Միջազգային

Քիմ Եոնկ Ըն Փութինը  Հրաւիրած Է Հիւսիսային Քորէա

Քիմ Եոնկ Ըն Փութինը Հրաւիրած Է Հիւսիսային Քորէա

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Հիւսիսային Քորէա: Այս մասին կը հաղորդէ «Վետոմոսթի»-ն: «Պաշտօնական ճաշէն ետք Քիմ Եոնկ Ընը նախագահ Փութինը սիրով հրաւիրած է յարմար ժամանակ այցելելու Ժողովրդային Ժողովրդավարական Քորէայի Հանրապետութիւն», յայտնած է Քորէայի կեդրոնական հեռագրային գործակալութիւնը: Ըստ գործակալութեան, Փութին ընդունած է հրաւէրը: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով 13 սեպտեմբերին յայտարարած էր, որ Փութինի...

«Կայսերապաշտութեան Դէմ  Պատերազմը Միասին Պիտի Մղենք»  Փութինին Կ՛ըսէ Ըն

«Կայսերապաշտութեան Դէմ Պատերազմը Միասին Պիտի Մղենք» Փութինին Կ՛ըսէ Ըն

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն երէկ իր սեփական զրահապատ գնացքով հասաւ Ռուսիա եւ «Ամոր» շրջանին մէջ գտնուող «Վոսթոշնի» անջրպետական ռազմակայանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Փութին յայտնեց, որ այս ժողովը կարեւոր էր` «խօսելու համար տնտեսական համագործակցութեան, մարդասիրական հարցերու եւ շրջանի կացութեան մասին»: Ան իր խօսքը Ընին ուղղելով ըսաւ. «Մեր ժողովը իւրայատուկ պահու կը գումարուի… Ռուսիոյ եւ...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Իր Մօտ Կանչեց Ուքրանիոյ Ժամանակաւոր Գործավարը`  Բողոքելու Համար Քիեւի Մէջ Սադրիչ Արարքի Մը Դէմ

«Մոսկուան Դիւանագիտական Քայլ Կատարած Է Պաքուի Դէմ` Նոր Շրջաններու Մէջ Ընտրութիւններու Մասին Յայտարարութիւններու Պատճառով» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիան Ազրպէյճանի դէմ դիւանագիտական քայլ կատարած է` Ռուսիոյ չորս շրջաններուն մէջ Պաքուի յայտարարութեան առնչուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին շաբաթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան: «Ազրպէյճանական կողմին ուղղուած դիւանագիտական քայլ կատարուած է: Մենք ամէն ինչ ըսած ենք ատոր առնչուած», ըսած է Զախարովա: «Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Պաքուն պէտք է մեր...

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը  Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

Ուաշինկթըն. «Թեհրանի Հաշիւներու Ապասառեցումը Չի Նշանակեր Պատժամիջոցները Չեղեալ Նկատել»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թեհրանի 6 միլիառ տոլարի հաշիւներու ապասառեցումը Իրանի դէմ պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու պիտի չյանգեցնէ: «Մենք Իրանի դէմ ոչ մէկ պատժամիջոց վերցուցած ենք, եւ Իրանը որեւէ պատժամիջոցային մեղմացում պիտի չստանայ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը: Ան հաստատած է, որ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը...

«Տանիէլ» Մրրիկի Զոհերուն Թիւը Մինչեւ  Հիմա 3000 Է, Իսկ Անհետ  Կորսուածները Հազարներով Են»  Կ՛ըսէ Լիպիոյ Առողջապահութեան Նախարարը

«Տանիէլ» Մրրիկի Զոհերուն Թիւը Մինչեւ Հիմա 3000 Է, Իսկ Անհետ Կորսուածները Հազարներով Են» Կ՛ըսէ Լիպիոյ Առողջապահութեան Նախարարը

Լիպիոյ առողջապահութեան նախարար Օսման Ապտել Ժալիլ յայտարարեց, որ «Տանիէլ» մրրիկին հետեւանքով արձանագրուած զոհերուն թիւը մինչեւ հիմա 3000 է, եւ կը նախատեսուի, որ այդ թիւը հասնի 10 հազարի, իսկ անհետ կորսուածներուն թիւը` շուրջ 100 հազարի: Ան լիպիական «Մասար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Տառնա քաղաքին մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի ողբերգական կը դառնայ, եւ զոհերու թիւերու վերջնական վիճակագրութիւն գոյութիւն չունի»: Ան նշեց, որ բազմաթիւ...

Իրերայաջորդ Երեք Երկրաշարժներ  Հարուածած Են Իրաքի Քերքուք  Եւ Տահուք Նահանգները

Իրերայաջորդ Երեք Երկրաշարժներ Հարուածած Են Իրաքի Քերքուք Եւ Տահուք Նահանգները

Իրաքի երկրաբանական մարմինը հաղորդեց, որ երէկ արշալոյսին երեք իրերայաջորդ երկրաշարժներ հարուածած են հիւսիսային եւ կեդրոնական Իրաքի Տահուք եւ Քերքուք նահանգները: Առաջին երկրաշարժը 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ էր եւ անոր կեդրոնը Քերքուք նահանգի Թոզխարմաթօ շրջանէն 20 քմ հիւսիս-արեւելք է: Երկրորդը 4,6 աստիճան ուժգնութեամբ էր, եւ անոր կեդրոնը Տահուք նահանգին մէջ Իրաք-Թուրքիա սահմանին մօտ էր, իսկ երրորդը 3,1 աստիճան ուժգնութեամբ էր, եւ անոր...

«Սէուտական Արաբիան  Ռազմավարական Գործընկեր Է»  Կ՛ըսէ Ռիատի Մէջ Իրանի Դեսպանը

«Սէուտական Արաբիան Ռազմավարական Գործընկեր Է» Կ՛ըսէ Ռիատի Մէջ Իրանի Դեսպանը

Սէուտական Արաբիոյ մէջ Իրանի նոր դեսպան Ալի Ռիտա Ինայաթի յայտնեց, որ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ցուցմունքով պիտի աշխատի բոլոր ջանքերը ներդրելու` Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման համար: Ան «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ երկու կողմերը վճռականութիւնն ու լուրջ կամքը ունին այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու, եւ ապագան խոստմնալից է: Իրանի դեսպանը նշեց, որ Իրանը ներկայ կառավարութեան...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Վիեթնամ  «Համապարփակ Ռազմավարական Գործընկերութեան»  Մասին Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Միացեալ Նահանգներ Եւ Վիեթնամ «Համապարփակ Ռազմավարական Գործընկերութեան» Մասին Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Միացեալ Նահանգներ եւ Վիեթնամ համաձայնած են «համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան» մասին` 10 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Հանոյ այցելութեան իբրեւ արդիւնք: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Վիեթնամի մէջ ասիկա օտար պետութեան հետ համագործակցութեան կարելի բարձրագոյն աստիճանն է: Միացեալ Նահանգներ դարձաւ Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն, Հարաւային Քորէայէն եւ Չինաստանէն ետք 5-րդ երկիրը, որուն հետ համայնավարական Վիեթնամը գործընկերութեան այս մակարդակը հաստատած է: Սպիտակ...

Մարոքի Մէջ Հզօր Երկրաշարժէն Ետք,  4,5 Աստիճան Ուժգնութեամբ Յետցնցում

Մարոքի Մէջ Հզօր Երկրաշարժէն Ետք, 4,5 Աստիճան Ուժգնութեամբ Յետցնցում

Ուրբաթ, 8 սեպտեմբերի ուշ գիշերին 6,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը հարուածեց Մարոքի Մարաքեշ քաղաքին մօտ շրջանը` պատճառելով 2012 զոհ եւ 1404 վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ համատարած աւեր: Ըստ Միացեալ Նահանգներու երկրաբանական ծառայութեան, երկրաշարժը հնադարեան Մարաքեշ քաղաքին մօտ մէկ դարէ ի վեր տեղի ունեցած ամէնէն զօրաւոր երկրաշարժն էր: Երկրին մէջ 3-օրեայ սուգ յայտարարուեցաւ: Երէկ նոյն շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ 4,5 աստիճան ուժգնութեամբ...

Օտեսայի Շրջանին Վրայ Անօդաչու Թռչող  Սարքերու Յարձակման Պատճառով Քաղաքային  Եւ Նաւահանգստային Ենթակառոյցներ Վնասուած Են

Օտեսայի Շրջանին Վրայ Անօդաչու Թռչող Սարքերու Յարձակման Պատճառով Քաղաքային Եւ Նաւահանգստային Ենթակառոյցներ Վնասուած Են

Ուքրանիոյ Օտեսա շրջանին վրայ անօդաչու թռչող սարքերու հերթական գիշերային յարձակման պատճառով վնասուած են քաղաքային եւ նաւահանգստային ենթակառոյցներ: Այս մասին յայտնած է Օտեսայի շրջանային զինուորական վարչակազմի ղեկավար Օլեկ Քիփեր: Անոր համաձայն, յարձակումը մէկ գիշեր առաջուան նման երեք ժամ տեւած է: «Ասիկա Իզմայիլի շրջանին վրայ վերջին 5 օրուան ընթացքին 4-րդ յարձակումն է», «Էքս»-ի վրայ գրած է ան: «Շահետ»-ներու (իրանեան անօդաչու թռչող սարք,...

Ռուսիան Եւ Թուրքիան 1 Միլիոն Թոն  Հացահատիկի Մատակարարման Շուրջ  Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Ռուսիան Եւ Թուրքիան 1 Միլիոն Թոն Հացահատիկի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Ռուսիան եւ Թուրքիան 1 միլիոն թոն հացահատիկի մատակարարման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ: «Բոլոր հիմնարար համաձայնութիւնները ձեռք բերուած են: Մենք կ՛ակնկալենք, որ մօտիկ ապագային աշխատանքային հաղորդակցութիւններու մէջ պիտի մտնենք բոլոր կողմերուն հետ` մշակելու նման մատակարարումներու համար նախագիծի բոլոր թեքնիք երեւոյթները», ըսած է դիւանագէտը: Ան աւելցուցած է,...

Սթոլթենպերկ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան  Հարցին Մէջ Յառաջընթացի Յոյս Ունի

Սթոլթենպերկ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հարցին Մէջ Յառաջընթացի Յոյս Ունի

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յոյս յայտնած է, որ դաշինքին Շուէտի անդամակցութեան հարցին մէջ յառաջընթաց պիտի արձանագրուի, երբ այս աշնան Թուրքիոյ խորհրդարանը վերսկսի իր նիստերուն: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին կը հաղորդէ, որ Սթոլթենպերկ այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնախումբերու նիստի ընթացքին: «Ես յոյսով եմ, որ երբ Թուրքիոյ խորհրդարանը այս աշնան աւելի ուշ սկսի...

Ալիեւի Օգնականը Իսրայէլի Մէջ  Հանդիպած Է Երկրի Ազգային Անվտանգութեան  Խորհուրդի Նախագահին Հետ

Ալիեւի Օգնականը Իսրայէլի Մէջ Հանդիպած Է Երկրի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նախագահին Հետ

Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ այցելած է Իսրայէլ: Անոր այցելութիւնը տեղի ունեցած է, մինչ խօսակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Իսրայէլէն Ազրպէյճան սպառազինութեան հաւանական մատակարարումներու շուրջ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Կը հաղորդուի, որ Հաճիեւ երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Ցախի Հանեկպիի հետ: «Այսօր երեկոյեան Երուսաղէմ էի Ազրպէյճանի նախագահի խորհրդականին հետ բազմակողմ քաղաքական բանակցութիւններու համար», «Էքս»-ի վրայ...

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը  Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ Զինուորական  Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեցին

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Գործողութեան Աւարտը Յայտարարեցին

Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը արեւելեան Սուրիոյ Զպիան շրջանին մէջ զինուորական գործողութեան աւարտը յայտարարեցին: Անցեալ շաբաթ Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանի կարգ մը գիւղերուն մէջ բախումներ սկսած էին, երբ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը պաշտօնազրկած էին Տէր Զօրի իրենց զինուորական խորհուրդի հրամանատար Ահմետ Խապիլը` փտածութեան ամբաստանութեամբ: Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բանբեր Ֆրահատ Շամի երէկ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան «Զպիանի մէջ զինուորական գործողութիւններու աւարտն ու...

Ռուսական Ուժերը «Մարտավարական Նահանջ»  Կատարած Են` Լքելով Զափորոժիէ  Շրջանի Ռապոթինօ Գիւղը

Ռուսական Ուժերը «Մարտավարական Նահանջ» Կատարած Են` Լքելով Զափորոժիէ Շրջանի Ռապոթինօ Գիւղը

Ռուսական ուժերը «մարտավարական նահանջ» կատարած են` լքելով Ուքրանիոյ Զափորոժիէ շրջանի Ռապոթինօ գիւղը, «Սոլովիով Լայվ»-ի եթերէն յայտնած է մարզի նահանգապետի պաշտօնակատար Եւկենի Պալիցքին: Անոր համաձայն, ռուսական բանակին համար անիմաստ էր պահել այս գիւղը, որ «միայն քարտէսի վրայ մնացած է»: «Ռուսական բանակը հեռացաւ, մարտավարական նահանջ կատարեց այս բնակավայրին մէջ, որովհետեւ հողին հաւասարեցուած տեղը մնալը, երբ ընդհանրապէս կարելի չէ խրամատաւորուիլ, տեղին չի թուիր:...

Պորել. «Լիբանան Կը Գտնուի  Ելեւմտական Փլուզման Եզրին»

Պորել 7-8 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Վրաստան

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել 7-8 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Վրաստան: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը: «Յանձնակատարի պաշտօնին վրայ Վրաստան անոր առաջին այցելութիւնը պիտի արտօնէ քննարկել Վրաստանի յառաջընթացը եւրոպական համարկման ճամբուն վրայ, միտքեր փոխանակել արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային աւելի լայն հարցերու շուրջ», կը յայտնէ ծառայութիւնը:...

Պունտըսթակի Յանձնախումբի Նախագահը Առաջարկած Է Արցախի Շրջափակման Պատասխանատուներու Դէմ Անձնական Պատժամիջոցներ Հաստատել

Պունտըսթակի Յանձնախումբի Նախագահը Առաջարկած Է Արցախի Շրջափակման Պատասխանատուներու Դէմ Անձնական Պատժամիջոցներ Հաստատել

Գերմանիոյ Պունտըսթակի մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական օգնութեան յանձնախումբի նախագահ Ռենաթա Ալթ առաջարկած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման պատասխանատուներու դէմ անձնական պատժամիջոցներ հաստատել: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութիւնը իսկապէս խիստ մտահոգիչ է, եւ ես ուշադիր կը հետեւիմ շրջանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն», «Հայփրես» լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան յայտարարած է Ալթ: Ան նշած է, որ կացութեան բարելաւման նպատակով քննարկումներ կը կատարուին որոշում տուողներու...

Իրան Պատրաստ Է Դաշնակից Երկիրներու Հետ Միացեալ Ռազմափորձեր Կատարելու

Իրան Պատրաստ Է Դաշնակից Երկիրներու Հետ Միացեալ Ռազմափորձեր Կատարելու

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինեալ ուժերը պատրաստ են ընդլայնելու բարեկամ եւ դաշնակից բոլոր երկիրներուն հետ տարբեր ոլորտներու մէջ զինուորական համագործակցութիւնը: «Մեհր» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու հրամանատար, զօր. Ալիռեզա Սապահիֆարտը` Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու 15-ամեակին առիթով Թեհրանի մէջ օտարերկրեայ զինուորական կցորդներու հետ հանդիպումին ժամանակ: Սապահիֆարտ ըսած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան զինեալ ուժերը բոլոր...

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Սոչիի Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպում

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սոչիի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ լայն ձեւաչափով բանակցութիւններ: Ռուսիոյ նախագահը հանդիպումին սկիզբը յայտնեց. «Շրջանին մէջ անվտանգութեան ապահովման առումով խօսելիք կայ: Ի հարկէ, մենք պիտի չանտեսենք ուքրանական ճգնաժամին առնչուած հարցերը... Մենք մտադիր ենք հացահատիկի գործարքին վերաբերեալ հարցեր քննարկել»: Ան նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ «Աքքույու» հիւլէական կայանի կառուցման նախագիծը կ՛ընթանայ...

Ֆիտանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Անհրաժեշտ Է Հակազդել Կովկասի Մէջ Օտար Պետութիւններու Ներկայութեան»   Կ՛ըսէ Ռայիսի

Ֆիտանի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Անհրաժեշտ Է Հակազդել Կովկասի Մէջ Օտար Պետութիւններու Ներկայութեան» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպումի ընթացքին ըսած է, որ անհրաժեշտ է հակազդել տարբեր շրջաններու մէջ, ներառեալ Կովկասը օտար պետութիւններու ներկայութեան: ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահը այս ծիրին մէջ ընդգծած է շրջանի պետութիւններուն միջեւ խնդիրները երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջոցով լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով շրջանին մէջ անվտանգութեան` Ռայիսի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի...

Page 190 of 882 1 … 189 190 191 … 882

Արխիւներ