Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատունը 7 օգոստոս 2023-ին Եքաթերինպուրկի մէջ Թալիշ-Մուղանի Ինքնավար Հանրապետութեան կազմութեան 30-ամեակին վերաբերեալ կազմակերպուած ձեռնարկի վերաբերեալ յայտարարութիւն հրապարակած է:
«Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան դէմ ուղղուած այս ձեռնարկի կազմակերպման վերաբերեալ դեսպանատունը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքագիր յղած է, իսկ դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու նամակով դիմած է Սվերտլովսքի նահանգապետ Եւկենի Քույվաշեւին` արտացոլելով Ազրպէյճանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ խիստ բողոքը: Ասոր զուգահեռ Եքաթերինպուրկի մէջ գործող «Ազրպէյճան-Ուրալ» հասարակական ազգային-մշակութային կազմակերպութեան ղեկավար Շախին Շիխլինսքի դիմումներ յղած է քաղաքի համապատասխան վարչական մարմիններուն:
«Ռուսական կողմի ուշադրութեան յանձնուած է, որ նման սադրիչ բնոյթի ձեռնարկի կազմակերպումը եւ ատոր Եքաթերինպուրկի քաղաքային տումայի նախագահ Իկոր Վոլոտինի հիւրի կարգավիճակով մասնակցիլը անընդունելի է, Ռուսիոյ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչի այս քայլը անջատողականութեան քարոզում է եւ հիմնովին կը հակասէ Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային համագործակցութեան ոգիին, ինչպէս նաեւ կը վնասէ երկկողմանի համագործակցութեան:
«Հաստատակամ խնդրանք ներկայացուած է` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու Իկոր Վոլոտինի եւ այս ձեռնարկի կազմակերպիչներուն դէմ, ինչպէս նաեւ քայլերու ձեռնարկելու` ապագային Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան դէմ ուղղուած նման սադրիչ քայլերը կանխարգիլելու համար:
«Դեսպանատունը այս պահուս կը սպասէ ռուսական կողմի պաշտօնական պատասխանին», նշուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ:


