Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թեհրանի Մէջ Ֆիտանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Ապտոլլահեան. «Կը Յայտնենք, Որ Կովկասի Տարանցման Շրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չընդունինք»

September 4, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ Թեհրանի մէջ ընդունեց իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանը, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Իրան:

Երկու երկիրներու դիւանագիտութեան անվտանգութեան ենթահողերուն քաջածանօթ երկու պետերը 1,5 ժամ տեւողութեամբ առանձնազրոյց ունեցան, որմէ ետք հանդիպումը շարունակուեցաւ ընդլայնուած ձեւաչափով:

«Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ Ֆիտան Թեհրանի մէջ իրանցի պաշտօնատարներու հետ պիտի քննարկէ հասարակաց հետաքրքրութիւն եղող շրջանային ու միջազգային հարցեր:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն հրապարակելով յայտնեց, որ Ապտոլլահեան նախապէս Ֆիտանը հրաւիրած էր Թեհրան այցելելու` քննարկելու համար տարբեր մարզերու մէջ յաւելեալ երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւններն ու շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:

Նախարարութիւնը մատնանշեց, որ Ֆիտան Թեհրան այցելելէ երկու օր առաջ այցելած էր Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, ինչպէս նաեւ այցելած էր Իրաք:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը իր թուրք պաշտօնակիցին հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկեցի Իրանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնագիրներն ու անոնց գործադրութեան վրայ շեշտեցինք»:

Ան Անգարայի հետ բանտարկեալներու փոխանակման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու յոյս յայտնեց` աւելցնելով, որ քննարկուած է նաեւ ջուրի սակաւութեան հարցը եւ համաձայնութիւն գոյացած, որ միացեալ թեքնիք յանձնախումբը բանակցութիւններու նոր փուլի համար այցելէ Թեհրան:

«Յայտնեցինք, որ սիոնական գոյացութիւնը իսլամական պետութիւններուն միջեւ միայն սադրանք ու պառակտում եւ շրջանին մէջ անկայունութիւն պիտի յառաջացնէ», ըսաւ Ապտոլլահեան:

Ինչ կը վերաբերի Կովկասի` Ապտոլլահեան ըսած է. «Եկած Է ժամանակը ձգելու լարուածութեան ու տագնապներու շրջանը եւ յառաջ շարժելու դէպի Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ համագործակցութեան շրջան: Լաւ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք կ՛աջակցինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համաձայնութիւններուն ու երկխօսութիւններուն եւ երբեք չենք ընդունիր շրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող պատմական տարանցիկ ուղիներու սահմանափակումը»: Ան ըսաւ, որ «պէտք է յարգել Սուրիոյ գերիշխանութիւնը եւ անոր հողային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւն չկատարել», եւ գնահատեց Սուրիոյ հետ սահմանի եւ գաղթականներու տունդարձի հարցերուն մէջ «Թուրքիոյ շինիչ դիրքորոշումները»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց. «Անգարան ողջունեց Թեհրանի եւ Ռիատի միջեւ յարաբերութիւններու վերականգնումը, եւ աշխատանք կը տանինք գործակցութեան հարցին շուրջ Թուրքիոյ ներկայութեամբ եռակողմ ժողով մը գումարելու»:

Ֆիտան իր կարգին յայտնեց. «Թուրք-իրանեան յարաբերութիւնները պատմական են, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Իրանին երկրաշարժի աղէտին ընթացքին մեզի տրամադրածին համար»:

Ան ըսաւ, որ Ապտոլլահեանի հետ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, նախ եւ առաջ ՔԱԿ-ի դէմ պայքարի վերաբերեալ տեսակէտներու փոխանակում կատարած է:

«Առկախ խնդիրները դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու վրայ կեդրոնացանք եւ քննարկեցինք սուրիական տագնապի լուծման որոնումը, եւ կարեւոր կը նկատենք սուրիացի գաղթականներուն իրենց երկիր կամաւոր տունդարձը», յայտնեց Ֆիտան:

«Տեսակէտներ փոխանակեցինք այն քայլերուն վերաբերեալ, որոնք կրնանք որդեգրել Եւրոպայի մէջ իսլամութեան վիրաւորման հակադարձելու համար», աւելցուց Ֆիտան:

 

 

 

Նախորդը

Փութին Եւ Էրտողան Այսօր Իրենց Հանդիպումի Ընթացքին «Պիտի Կեդրոնանան Սեւծովեան Հացահատիկի Գործարքին Վրայ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.