Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան 4 սեպտեմբերին Սոչիի մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
«Բանակցութիւնները պիտի կատարուին երկուշաբթի օր` Սոչիի մէջ, օրուան երկրորդ կիսուն», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Փեսքով` առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններու: