Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի Ըսած Է, Որ Պիտի Ուզէր Ուքրանիոյ Մէջ Նախագահական Եւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ Կատարել

August 29, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է, որ պիտի ուզէր 2024 թուականին Ուքրանիոյ մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարել, սակայն ատոր համար անհրաժեշտ են օրէնսդրական փոփոխութիւններ, քայլեր գործընկերներէ եւ միջազգային դէտեր նոյնիսկ յառաջնագիծին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ուքրաինսքա փրաւտա»-ն:

Մեկնաբանելով ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի դիրքորոշումը, թէ Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւնները պէտք է կատարուին 2024 թուականին, հակառակ պատերազմին, Զելենսքի նշած է, որ անձամբ խօսած է Կրահամի հետ:

Ուքրանիոյ նախագահը խոստովանած է, որ Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններու հարցը մէկն է այն հարցերէն, որոնք կրնան «պառակտել Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը», եւ փաստարկը այն է, որ Միացեալ Նահանգները նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ ընտրութիւններ կատարած են: Սակայն, ան յիշեցուցած է, որ օրէնքով արգիլուած է Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի ժամանակ ընտրութիւններ կատարել:

«Տրամաբանութիւնը այն է, որ եթէ կը պաշտպանես ժողովրդավարութիւնը, ապա նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ պէտք է մտածել այդ պաշտպանութեան մասին: Ընտրութիւնները պաշտպանութեան միջոցներէն են. սակայն միայն այն չէ, որ պատերազմի ժամանակ, ըստ օրէնքի, ընտրութիւնները արգիլուած են, զանոնք կատարելը շատ դժուար է:

«Իմ պատասխանս շատ պարզ էր, եւ ես շատ արագ ձեւակերպեցի զայն, եւ ան շատ գոհ էր: Եթէ մեր խորհրդարանականները պատրաստ ըլլան, որովհետեւ մեզի անհրաժեշտ են օրէնսդրութեան, ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններ, որպէսզի ատիկա արագ ընենք:

«Ես նաեւ անոր ըսի, որ եթէ դուք պատրաստ էք ինծի 5 միլիառ տալու, որովհետեւ ես չեմ կրնար պիւտճէէն ուղղակի 5 միլիառ վերցնել, ինծի կը թուի, որ ատիկա այն գումարն է, որ անհրաժեշտ է բնական ժամանակ ընտրութիւններ կատարելու համար, սակայն պատերազմի ժամանակ չեմ գիտեր որքա՛ն պիտի կազմէ գումարը. եթէ Միացեալ Նահանգները Եւրոպայի հետ միասին մեզի ֆինանսական աջակցութիւն ցուցաբերեն, (այն ժամանակ Ուքրանիան ընտրութիւններ կը կատարէ)», ըսած է Զելենսքին:

Ուքրանիոյ նախագահը աւելցուցած է, որ Արեւմուտքը եւ նախ եւ առաջ Եւրոպան պէտք է 7 միլիոն ուքրանացի գաղթականներու համար քուէարկութեան կարելիութիւն ստեղծեն, որովհետեւ Ուքրանիան նման ենթակառուցային կարելիութիւններ չունի: Կարելի չէ գաղթականները զրկել ընտրելու իրաւունքէն:

Զելենսքիի համաձայն, իրեն տակաւին ոչ ոք ցոյց տուած է, թէ առաջնագիծին վրայ գտնուող զինուորներու եւ արտասահման գտնուող գաղթականներու համար ընտրութիւնները ինչպէ՛ս պէտք է կազմակերպել:

Դաշնակիցները Ուքրանիոյ Պիտի Չաջակցին, Եթէ Մարտական
Գործողութիւնները Ռուսիոյ Տարածք Տեղափոխէ

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութենէն յայտնած են, որ Զելենսքին ուքրանացի լրագրող Նաթալիա Մոսէյչուքի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ արեւմտեան դաշնակիցները, որոնք Ռուսիոյ դէմ պայքարին մէջ կ՛օգնեն Քիեւին, պիտի չաջակցին Քիեւին, եթէ մարտական գործողութիւնները Ռուսիոյ տարածք տեղափոխուին:

«Կայ մեծ վտանգ, որ այդ պարագային մենք, հաստատ, մինակ պիտի մնանք», ըսած է ան:

Անոր համաձայն, դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւնները «վճռորոշ կերպով Ուքրանիոյ օգնած են իր տարածքը վերադարձնելու պայքարին մէջ»:

Զելենսքի նաեւ ըսած է, որ յառաջընթացը եւ մարտի դաշտին մէջ տեղի ունեցածին համար պատասխանատուութիւնը «միշտ երկկողմանի են»` աւելցնելով, որ միջազգային գործընկերները Քիեւի որեւէ յաղթանակի կամ հակայարձակման յետաձգման մաս կը կազմեն:

Ուքրանիոյ նախագահին համաձայն, արեւմտեան դաշնակիցները կը հասկնան հակայարձակման հետ առնչուած բոլոր դժուարութիւնները:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Բողոքագիր Յղած Է Ռուսիոյ

Յաջորդը

Հալէպի Օդակայանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.