Միջազգային

Ալիեւ-Կիւլեր Հանդիպում

Ալիեւ-Կիւլեր Հանդիպում

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդունած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը: Այս մասին հաղորդած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Ալիեւ Եաշար Կիւլերի Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակումը գնահատած է իբրեւ «Թուրքիոյ նախագահի մեծ վստահութիւն» եւ «անոր յաջողութիւն մաղթած իր պարտականութիւններու կատարման գործին մէջ»: Եաշար Կիւլեր ընդգծած է. «Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հեռատեսութեան եւ վճռականութեան շնորհիւ Ազրպէյճանը դարձած է միջազգային ընտանիքի կարեւոր եւ...

Դանիան Որոշած Է Քրէականացնել Սուրբ Գիրքերու Հրկիզումը Կամ Պղծումը

Դանիան Որոշած Է Քրէականացնել Սուրբ Գիրքերու Հրկիզումը Կամ Պղծումը

Դանիոյ իշխանութիւնները որոշած են քրէականացնել սուրբ գիրքերու, ներառեալ Քորանը, Աստուածաշունչը եւ Թորան, հրապարակաւ այրելը կամ պղծելը: Այս մասին յայտարարած է Դանիոյ արդարադատութեան նախարար Փիթեր Հումելկաարտը: Որոշումը տրուած է այդ երկրին մէջ Քորանի հրկիզման քանի մը դէպքերէ ետք, որոնք բողոքի ալիք յարուցած էին իսլամական երկիրներու մէջ: Դանիացի պաշտօնատարին համաձայն, նման քայլերը այսուհետեւ պիտի պատժուին մինչեւ երկու տարուան բանտարկութեամբ կամ տուգանքով: Հումելկաարտը...

Փրիկոժինի Մահանալը Պաշտօնապէս Հաստատուած Է

Փրիկոժինի Մահանալը Պաշտօնապէս Հաստատուած Է

Ռուսիոյ քննչական կոմիտէն աւարտած է Տուերի մարզին մէջ տեղի ունեցած օդանաւային արկածէն ետք բջիջային ծինային հետազօտութիւնները: Ռուսիոյ Քննչական կոմիտէի մամլոյ ծառայութիւնը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ բոլոր մահացածներուն ինքնութիւնը յստակացուած է, անոնք կը համապատասխանեն յայտարարուած ցուցակին, որուն մէջ ընդգրկուած է նաեւ «Վակներ» զինուորական սեփական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժին: «Տուերի մարզին մէջ օդանաւային արկածի հետաքննութեան ծիրին մէջ աւարտած են բջիջային...

Ռիատ Հիւլէական Կայանի Կառուցման Չինական Առաջարկ Մը Կը Սերտէ

Ռիատ Հիւլէական Կայանի Կառուցման Չինական Առաջարկ Մը Կը Սերտէ

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան երկրին մէջ հիւլէական կայան մը կառուցելու չինական առաջարկ մը կը սերտէ: Հարցէն տեղեակ սէուտցի պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ այդ քայլին «նպատակը Պայտընի վարչակարգին վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի Ռիատի հիւլէական ուժանիւթ ձեռք ձգելու ձգտումին Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեան համար իր պայմաններէն զիջումներ կատարէ»` նշելով, որ Ռիատ կը ձգտի «Միջին Արեւելքի մէջ իր...

Ըստ Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու.  Փրիկոժինի Օդանաւին Մէջ, Ամենայն Հաւանականութեամբ, Պայթում Տեղի Ունեցած Է

Ըստ Ամերիկեան Լրատուամիջոցներու. Փրիկոժինի Օդանաւին Մէջ, Ամենայն Հաւանականութեամբ, Պայթում Տեղի Ունեցած Է

«Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան ղեկավար Եւկենի Փրիկոժինին պատկանող օդանաւին մէջ տեղի ունեցած է պայթում, որ յանգեցուցած է օդանաւի կործանման: Այս մասին գրած է «Նիւ Եորք «Թայմզ»-ը: Ըստ օրաթերթին, ամերիկեան եւ արեւմտեան այլ պաշտօնատարներ յայտնած են, որ օդանաւին մէջ, ամենայն հաւանականութեամբ, պայթում տեղի ունեցած է: «Պայթումը կրնար ըլլալ օդանաւին մէջ տեղադրուած ռումբի կամ այլ սարքի պատճառով, թէեւ նկատի կ՛առնուին այլ վարկածներ,...

Թրամփ Ճորճիայի Մէջ Ներկայացած Է Ոստիկանատուն, Սակայն 20 Վայրկեան Ետք Լքած Է Բանտը

Թրամփ Ճորճիայի Մէջ Ներկայացած Է Ոստիկանատուն, Սակայն 20 Վայրկեան Ետք Լքած Է Բանտը

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ հինգշաբթի հասած է Ճորճիայի Ֆոլթըն շրջանի ոստիկանատուն` յանձնուելու իշխանութիւններուն եւ ընտրութիւններուն միջամտելու համար կալանաւորման պաշտօնական հոլովոյթէն անցնելու: Թրամփի` 10 մեքենաներէ բաղկացած շարասիւնը բանտ հասած է տեղական ժամանակացոյցով ժամը 19:34-ին` Աթլանթայի օդակայանին մէջ էջք կատարելէ կէս ժամ ետք: Բանտին մէջ զինք պէտք է խուզարկէին, լուսանկարէին եւ վերցնէին մատնահետքերը: Նախապէս փաստաբանները կրցած են դատախազին հետ համաձայնիլ...

Էրտողան-Փութին Հանդիպում Կը Նախատեսուի Սոչիի Մէջ Հաւանաբար 4 Սեպտեմբերին

Էրտողան-Փութին Հանդիպում Կը Նախատեսուի Սոչիի Մէջ Հաւանաբար 4 Սեպտեմբերին

Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը կը նախատեսուի Սոչիի մէջ, իսկ հաւանական օրը 4 սեպտեմբերն է, ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Թուրքիոյ դիւանագիտական աղբիւրը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչ այդ չէին նշեր Էրտողանի այցելութեան թուականը: Ինք` թուրք ղեկավարը, չէր բացառած սեպտեմբերին Փութինի հետ հանդիպումը: «Միլլիեթ» օրաթերթը հինգշաբթի օր հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան...

«Վակներ»-ի Հիմնադիրն ու Հրամանատարը Տեղափոխող Օդանաւը Ջախջախուեցաւ

«Վակներ»-ի Հիմնադիրն ու Հրամանատարը Տեղափոխող Օդանաւը Ջախջախուեցաւ

23 օգոստոսի երեկոյեան Ռուսիոյ Տուեր մարզին մէջ Մոսկուայէն դէպի Ս. Փեթերսպուրկ թռիչք կատարող «Էմպրայէր-135» տիպի սեփական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ, որուն հետեւանքով մահացան 10 անձեր, որոնց շարքին` «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութեան հիմնադիր Եւկենի Փրիկոժինն ու «Վակներ»-ի հրամանատար Տմիթրի Ութքինը: Հրապարակուեցան օդանաւին մէջ եղած ճամբորդներու եւ անձնակազմի անդամներուն անունները: Անոնց շարքին են Սերկէյ Փրոփուսթինը, Եւկենի, Մակարեանը, Ալեքսանտր Թոթմինը, Վալերի Չեքալովը, Տմիթրի Ութքինը,...

Նորվեկիան Որոշած Է Ուքրանիոյ «Էֆ-16»-ներ Տրամադրել

Նորվեկիան Որոշած Է Ուքրանիոյ «Էֆ-16»-ներ Տրամադրել

Նորվեկիան որոշած է «ԷՖ-16» հալածիչներ տրամադրել Ուքրանիոյ: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին հաղորդած է նորվեկիական «Թի.Վի.2» պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով անանուն աղբիւրները: Առայժմ չի նշուիր, թէ Նորվեկիան քանի՛ օդանաւ պիտի տրամադրէ: Երէկ, նախքան այդ, Նորվեկիոյ վարչապետը Քիեւ կատարած այցելութեան ընթացքին ըսած էր, որ Նորվեկիան հակաօդային հրթիռներ եւ ականազերծման սարքեր պիտի ուղարկէ Ուքրանիա եւ պիտի օգնէ պատերազմէն վնասուած երկրին ապահովելու...

ՊՐԻՔՍ-ը Սէուտական Արաբիան, Իրանը Եւ Եգիպտոսը Հրաւիրած Է Իրեն Անդամակցելու

ՊՐԻՔՍ-ը Սէուտական Արաբիան, Իրանը Եւ Եգիպտոսը Հրաւիրած Է Իրեն Անդամակցելու

Զարգացող մեծ պետութիւններու շուկաները կը պատրաստուին Սէուտական Արաբիան` աշխարհի վրայ քարիւղ արտածող մեծագոյն երկիրն ու այլ երկիրներ իրենց պլոքին միանալու հրաւիրելու` ջանալով միջազգային իրենց ազդեցութիւնը ընդլայնել: Այս մասին հաղորդեց «Պլումպըրկ»-ը: Լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով հաւաստի աղբիւրներու հաղորդեց, որ Պրազիլի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի ղեկավարները այս շաբաթ Ճոհանեսպուրկի մէջ իրենց գումարած վեհաժողովի ընթացքին համաձայնած են ընդլայնել ՊՐԻՔՍ-ը, ինչ որ...

Չինաստանն ու Հարաւային Քորէան Արձագանգած Են «Ֆուքոշիմա-1» Հիւլէական Կայանէն Ջուրի Բացթողման

Չինաստանն ու Հարաւային Քորէան Արձագանգած Են «Ֆուքոշիմա-1» Հիւլէական Կայանէն Ջուրի Բացթողման

Ասիական երկիրները կը քննադատեն «Ֆուքոշիմա-1» հիւլէական կայանէն շողարձակ ջուրի Խաղաղական ովկիանոս բացթողումը, որ Ճափոնի իշխանութիւնները սկսած են 24 օգոստոսին: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը գրէ «Տէօչէ Վելլէ»-ի ռուսական ծառայութիւնը` վկայակոչելով Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: «Ովկիանոսը ամբողջ մարդկութեան հասարակաց սեփականութիւնն է, եւ «Ֆուքոշիմա»-ի հիւլէական կեղտոտ ջուրի հարկադիր բացթողումը չափազանց եսասիրական ու անպատասխանատու գործունէութիւն է, որ կ՛անտեսէ միջազգային ընտանիքի շահերը», յայտարարած...

«Պազումի Նիկերի Մէջ Իշխանութեան Վերադառնալը Անկարելի Կը Թուի» Կ՛ըսէ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի Պատուիրակը

«Պազումի Նիկերի Մէջ Իշխանութեան Վերադառնալը Անկարելի Կը Թուի» Կ՛ըսէ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի Պատուիրակը

Նիկերի մօտ ԷՔՕՈՒԱՍ-ի պատուիրակ, Նիկերիոյ նախկին նախագահ Ապտելսալամ Ապու Պաքր յայտնեց. «Զինուորական խորհուրդին հետ խորհրդակցութիւնները ցոյց տուին, որ պաշտօնազրկուած նախագահ Մուհամետ Պազումի իշխանութեան վերադարձը անկարելի է»: Ան նշեց, որ 26 յուլիսէն ի վեր Նիկերի իշխող զինուորական խորհուրդի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւնները «շատ արդիւնաւէտ էին», սակայն աւելցուց, որ այդ նախնական խորհրդակցութիւններէն ետք, նախագահ Մոհամետ Պազումի իշխանութեան վերադարձը անկարելի կը թուի, իսկ մնացեալ...

Ֆրանսական Բանակը Կը Հերքէ, Թէ Նիկերի Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Կատարելու Համար Ալճերիական Օդային Տարածքի Օգտագործման Դիմում Ներկայացուցած Է

Ֆրանսական Բանակը Կը Հերքէ, Թէ Նիկերի Դէմ Զինուորական Գործողութիւն Կատարելու Համար Ալճերիական Օդային Տարածքի Օգտագործման Դիմում Ներկայացուցած Է

Ֆրանսական բանակը հերքեց, թէ Նիկերի դէմ զինուորական գործողութիւն կատարելու համար ալճերիական օդային տարածքը օգտագործելու վերաբերեալ դիմում ներկայացուցած է: Ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ Թիերի Պուրքար յայտնեց. «Ֆրանսան Նիկերի մէջ զինուորական գործողութեան համար ալճերիական օդային տարածքի օգտագործման դիմում չներկայացուց»: Ալճերիոյ պետական ձայնասփիւռի կայանը նախապէս իր տեղեկութիւնը հաստատ եւ հաւաստի աղբիւրներու վերագրելով հաղորդած էր. «Նիկերի մէջ զինուորական միջամտութիւնը արդէն մօտալուտ է, եւ զինուորական...

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Հացահատիկի Գործարքին Վերադառնալու, Եթէ Գործընկերները Կատարեն Բոլոր Պարտաւորութւնները»

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Հացահատիկի Գործարքին Վերադառնալու, Եթէ Գործընկերները Կատարեն Բոլոր Պարտաւորութւնները»

Ռուսիան պատրաստ է հացահատիկի գործարքին մասնակցութեան վերադառնալու, սակայն միայն իր նկատմամբ ստանձնուած բոլոր պարտաւորութիւններու իրական կատարման պարագային: Այս մասին ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «18 յուլիսէն մենք հրաժարած ենք այս, այսպէս կոչուած, գործարքի հետագայ երկարաձգումէն եւ պատրաստ պիտի ըլլանք վերադառնալու: Սակայն վերադառնալ` միայն ռուսական կողմին նկատմամբ հանդէպ բոլոր պարտաւորութիւններու փաստացի կատարման պարագային»,...

Թուրք Կիպրացիները ՄԱԿ-ը Կ՛ամբաստանեն Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերուն Կողմնակալութեան Յանցանքով

Թուրք Կիպրացիները ՄԱԿ-ը Կ՛ամբաստանեն Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերուն Կողմնակալութեան Յանցանքով

Բռնագրաւեալ Հիւսիսային Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ը ամբաստանեց իր դէմ կողմնակալութեան յանցանքով` անցեալ շաբաթ ճամբու կուպրապատման ծրագիրի մը պատճառով տարիներէ ի վեր ամէնէն վտանգաւոր դէպքին հարցով: Այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Վերջին դէպքը անգամ մը եւս երեւան բերաւ Կիպրոսի մէջ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ առաքելութեան կողմնակալ դիրքորոշումը»: Թուրք կիպրացիներն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ...

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնն Ու Անվտանգութեան Հարցեր

Ազրպէյճանի Եւ Իրանի Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Տիրող Կացութիւնն Ու Անվտանգութեան Հարցեր

22 օգոստոսին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար գնդապետ-զօրավար Զաքիր Հասանովի եւ Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Հիւսէյն Պաղերի միջեւ: Այս մասին յայտնած են ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Կողմերը «միտքերու հանգամանալի փոխանակում կատարած են շրջանին մէջ տիրող կացութեան եւ անվտանգութեան հարցերու շուրջ»: Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են նաեւ «երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները»: Պաղերի պաշտօնական...

Յունաստանի Մէջ Մէկ Օրուան Մէջ Անտառային Հրդեհներու 93 Օճախ Յառաջացած Է

Յունաստանի Մէջ Մէկ Օրուան Մէջ Անտառային Հրդեհներու 93 Օճախ Յառաջացած Է

Յունաստանի մէջ մէկ օրուան մէջ անտառային հրդեհներու աւելի քան 90 նոր օճախ յառաջացած է` հիմնականին մէջ տաք եղանակին եւ ուժեղ քամիին պատճառով: «Նիուզ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է հրշէջ ծառայութեան մամլոյ ծառայութեան ներկայացուցիչ Եանիս Արթոփիոս: «Վերջին մէկ օրուան մէջ արձանագրուած է 93 նոր բնական հրդեհ: Անոնց մեծ մասը անմիջապէս մարուած է», ըսած է Արթոփիոս: Յունաստանի հիւսիս-արեւելքը  գտնուող Ալեքսանտրուփոլիս...

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Երկուշաբթի ուշ գիշերին սուրիացի զինուոր մը վիրաւորուեցաւ, երբ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին վրայ իսրայէլեան հրթիռային յարձակում կատարուեցաւ: Այս մասին հաղորդեց ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին յայտնած է, որ Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն հրթիռային յարձակում մը գործած է` թիրախ դարձնելով Դամասկոսի մերձակայքը, եւ սուրիացի զինուոր մը վիրաւորած է ու նիւթական վնասներ պատճառած: Զինուորական աղբիւր մը «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան յայտնած...

Ապտալլա Անզի Նշանակուած Է Իրանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

Ապտալլա Անզի Նշանակուած Է Իրանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան

Օմանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ապտալլա պըն Սէուտ Անզի նշանակուած է Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպան: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը: Աղբիւրներ «Մեհր»-ին յայտնած են, որ Անզիի` Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանի պաշտօնին թեկնածութեան որդեգրումը ցոյց կու տայ, որ երկու կողմերուն մօտ փափաք կայ ապագային տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, որովհետեւ ան տնտեսական մեծ անձնաւորութիւն է: Իրանի...

Ալճերիան Կը Մերժէ Նիկերը Հարուածելու Համար Իր Օդային Տարածքը Օգտագործելու Ֆրանսայի Դիմումը

Ալճերիան Կը Մերժէ Նիկերը Հարուածելու Համար Իր Օդային Տարածքը Օգտագործելու Ֆրանսայի Դիմումը

Ալճերիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ալճերիական իշխանութիւնները մերժած են Ալճերիոյ օդային տարածքը Նիկերին վրայ յարձակում գործելու համար օգտագործելու Ֆրանսայի դիմումը: «Ֆրանսան կը պատրաստուի գործադրելու Նիկերի զինուորական խորհուրդին դէմ իր սպառնալիքները զինուորական միջամտութիւն կատարելու, եթէ նախագահ Մոհամետ Պազում ազատ չարձակուի», նշեց պատկերասփիւռի կայանը: «Ալճերիան միշտ ալ ուժի կիրարկման դէմ եղած է, եւ չընդառաջեց Նիկերի վրայ յարձակում գործելու համար ալճերիական օդային...

Page 192 of 882 1 … 191 192 193 … 882

Արխիւներ