Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց իր զօրքերը դուրս բերելու Սուրիայէն` անոնց այնտեղ ներկայութիւնը անօրինական նկատելով:
«Մենք ամերիկեան ուժերուն խորհուրդ կու տանք տուն վերադառնալ, մենք նաեւ խորհուրդ կու տանք ամերիկեան իշխանութիւններուն շրջանը ձգել շրջանի ժողովուրդին», յայտարարեց Ապտոլլահեան Դամասկոսի մէջ իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի հետ բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:
Ապտոլլահեան նշած է, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են «Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրքերու անօրինական ներկայութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով», իսրայէլեան հարուածները սուրիական տարածքին, ներառեալ 28 օգոստոսին Հալէպի միջազգային օդակայանին դէմ իսրայէլեան օդային հարուածը:
«Սիոնական վարչակարգի յանցաւոր արարքներէն ոչ մէկը անպատասխան պիտի մնայ», ընդգծած է Ապտոլլահեան:
Մըքտատ իր կարգին ըսած է, որ Միացեալ նահանգները եւ արեւմտեան միւս պետութիւնները կը շարունակեն իրենց յարձակողական քաղաքականութիւնը Իրանի եւ Սուրիոյ դէմ, մասնաւորաբար` «ներդրումները ահաբեկչութեան մէջ իրենց քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար», աւելցնելով, որ Իրանի եւ Սուրիոյ ժողովուրդները կը մնան անսասան, եւ այդ հասարակաց դիրքորոշումը անոնց յաղթանակ պիտի բերէ:
«Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու մեր միակ պահանջը անոր ուժերու մեր բոլոր հողերէն ամբողջական հեռացումն է», ըսաւ Մըքտատ:
Ան ըսաւ, որ ամերիկեան զինուորական կուտակումներուն նպատակը սուրիական պետութեան վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի ետ կանգնի իր կեցուածքներէն, «ինչ որ չիրականացաւ»:
«Իրաք մեզի վստահեցուց, որ իր հողերէն Սուրիոյ դէմ յարձակումի շղթայազերծում պիտի չարտօնէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Վստահ ենք, որ Իրաք Միացեալ Նահանգներուն ու անոնց այսպէս կոչուած դաշինքին պիտի չարտօնէ ազդել Սուրիա-Իրաք յարաբերութիւններուն վրայ»:
«Միացեալ Նահանգներ անկարող են իրենց սպառնալիքները գործադրել, եւ եթէ ուզեն գործադրել այն, ինչ որ լրատուամիջոցներու ճամբով կը լսենք, ապա Սուրիոյ տոկունութեան պիտի բախի», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան երէկ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, եւ անոր հետ քննարկեց երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նշեց. «Թեհրան բոլոր կողմերուն Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը կ՛ընդգծէ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Ապտոլլահեան Ասատին յանձնեց նախագահ Ռայիսիի Թեհրան այցելելու հրաւէրը»:
Նախարարութիւնը նաեւ յայտնեց. «Ասատ կ՛ողջունէ շրջանին մէջ արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու Իրանի նախաձեռնութիւնը, եւ զայն ռազմավարական քայլ կը նկատէ»: