31 օգոստոսէն 1 սեպտեմբեր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան աշխատանքային այցելութեամբ պիտի հասնի Մոսկուա` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւններ վարելու նպատակով: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Զախարովա մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Լաւրով եւ Ֆիտան Մոսկուայի մէջ կայանալիք բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկեն բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններու ժամանակացոյցը: «Նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ շրջանին, Ուքրանիոյ, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Անդրկովկասի մէջ կացութիւնը եւ պիտի վերլուծեն ռուս-թրքական երկկողմանի համագործակցութեան վիճակը, ներառեալ ուժանիւթային ոլորտին մէջ ռազմավարական նախագիծերու իրականացումը», աւելցուցած է Զախարովա:
Ֆիտան Մոսկուա կ՛այցելէ 25 օգոստոսին Քիեւիմէջ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումէն եւ հացահատիկային գործարքը քննարկելէ ետք:
Ըստ ռուսական եւ թրքական մամուլի, սեպտեմբերի սկիզբը կը սպասուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այցելութիւնը Սոչի, ուր ան պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այցելութեան ստոյգ օրը տակաւին յայտնի չէ:


