Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Աշխարհը խաչմերուկի վրայ կանգնած է, եւ հիմա որդեգրուած որոշումները կը ճշդեն յառաջիկայ տասնամեակները»:
«Համասն ու Փութինը տարբեր սպառնալիքներ կը ներկայացնեն, սակայն հասարակաց մէկ բան ունին` երկուքն ալ կ՛ուզեն ամբողջութեամբ վերջ տալ ժողովրդավարութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու համար կենսական հարց մըն է, որ մեր անվտանգութիւնը կ՛ամրապնդէ»:
«Միացեալ Նահանգներ չեն կրնար հրաժարիլ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ տագնապի երկու պետութիւններու լուծումի առաքելութենէն», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
Ան Քոնկրեսէն Ուքրանիոյ եւ Իսրայէլի համար յաւելեալ ֆինանսաւորում պահանջեց` շեշտելով, որ Քոնկրեսէն պիտի պահանջէ «աննախադէպ յանձնառութիւն տրամադրել Իսրայէլի անվտանգութեան, որ անոր զինուորական մեծ գերազանցութիւն կ՛երաշխաւորէ»:
Ան նաեւ յիշեցուց, որ իր երկիրը «չի ձգտիր Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերու դէմ կռուող ամերիկեան ուժերուն գոյութեան»:
«Միացեալ Նահանգներն ու անոնց դաշնակիցները աշխատանք կը տանին Միջին Արեւելքի համար աւելի լաւ ապագայ ստեղծելու», նշեց Պայտըն` աւելցնելով, որ ատիկա «ինքնին ի շահ Ուաշինկթընի է»:


