Միջազգային

Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլ  Պէտք Է Պատասխանատուութիւն  Ստանձնէ Կազայի Անմեղ Քաղաքացիներու  Պաշտպանութեան Համար»

Սպիտակ Տուն. «Իսրայէլ Պէտք Է Պատասխանատուութիւն Ստանձնէ Կազայի Անմեղ Քաղաքացիներու Պաշտպանութեան Համար»

Իսրայէլ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ Կազայի անմեղ քաղաքացիներու պաշտպանութեան համար, նոյնիսկ եթէ Համասը զանոնք իբրեւ կենդանի վահան կ՛օգտագործէ: «Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ այս մասին ըսած է Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն: «Իսրայէլի կառավարութիւնը պէտք է ձեռնարկէ բոլոր հաւանական քայլերուն` իր շարունակական գործողութիւններու ընթացքին ահաբեկիչները խաղաղ բնակիչներէն տարբերելու համար», ըսած է ան: «Համաս չափազանց կը դժուարացնէ Իսրայէլի համար կեանքը` խաղաղ...

Տերաայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Սուրիական  Բանակի Երկու Դիրքերու Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում

Տերաայի Գիւղական Շրջանին Մէջ Սուրիական Բանակի Երկու Դիրքերու Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի օր յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակին պատկանող երկու դիրքեր բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն օդային յարձակումի ենթարկուած են: Նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այսօր արշալոյսին, շուրջ ժամը 1:35-ին, իսրայէլեան թշնամին սուրիական բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն օդային յարձակում գործեց` թիրախ դարձնելով Տերաայի գիւղական շրջանին մէջ մեր զինեալ ուժերու երկու դիրքեր, ինչ որ պատճառ դարձաւ նիւթական վնասներու արձանագրման»: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան...

Հարիս. «Իսրայէլ Կամ Կազա Մարտական  Ուժեր Ուղարկելու Մտադրութիւն  Կամ Ծրագիրներ Բացարձակապէս Չունինք»

Հարիս. «Իսրայէլ Կամ Կազա Մարտական Ուժեր Ուղարկելու Մտադրութիւն Կամ Ծրագիրներ Բացարձակապէս Չունինք»

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտարարեց. «Իսրայէլ կամ Կազա մարտական ուժեր ուղարկելու մտադրութիւն կամ ծրագիրներ բացարձակապէս չունինք»: «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին Կազայի մէջ անոր պատերազմին մէջ խորհրդատուութիւն, աջակցութեան սարքեր եւ դիւանագիտական աջակցութիւն կը տրամադրեն», շեշտեց Հարիս: Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին կարծիքով. «Իսրայէլ, անկասկած, իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու: Բայց եւ այնպէս, շատ կարեւոր է, որ Համասի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ հաւասարեցում տեղի չունենայ… Պաղեստինցիները...

Թուրքիան Կը Պատրաստուի Կազայի Հարցով  Միջազգային Խորհրդաժողով Գումարելու

Թուրքիան Կը Պատրաստուի Կազայի Հարցով Միջազգային Խորհրդաժողով Գումարելու

Անգարան Կազայի հարցով խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու հարցին մէջ ստացած է շրջանի շարք մը երկիրներու աջակցութիւնը եւ համապատասխան աշխատանքներ կը կատարէ այդ ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` վկայակոչելով Անգարայի մէջ իր դիւանագիտական աղբիւրը: Նախապէս խաղաղութեան միջազգային խորհրդաժողով գումարելու մտադրութեան մասին յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Պարոն Էրտողանի յայտարարութենէն ետք շրջանի շարք մը երկիրներէ դիւանագիտական ուղիներով հաղորդագրութիւններ...

Հնդկաստանի Մէջ Գնացքներու Բախման  Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Հնդկաստանի Մէջ Գնացքներու Բախման Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Հնդկաստանի մէջ գնացքներու բախման պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 13-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը` 39-ի: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քննիչները կը կասկածին, թէ Հնդկաստանի հարաւ-արեւելքը տեղի ունեցած արկածին պատճառը մարդկային սխալն է: Բարձրաստիճան պաշտօնատարը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ երկու վակոններուն մէջ, որոնց բախած է երկրորդ գնացքը, գտնուած է աւելի քան 90 մարդ, իսկ զոհերուն թիւը հասած է 13-ի: Փոխադրամիջոցներու...

Մախաչքալայի Մէջ Ցուցարարները  Ներխուժած Են Օդակայան`  Փնտռելով Իսրայէլացիներ

Մախաչքալայի Մէջ Ցուցարարները Ներխուժած Են Օդակայան` Փնտռելով Իսրայէլացիներ

Կիրակի երեկոյեան «Ռետ Ուինկզ» օդանաւային ընկերութեան Թել Աւիւ-Մախաչքալա թռիչք կատարող օդանաւի ժամանումէն ետք ամբոխ մը ներխուժած է Մախաչքալայի օդակայանի էջուղի` փնտռելով Իսրայէլի քաղաքացիներ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդը յայտարարած է, որ Թել Աւիւէն Մախաչքալա թռչող օդանաւին մէջ հրեաներ կամ իսրայէլացիներ եղած են: Մարդոց ներխուժումէն ետք սկսած են զանգուածային անկարգութիւններ, որոնց պատճառով արձանագրուած են վիրաւորներ: Միջադէպին պատճառով...

Խօսելով Թալեպաններու Յառաջխաղացքին Մասին`  «Ուղղակի Յարձակումի Պարագային Ռուսիան  Պիտի Օգտագործէ Տաճիկիստան Եւ Խըրխըզիստան  Գտնուող Իր Ռազմակայանները»  Կ՛ըսէ Շոյկու

Շոյկու. «Հակայարձակման Պատճառով Ուքրանիան Ունի Աւելի Քան 90.000 Զոհ Եւ Վիրաւոր»

Այս ամառ սկսած հակայարձակման ընթացքին Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կորսնցուցած են աւելի քան 90 հազար զինուոր` սպաննուած եւ վիրաւոր` մարտի դաշտին մէջ չհասնելով զգալի յաջողութիւններու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու: «Միայն 4 յունիսէն ետք, այսինքն` Արեւմուտքի կողմէ լայնօրէն գովազդուած եւ առատաձեռնօրէն հովանաւորուող ուքրանական հակայարձակման սկիզբէն ի վեր, Քիեւը կորսնցուցած է աւելի...

Իսրայէլի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին  Բողոքագիր Յանձնուած Է

Իսրայէլի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Բողոքագիր Յանձնուած Է

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կիրակի օր կանչած է Ռուսիոյ դեսպանը` բողոքելու Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմի ժամանակ Մոսկուայի վարմունքին դէմ: Այս մասին կը գրէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ը: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպա-Ասիա բաժինի փոխտնօրէն Սիմոնա Հալփերինը Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Վիքթորովին ըսած է, որ Իսրայէլ «լուրջ կը վերաբերի» այն փաստին, թէ Մոսկուան յստակ եւ կտրուկ կերպով չէ դատապարտած Համասը: Ասիկա տեղի...

Մետվետեւի Կարծիքով`  Եւրոպան Ռուսիոյ Իրական  Թշնամին Դարձած Է

Մետվետեւի Կարծիքով` Եւրոպան Ռուսիոյ Իրական Թշնամին Դարձած Է

Եւրոպան ոչ միայն կորսնցուց Ռուսիան իբրեւ ռազմավարական գործընկեր, այլ նաեւ դարձաւ Մոսկուայի իրական թշնամին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, ըսած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ, Ռուսիոյ նախկին նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ: Խօսելով Ռուսիոյ` «Եւրոպական կանխատեսելի գործընկերոջ» նախկին կարգավիճակի մասին` ան նշած է. «Մենք այժմ նոյնիսկ դրացիներ չենք, այլ իրական թշնամիներ»: «Եւ հիմա Եւրոպական Միութիւնը կը զառանցէ Ռուսիոյ լիակատար անկանխատեսելիութենէն, դաւադրութեան խելայեղ տեսանիւթեր...

Նեթանիահու. «Իսրայէլի Բանակը Մտած Է  Կազա, Նպատակը «Համաս»-ի Ոչնչացումն Է»

Նեթանիահու. «Իսրայէլի Բանակը Մտած Է Կազա, Նպատակը «Համաս»-ի Ոչնչացումն Է»

«Իսրայէլացի զինուորականները մտած են Կազայի հատուած, անոնք պէտք է ոչնչացնեն «Համաս»-ը եւ ազատեն պատանդները», այդ մասին յայտնած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն: «Իսրայէլի քաղաքացինե՛ր, անցեալ գիշեր մեր ցամաքային ուժերը անցան Կազայի դարպասները եւ մտան չարի որջը: Այս պատերազմ է յստակ սահմանուած նպատակով` ոչնչացնել «Համաս»-ի իշխանութիւնը եւ վերադարձնել պատանդները, ըսած է Նեթանիահուն 28 հոկտեմբերի երեկոյեան հեռարձակուած պատկերասփռուած յատուկ ուղերձի մէջ: Անցեալ...

Լաւրով. «Անկարելի Է Կազայի Բնակչութեան Մէջ  Առանց Մեծ Կորուստներու Ոչնչացնել «Համաս»-ը

Լաւրով. «Անկարելի Է Կազայի Բնակչութեան Մէջ Առանց Մեծ Կորուստներու Ոչնչացնել «Համաս»-ը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կարծիք յայտնած է, որ Կազայի բնակչութեան մէջ  առանց մեծ կորուստներու անկարելի է ոչնչացնել «Համաս»-ը: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին Լաւրով յայտարարած է  «ՊելԹԱ» լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ: Անոր համաձայն, Ռուսիան Իսրայէլին կոչ կ՛ուղղէ խաղաղ լուծում փնտռելու, այլ ոչ թէ աւարտին հասցնելու այրուած հողի ռազմավարութիւնը: «Կազայի հատուածի ոչնչացումը եւ անոր բնակիչներուն` մօտ 2 միլիոն մարդու...

Ռայիսի. «Իսրայէլի Քայլերը «Հատած Են  Կարմիր Գիծերը, Որոնք Կրնան Բոլորին  Ստիպել Քայլերու Ձեռնարկել»

Ռայիսի. «Իսրայէլի Քայլերը «Հատած Են Կարմիր Գիծերը, Որոնք Կրնան Բոլորին Ստիպել Քայլերու Ձեռնարկել»

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի յայտարարած է, թէ Իսրայէլի քայլերը «հատած են կարմիր գիծերը, որոնք կրնան բոլորին ստիպել քայլերու ձեռնարկել»: «Ուաշինկթընը մեզմէ կը խնդրէ ոչինչ ընել, սակայն անոնք կը շարունակեն լայնածաւալ աջակցութիւն ցուցաբերել Իսրայէլին: Միացեալ Նահանգները ուղերձներ ուղարկեցին «Դիմադրութեան առանցք»-ին, սակայն յստակ պատասխան ստացան մարտի դաշտին մէջ», Ռայիսի գրած է «Էքս»-ի մէջ: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները զգուշացուցած են Իրանը, որ անմասն մնայ...

Էրտողան. «Մենք Իսրայէլը  Պիտի Յայտարարենք Պատերազմի Յանցագործ»

Էրտողան. «Մենք Իսրայէլը Պիտի Յայտարարենք Պատերազմի Յանցագործ»

Թուրքիան Իսրայէլը պատերազմի յանցագործ պիտի յայտարարէ եւ ատիկա պիտի ընէ միջազգային ամբողջ հանրութեան աչքին առջեւ: Այդ մասին Պոլսոյ մէջ Պաղեստինի հետ համերաշխութեան բազմամարդ հաւաքին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: «Մենք արդէն կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ: Քանի՞ երեխայ եւ կին տակաւին պէտք է մեռնի, իւրաքանչիւր երկիր ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, բայց ո՞ւր է արդարութիւնը, իսկական ջարդ տեղի ունեցած է Կազայի մէջ,...

ՄԱԿ-ը Պաղեստինեան-Իսրայէլեան Տագնապի  Գօտիին Մէջ Անյապաղ Հրադադար Հաստատելու  Մասին Բանաձեւ Ընդունած Է

ՄԱԿ-ը Պաղեստինեան-Իսրայէլեան Տագնապի Գօտիին Մէջ Անյապաղ Հրադադար Հաստատելու Մասին Բանաձեւ Ընդունած Է

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունած է արաբական երկիրներու մշակած բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ հրադադար հաստատելու պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապի գօտիին մէջ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ը կը տեղեկանայ ՄԱԿ-ի կայքէն: Բանաձեւին կողմ քուէարկած է 120 երկիր, դէմ` 14, ձեռնպահ` 45: Աւելի կանուխ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարել է, որ Կազայի հատուածին մէջ մարդասիրական ենթակառուցուածքներու վիճակը մօտեցած է լիակատար փլուզման: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ...

Չինական Սպառազինութիւնը Զգալիօրէն Ուժեղացուցած Է Սերպիոյ Զինեալ Ուժերը

Չինական Սպառազինութիւնը Զգալիօրէն Ուժեղացուցած Է Սերպիոյ Զինեալ Ուժերը

Չինական սպառազինութիւնը զգալիօրէն ուժեղացուցած է Սերպիոյ զինեալ ուժերը: Այս մասին «Կլոպըլ Թայմզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Սերպիոյ վարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Միլոշ Վուչեւիչը: «Ինչ կը վերաբերի երկկողմանի սերպ-չինական յարաբերութիւններուն, ես պիտի առանձնացնէի զինուորական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսականը եւ բազմաթիւ ներդրումները, որոնք շատ կարեւոր են մեր երկրին համար», նշած է ան` աւելցնելով, որ զինուած ուժերու համալրման եւ արդիականացման ջանքերը ուղղուած են...

«Տաքի Ալիքները Երկարատեւ Ու Ուժգին  Պիտի Ըլլան Եւ Աւելի Կանուխ Պիտի Սկսին»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-էն Փորձագէտ Մը

«Տաքի Ալիքները Երկարատեւ Ու Ուժգին Պիտի Ըլլան Եւ Աւելի Կանուխ Պիտի Սկսին» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-էն Փորձագէտ Մը

ՄԱԿ-էն փորձագէտ մը զգուշացուց, որ ներկայիս Եւրոպայի շրջաններուն մեծամասնութիւնը հարուածողին նման եղող տաքի ալիքները կլիմայի փոփոխութեան պատճառով աւելի կանուխ պիտի սկսին, աւելի երկարատեւ եւ աւելի ուժգին պիտի ըլլան: Ան մասնաւորաբար զգուշացուց գիշերուան ընթացքին ջերմաստիճանի բարձրացումէն: Օդերեւութաբանութեան միջազգային կազմակերպութեան մէջ խիստ տաքի հարցով աւագ խորհրդական Ճոն Նիռն ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «մարդիկ շատ հանդարտ են»` աւելցնելով. «Գիտութիւնը ձեզ զգուշացուց, որ...

Շուէտի ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան  Հարցը Մօտիկ  Ապագային Պիտի Քննարկուի  Թրքական Խորհրդարանին Մէջ

Շուէտի ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հարցը Մօտիկ Ապագային Պիտի Քննարկուի Թրքական Խորհրդարանին Մէջ

Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան մասին արձանագրութիւնը մօտիկ ապագային կրնայ քննարկուիլ Թուրքիոյ Ազգային ժողովին մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Չեխիա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ: «Արտերկիր այցելութենէն վերադառնալէս ետք արձանագրութիւնը պիտի ուղարկուի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբ: Յոյսով եմ, որ անիկա որքան կարելի է արագօրէն պիտի ընդգրկուի լիագումար նիստերու օրակարգին վրայ, եւ երեսփոխանները կարելիութիւնը պիտի ստանան քննարկելու...

Իսրայէլեան Ցամաքային Ուժեր Իրերայաջորդ  2-րդ Օրն Ըլլալով Կազա Ներթափանցման  Գործողութիւն Կատարեցին

Իսրայէլեան Ցամաքային Ուժեր Իրերայաջորդ 2-րդ Օրն Ըլլալով Կազա Ներթափանցման Գործողութիւն Կատարեցին

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ուժեր հինգշաբթի գիշեր ցամաքային յարձակում կատարած են Կազայի վրայ: Իսրայէլեան բանակի 36-րդ զօրամասի ուժերը` բաղկացած հետեւակներէ, զրահապատ մեքենաներէ եւ սակրաւորներէ, մուտք գործած են Կազա եւ թիրախաւորած Համասի դիրքեր: Ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Կը նախատեսուի, որ (այդ ուժը) շուտով նահանջէ»: Աւելի ուշ, Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի ընկերային ցանցերու վրայ գրառում կատարելով յայտնեց, որ գործողութեան...

Թուրքիա Ուաշինկթընի Առաջարկած Է  Իսլամականները Ներառել Սուրիոյ  «Չափաւորական Ընդդիմութեան» Ցուցակին Մէջ

Ըստ «Սապահ»-ի. Անգարան Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ Եւ Լիբանանի Ղեկավարները Հրաւիրած Է Մասնակցելու Պաղեստինի Աջակցութեան Այսօրուան Ցոյցին

Անգարան հրաւէրներ ուղարկած է Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Լիպիոյ, Լիբանանի եւ Յորդանանի ղեկավարներուն` մասնակցելու այսօր Պոլսոյ մէջ Պաղեստինի աջակցութեան ցոյցին: Այս մասին հաղորդեց թրքական «Սապահ» օրաթերթը` յղում կատարելով աղբիւրներուն: «Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն բացի, կ՛ակնկալուի, որ մեծ հանրահաւաքին պիտի մասնակցին նաեւ պետութիւններու ղեկավարներ` Իսրայէլի վայրագութիւններուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու եւ պաղեստինեան դատին աջակցելու համար: «Ինչպէս յայտնի դարձած է, հանրահաւաքին հրաւիրուած են օտարերկրեայ...

Միացեալ Նահանգներն Ու Թուրքիան  Կը Բանակցին Սեւ Ծովուն Մէջ ՕԹԱՆ-ի  Ներկայութիւնը Աւելցնելու Մասին

Միացեալ Նահանգներն Ու Թուրքիան Կը Բանակցին Սեւ Ծովուն Մէջ ՕԹԱՆ-ի Ներկայութիւնը Աւելցնելու Մասին

Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան խորհրդակցութիւններ կը վարեն ՕԹԱՆ-ի նաւերու Սեւ ծովուն մէջ ներկայութիւնը աւելցնելու շուրջ: Այս մասին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերու գծով օգնական Ճէյմ Օ՛Պրայըն: Ծերակուտականները անոր հարցուցած են, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներ կը փորձե՞ն ընդլայնել Սեւ ծովուն մէջ ՕԹԱՆ-ի զինուորական ներկայութիւնը: «Ասիկա մեր թուրք...

Page 186 of 882 1 … 185 186 187 … 882

Արխիւներ