Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի, խօսելով ամերիկեան ուժերու վերջին շարժումներուն մասին, յայտնեց, որ «Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը ապօրինի է»` նշելով. «Սուրիական կառավարութիւնը Ամերիկային որեւէ դիմում չներկայացուց եւ կ՛ուզէ, որ ամերիկեան ուժերը այդ երկրէն կարելի եղածին չափ շուտ հեռանան, որովհետեւ այդ ազդակները անկայունութեան եւ ապահովութեան չգոյութեան շարունակման ազդակ են»:
«Ամերիկան պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ հեռանայ Սուրիայէն` միջազգային օրէնքին եւ սուրիական կառավարութեան պահանջին հիմամբ», յայտարարեց Քենաանի` աւելցնելով. «Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերու ներկայութիւնը ապօրինի է եւ կ՛ոտնահարէ կարգ ու կանոնը եւ կայունութիւնը»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ անդրադարձաւ իմամ Մուսա Սատըրի ճակատագիրին եւ յայտարարեց. «Իրան կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այդ հարցին, եւ անոր անձնաւորութիւնն ու Լիբանանի, Պաղեստինի եւ շրջանի երկիրներուն մէջ անոր ծառայութիւնները չեն մոռցուիր»:
«Լիբանանի եւ Լիպիոյ կառավարութիւնները այդ առնչութեամբ համաձայնութիւններ ունին, եւ կ՛ակնկալենք, որ Լիպիան մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնէ այս հարցին», ըսաւ ան:
Քենաանի նաեւ յայտարարեց. «Իրաք համաձայն գտնուեցաւ փակելու իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ ընդդիմադիր իրանցի քիւրտերու կեդրոնատեղիները»:


