Փենթակոն. «Անցեալ Շաբաթ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Զօրքերը Ենթարկուած Են 14 Յարձակումի. Վիրաւորուած Են Ամերիկացի 25 Զինուորներ»
Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը վերջին շաբթուան ընթացքին ենթարկուած են անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով 14 յարձակումներու, որոնց ընթացքին վիրաւորուած են ամերիկացի 25 զինուորներ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր, օդուժի գնդապետ-զօրավար Փեթ Ռայտըր հաստատած է, որ Իրաքի մէջ զօրքերը 17-էն 24 հոկտեմբեր 11 անգամ յարձակումի ենթարկուած են, իսկ Սուրիա գտնուող զօրքերը նոյն ժամանակահատուածին 3 անգամ յարձակումի ենթարկուած են: Փենթակոնի...




















