորական խորհուրդի որոշումները: Քոլոնա ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ զինուորական խորհուրդի ղեկավար Ապտեռահման Թիանի «ռուսական «Վակներ» խմբակին ցուցմունքով չգործեց», սակայն «Մոսկուան տեղի ունեցածը շահեր ապահովելու առիթ նկատեց»: Նշենք, որ Նիկերի նոր իշխանութիւնները յետս կոչեցին Ֆրանսայի...

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնազրկուած Է Եւ Անոր Տեղ Նորը Նշանակուած

Ուքրանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնազրկուած Է Եւ Անոր Տեղ Նորը Նշանակուած

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է երկրի պաշտպանութեան նախարար Օլեքսէյ Ռեզնիքովի` պաշտօնը լքելուն մասին: Զելենսքի թելեկրամեան ալիքի վրայ նշած է, թէ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը պիտի վարէ Ուքրանիոյ Պետական գոյքի հիմնադրամի ղեկավար Ռուսթեմ Ումերով: «Օլեքսէյ Ռեզնիքովը անցած է լայնածաւալ պատերազմի աւելի քան 550 օրուան մէջէն: Նախարարութեան անհրաժեշտ են նոր մօտեցումներ եւ համագործակցութեան այլ ձեւաչափեր թէ՛ զինուորականներուն, թէ՛ ալ առհասարակ հասարակութեան հետ:...

«Ամէնէն Մօտ Ժամանակին Իսրայէլ Պիտի Այցելեմ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

«Ամէնէն Մօտ Ժամանակին Իսրայէլ Պիտի Այցելեմ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական հարստութիւններու նախարար Ալփարսլան Պայրաքտար ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց. «Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եիսրայէլ Քացի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեցի ուժանիւթի մարզին մէջ, նախ եւ առաջ բնական կազի ոլորտին մէջ երկկողմանի եւ շրջանային գործակցութեան կարելիութիւնները»: Ան նաեւ նշեց. «Ամէնէն մօտ ժամանակին Քացի` ինծի ուղղած հրաւէրին հիմամբ Իսրայէլ պիտի այցելեմ»: Քացի իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարին...

Թեհրանի Մէջ Ֆիտանի Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Ապտոլլահեան. «Կը Յայտնենք, Որ Կովկասի Տարանցման Շրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չընդունինք»

Թեհրանի Մէջ Ֆիտանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Ապտոլլահեան. «Կը Յայտնենք, Որ Կովկասի Տարանցման Շրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չընդունինք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ Թեհրանի մէջ ընդունեց իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանը, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Իրան: Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան անվտանգութեան ենթահողերուն քաջածանօթ երկու պետերը 1,5 ժամ տեւողութեամբ առանձնազրոյց ունեցան, որմէ ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած ձեւաչափով: «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ Ֆիտան Թեհրանի...

Փութին Եւ Էրտողան Այսօր Իրենց Հանդիպումի Ընթացքին «Պիտի Կեդրոնանան Սեւծովեան Հացահատիկի Գործարքին Վրայ»

Փութին Եւ Էրտողան Այսօր Իրենց Հանդիպումի Ընթացքին «Պիտի Կեդրոնանան Սեւծովեան Հացահատիկի Գործարքին Վրայ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ անոր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութին երկուշաբթի օր իրենց հանդիպումի ընթացքին պիտի կեդրոնանան սեւծովեան հացահատիկի գործարքին վրայ, որովհետեւ Թուրքիան կը ձգտի Մոսկուան վերադարձնել գործարքին: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական «Ա Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Աքիֆ Քըլըչ: «Մենք այստեղ յառաջատար դեր կը...

Ամերիկեան Դեսպանատունը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Քիւրտերուն, Եւ Վերջիններս Կը Գրաւեն Պուսէյրան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Քիւրտերուն, Եւ Վերջիններս Կը Գրաւեն Պուսէյրան

Քիւրտերու ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը երէկ գրաւեցին արեւելեան Տէր Զօրի մէջ գտնուող Պուսէյրա քաղաքը, երբ արշալոյսին սուրիական ցեղախումբերու մարտիկները հեռացան անկէ: Այս մասին հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Վերջիններս աջակցութիւն յայտնած էին Սուրիոյ ղեկավարութեան ու բանակին` ընդդէմ ամերիկեան ու թրքական բռնագրաւումներուն եւ անոնց գործակիցներուն: Ցեղախումբերը մէկ օր առաջ յայտարարած էին, որ Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հաժին գիւղը...

Էրտողան, Ալիեւ Եւ Պերտիմուհամետով  Պիտի Հանդիպին Մինչեւ Տարեվերջ

Քրեմլին Պաշտօնապէս Հաստատեց. Փութին-Էրտողան Հանդիպումը 4 Սեպտեմբերին Սոչիի Մէջ

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 4 սեպտեմբերին Սոչիի մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Բանակցութիւնները պիտի կատարուին երկուշաբթի օր` Սոչիի մէջ, օրուան երկրորդ կիսուն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Փեսքով` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու:  

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Աննախադէպ Այցելութեամբ Հասաւ Մոնկոլիա

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Աննախադէպ Այցելութեամբ Հասաւ Մոնկոլիա

Ֆրանչիսկոս պապը պատմական աննախադէպ այցելութեամբ երէկ հասաւ Մոնկոլիա, ուր զինք պատուոյ պահակագունդը դիմաւորեց աւանդական կապոյտ, կարմիր եւ դեղին տարազով: Ան այսպիսով դարձաւ պատմութեան մէջ առաջին պապը, որ Մոնկոլիա կ՛այցելէ: Ֆրանչիսկոս պապը Մոնկոլիա կ՛այցելէ առ ի զօրակցութիւն շուրջ 4 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի կաթողիկէ փոքրամասնութեան, որուն անդամներուն թիւը շուրջ 1400 է: Պապը չինական օդային տարածքէն անցնելու ընթացքին Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկին...

Իշխող «Վրացական Երազանք» Կուսակցութիւնը Նախագահ Զուրապիշվիլիի Դէմ Պաշտօնանկութեան Հոլովոյթի Սկսած Է

Իշխող «Վրացական Երազանք» Կուսակցութիւնը Նախագահ Զուրապիշվիլիի Դէմ Պաշտօնանկութեան Հոլովոյթի Սկսած Է

«Վրացական երազանք-Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութիւնը պաշտօնանկութեան հոլովոյթի սկսած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի դէմ: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք Կրուժիա»-ն` վկայակոչելով «Վրացական երազանք» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիծէն. պատճառը նախագահին կողմէ սահմանադրութեան կոպիտ խախտումն է: Զուրապիշվիլի, հակառակ կառավարութեան մերժման, 31 օգոստոսին մեկնած է եւրոպացի ղեկավարներու հետ հանդիպումի` յաջակցութիւն Վրաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելուն: Իշխող կուսակցութեան մէջ նախապէս յայտարարած էին, որ...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղած Է Իր Զօրքերը Հեռացնելու Սուրիայէն

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղած Է Իր Զօրքերը Հեռացնելու Սուրիայէն

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց իր զօրքերը դուրս բերելու Սուրիայէն` անոնց այնտեղ ներկայութիւնը անօրինական նկատելով: «Մենք ամերիկեան ուժերուն խորհուրդ կու տանք տուն վերադառնալ, մենք նաեւ խորհուրդ կու տանք ամերիկեան իշխանութիւններուն շրջանը ձգել շրջանի ժողովուրդին», յայտարարեց Ապտոլլահեան Դամասկոսի մէջ իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: Ապտոլլահեան նշած...

Կապոնի Մէջ Զինուորականները Իշխանութիւնը Խլեցին

Կապոնի Մէջ Զինուորականները Իշխանութիւնը Խլեցին

Կապոնի մէջ զինուորականները յայտարարած են, որ խլած են երկրին մէջ իշխանութիւնը, լուծարած պետական բոլոր մարմինները եւ ստեղծած Հաստատութիւններու անցման եւ վերականգնման կոմիտէ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով տեղական «Կապոն 24» պատկերասփիւռի կայանը: «Այսօր մենք` պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան ուժերս, համախմբուած ենք Հաստատութիւններու անցման եւ վերականգնման կոմիտէին մէջ, Կապոնի ժողովուրդին անունով որոշած ենք պաշտպանել խաղաղութիւնը` վերջ տալով ներկայ վարչակարգին:...

Ֆիտան Այսօր Պիտի Այցելէ Մոսկուա

Ֆիտան Այսօր Պիտի Այցելէ Մոսկուա

31 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աշխատանքային այցելութեամբ պիտի հասնի Մոսկուա` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններ վարելու նպատակով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Լաւրով եւ Ֆիտան Մոսկուայի մէջ կայանալիք բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկեն...

«Շուէտի Հետ ՕԹԱՆ-ին Անոր Անդամակցութեան Շուրջ Տարակարծութիւնները Չլուծուեցան»  Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

«Շուէտի Հետ ՕԹԱՆ-ին Անոր Անդամակցութեան Շուրջ Տարակարծութիւնները Չլուծուեցան» Կ՛ըսէ Հունգարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ յայտարարեց. «Հունգարական կառավարութիւնը երկար ատենէ ի վեր գործադրեց «տան պարտաւորութիւն»-ը, որ ունէր Շուէտի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումին նկատմամբ, եւ Շուէտի դիմումը վաւերացնելու համար փաստաթուղթը փոխանցեց խորհրդարանին, եւ աշնան սկսելիք նիստի ընթացքին կրնայ որոշում տրուիլ, երբ այս հարցին շուրջ քուէարկութիւն տեղի ունենայ»: «Մինչեւ հիմա Սթոքհոլմի հետ տարակարծութիւններու լուծումը կարելի չեղաւ», պատկերասփիւռի կայանի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց...

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Միւս Ուժերուն Վարմունքը Հիւլէական Տագնապը Կը Դարձնեն Մօտալուտ»  Կ՛ըսէ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարը

«Միացեալ Նահանգներու Եւ Միւս Ուժերուն Վարմունքը Հիւլէական Տագնապը Կը Դարձնեն Մօտալուտ» Կ՛ըսէ Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարը

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն յայտարարեց. «Քորէական ժողովրդային բանակի ծովուժը հիւլէական զսպման ուժի մէկ անբաժանելի մասը պիտի դառնայ, եւ պատրաստ պիտի ըլլայ ռազմավարական առաքելութիւն գործադրելու»: Ըն իր դստեր հետ երկրին մէջ ծովուժի օրուան առիթով ծովուժի հրամանատարութիւն այցելելու ընթացքին նշեց. «Քորէական թերակղզին շրջապատող ջուրը աւելի անկայուն դարձաւ Միացեալ Նահանգներու եւ այլ ուժերու վարմունքին պատճառով, ինչ որ հիւլէական տագնապը կը դարձնէ...

Պատասխանելով Ալիեւի` Թեհրանի Կողմէ  Երեւանին Աջակցելու Մասին Յայտարարութեան`  «Իրան Երբեք Չ՛ամրապնդեր Իր Կապերը  Դրացիի Մը Հետ` Ի Վնաս Միւսին»  Կ՛ըսէ Քենաանի

Թեհրան. «Ամերիկան Պէտք Է Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Հեռանայ Սուրիայէն»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի, խօսելով ամերիկեան ուժերու վերջին շարժումներուն մասին, յայտնեց, որ «Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը ապօրինի է»` նշելով. «Սուրիական կառավարութիւնը Ամերիկային որեւէ դիմում չներկայացուց եւ կ՛ուզէ, որ ամերիկեան ուժերը այդ երկրէն կարելի եղածին չափ շուտ հեռանան, որովհետեւ այդ ազդակները անկայունութեան եւ ապահովութեան չգոյութեան շարունակման ազդակ են»: «Ամերիկան պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ...

Հալէպի Օդակայանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հալէպի Օդակայանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիական զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ երէկ արշալոյսին Իսրայէլ Միջերկրական ծովու Լաթաքիոյ արեւմուտքը գտնուող շրջանէն յարձակում մը գործած է թիրախ դարձնելով Հալէպի միջազգային օդակայանը: Յարձակումին պատճառով վնասուած է օդակայանի էջուղին, եւ օդակայանը դադրած է գործելէ: Սուրիոյ փոխադրութեան նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ դէպի Հալէպի միջազգային օդակայան կամ այդտեղէն թռիչքները տեղափոխուած են Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ օդակայաններ:  

Զելենսքի Ըսած Է, Որ Պիտի Ուզէր Ուքրանիոյ Մէջ Նախագահական Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել

Զելենսքի Ըսած Է, Որ Պիտի Ուզէր Ուքրանիոյ Մէջ Նախագահական Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ պիտի ուզէր 2024 թուականին Ուքրանիոյ մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ են օրէնսդրական փոփոխութիւններ, քայլեր գործընկերներէ եւ միջազգային դէտեր նոյնիսկ յառաջնագիծին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուքրաինսքա փրաւտա»-ն: Մեկնաբանելով ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի դիրքորոշումը, թէ Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին 2024 թուականին, հակառակ պատերազմին,...

Ազրպէյճան Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ

Ազրպէյճան Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ

Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը 7 օգոստոս 2023-ին Եքաթերինպուրկի մէջ Թալիշ-Մուղանի Ինքնավար Հանրապետութեան կազմութեան 30-ամեակին վերաբերեալ կազմակերպուած ձեռնարկի վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է: «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան դէմ ուղղուած այս ձեռնարկի կազմակերպման վերաբերեալ դեսպանատունը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիր յղած է, իսկ դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու նամակով դիմած է Սվերտլովսքի նահանգապետ Եւկենի Քույվաշեւին` արտացոլելով Ազրպէյճանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ խիստ բողոքը: Ասոր...

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու.  Իսրայէլի Եւ Լիպիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը Բարձրագոյն Մակարդակով Համակարգուած Էր

Ըստ Իսրայէլեան Լրատուամիջոցներու. Իսրայէլի Եւ Լիպիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը Բարձրագոյն Մակարդակով Համակարգուած Էր

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Նաժլա Մանքուշի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի հանդիպումը «բարձրագոյն մակարդակներով համակարգուած էր», եւ ծրագրուած էր լուրը հրապարակել: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները նշեցին, որ լիպիական կառավարութիւնը «Իսրայէլի հետ հաղորդակցելու մէջ շահ ունի»` աւելցնելով, որ ատիկա «Արեւմուտքի մէջ անոր յարաբերութիւնները եւս յառաջ կը մղէ»: «Հաարեց» հաղորդեց, որ Լիպիոյ մէջ Իսրայէլէն խնդրած են Իսրայէլի...

Հարաւային Քորէայի, Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Իրանի Սառեցուած Հաշիւներուն Նկատառելի Մէկ Մասը Ապասառեցուած Է

Հարաւային Քորէայի, Թուրքիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Իրանի Սառեցուած Հաշիւներուն Նկատառելի Մէկ Մասը Ապասառեցուած Է

Իրանի փոխնախագահ, Իրանի մէջ ծրագրաւորման ու ամավարկի կազմակերպութեան նախագահ Տաուտ Մանզուր յայտարարեց, որ Հարաւային Քորէայի, Թուրքիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի սառեցուած հաշիւներուն նկատառելի մէկ մասը ապասառեցուած է: Ան վստահեցուց, որ այդ գումարները Կեդրոնական դրամատան պահեստի գումարներուն մէկ մասն են եւ կառավարութեան չեն պատկանիր: Մանզուր նշեց, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահը կը պնդէ, որ «կառավարութեան որդեգրած տնտեսական քայլերուն վերնախաւի շրջանակին մէջ...

Page 191 of 882 1 … 190 191 192 … 882

Արխիւներ