Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթօ յայտարարեց. «Հունգարական կառավարութիւնը երկար ատենէ ի վեր գործադրեց «տան պարտաւորութիւն»-ը, որ ունէր Շուէտի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դիմումին նկատմամբ, եւ Շուէտի դիմումը վաւերացնելու համար փաստաթուղթը փոխանցեց խորհրդարանին, եւ աշնան սկսելիք նիստի ընթացքին կրնայ որոշում տրուիլ, երբ այս հարցին շուրջ քուէարկութիւն տեղի ունենայ»:
«Մինչեւ հիմա Սթոքհոլմի հետ տարակարծութիւններու լուծումը կարելի չեղաւ», պատկերասփիւռի կայանի հետ զրոյցի ընթացքին նշեց Սիարթօ` ափսոսանք յայտնելով, որ Պուտափեշտը դարձած է «զոհը միջազգային քաղաքական հռետորաբանութեան, որ կ՛օգտագործուի Հունգարիոյ ներքին քաղաքական կեանքին միջամտելու համար»:
Ան ըսաւ, որ իր երկիրը Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը պիտի չխոչընդոտէ եւ Թուրքիոյ հետ այդ հարցին շուրջ մնայուն խորհրդակցութեան մէջ է:
«Հունգարիան` նկատի ունենալով, որ ՕԹԱՆ-ի մէջ Թուրքիոյ դաշնակիցն է, Թուրքիոյ դիրքորոշումն ու շահերը նկատի կ՛ունենայ, որովհետեւ պաշտպանական զինուորական դաշինքը պէտք է վստահութեան վրայ հիմնուած ըլլայ», յայտնեց հունգարական դիւանագիտութեան պետը:


