Թուրքիոյ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մոհամետ Պաքերիի հետ:
Ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան երկկողմ եւ շրջանային հարցեր` յատկապէս շրջանին մէջ վերջին իրադարձութիւններու լոյսի տակ: