Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Եւ Էրտողան Այսօր Իրենց Հանդիպումի Ընթացքին «Պիտի Կեդրոնանան Սեւծովեան Հացահատիկի Գործարքին Վրայ»

September 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ անոր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութին երկուշաբթի օր իրենց հանդիպումի ընթացքին պիտի կեդրոնանան սեւծովեան հացահատիկի գործարքին վրայ, որովհետեւ Թուրքիան կը ձգտի Մոսկուան վերադարձնել գործարքին: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական «Ա Հապեր» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր խորհրդական Աքիֆ Քըլըչ:

«Մենք այստեղ յառաջատար դեր կը խաղանք: Մենք ամբողջ աշխարհէն մեծ աջակցութիւն կը տեսնենք հացահատիկի միջանցքի իրականացման համար», ըսած է Քըլըչ:

«Ներկայի (հացահատիկի գործարքի) կարգավիճակը պիտի քննարկուի երկուշաբթի օրուան վեհաժողովի ընթացքին: Յոյս ունինք յաջողութեան հասնիլ, որովհետեւ ասիկա կացութիւն մըն է, որ կ՛ազդէ ամբողջ աշխարհի վրայ», յայտնած է ան:

«Անգարան ընդունած է համաձայնագիրին առնչուած թեքնիք բարդութիւնները, մասնաւորաբար, ռուսական հացահատիկին եւ վճարման մեքանիզմներուն առնչուած», ըսած է Քըլըչ` աւելցնելով. «Խնդիրը կը վերաբերի նաեւ միջազգային վճարային համակարգերուն, ինչպիսին է ՍՈՒԻՖԹ-ը, որ բազմակողմանի մարտահրաւէր կը ներկայացնէ»:

Թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր»-ը իր կարգին յայտնեց, որ հանդիպումի օրակարգի գլխաւոր նիւթը պիտի ըլլայ «հացահատիկի միջանցք»-ը, եւ կ՛ենթադրուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին երկու երկիրներու նախագահները այս հարցը սերտեն աւելի «ռազմավարական» տեսանկիւնէն:

Օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ նաեւ ռուսական կազը Թուրքիոյ տարածքով Եւրոպա փոխանցելու նախագիծը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները, ներառեալ Ուքրանիոյ պատերազմը: Կ՛ակնկալուի, որ առաջնակարգ դառնայ նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ գերիներու փոխանակման հարցը:

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս հաղորդած էր, որ 4 սեպտեմբերին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ղեկավարներուն միջեւ բանակցութիւններ տեղի պիտի ունենան:

Նախորդը

Ամերիկեան Դեսպանատունը Աջակցութիւն Կը Յայտնէ Սուրիոյ Քիւրտերուն, Եւ Վերջիններս Կը Գրաւեն Պուսէյրան

Յաջորդը

Թեհրանի Մէջ Ֆիտանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Ապտոլլահեան. «Կը Յայտնենք, Որ Կովկասի Տարանցման Շրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չընդունինք»

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.