Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխող «Վրացական Երազանք» Կուսակցութիւնը Նախագահ Զուրապիշվիլիի Դէմ Պաշտօնանկութեան Հոլովոյթի Սկսած Է

September 2, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Վրացական երազանք-Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութիւնը պաշտօնանկութեան հոլովոյթի սկսած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի դէմ: Այս մասին կը գրէ «Սփութնիք Կրուժիա»-ն` վկայակոչելով «Վրացական երազանք» կուսակցութեան նախագահ Իրաքլի Քոպախիծէն. պատճառը նախագահին կողմէ սահմանադրութեան կոպիտ խախտումն է:

Զուրապիշվիլի, հակառակ կառավարութեան մերժման, 31 օգոստոսին մեկնած է եւրոպացի ղեկավարներու հետ հանդիպումի` յաջակցութիւն Վրաստանի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելուն: Իշխող կուսակցութեան մէջ նախապէս յայտարարած էին, որ ատիկա սահմանադրութեան խախտում է, ինչ որ կը հանդիսանայ պաշտօնանկութեան երկու հիմնական պատճառներէն մէկը:

«Ինչպէս գիտէք, Վրաստանի նախագահ տիկին Սալոմէ Զուրապիշվիլի կոպտօրէն խախտած է Վրաստանի Սահմանադրութիւնը եւ առանց կառավարութեան համաձայնութեան շարք մը արտասահմանեան երկիրներ այցելութիւններու ձեռնարկած է: Ըստ Վրաստանի սահմանադրութեան, միայն Վրաստանի կառավարութիւնը լիազօրուած է կատարելու երկրի թէ՛ ներքին, թէ՛ ալ արտաքին քաղաքականութիւնը», լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Քոպախիծէ` շեշտելով, որ երկրին Սահմանադրութեամբ միայն կառավարութեան համաձայնութեան պարագային նախագահը կրնար նման այցելութիւններ կատարել:

Քոպախիծէի համաձայն, Վրաստանի սահմանադրութիւնը նման խախտումին արձագանգելու միայն մէկ արդիւնաւէտ իրաւական մեքանիզմ կը նախատեսէ` պաշտօնանկութիւնը:

«Վրացական երազանք»-ի նախագահը նաեւ աւելցուցած է, որ պաշտօնանկութեան հոլովոյթին համար անհրաժեշտ է 100 երեսփոխանի աջակցութիւն, եւ, համապատասխանաբար, առանց արմատական ընդդիմութեան ձայներու պաշտօնանկութիւնը կարելի չէ:

«Հակառակ ատոր, կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին մենք որոշեցինք Վրաստանի նախագահին նկատմամբ պաշտօնանկութեան հոլովոյթի սկսիլ», աւելցուցած է ան:

Նախագահի պաշտօնանկութեան համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի անդամներուն 2/3-ի համաձայնութիւնը: Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ունի ընդամէնը 84 աթոռ, մինչդեռ պաշտօնանկութեան համար անհրաժեշտ է 100 քուէ:

 

Նախորդը

Թենիս. «Եու. Էս. Օփըն». Ալքարաս Եւ Մետվետեւ Ապահովեցին Գ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Աննախադէպ Այցելութեամբ Հասաւ Մոնկոլիա

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.