Իսրայէլեան բանակը հրթիռներով հարուածած է Դամասկոսի եւ Հալէպի օդանաւերու էջուղիները եւ դադրեցուցած անոնց աշխատանքը: Այս մասին կը հաղորդէ ՍԱՆԱ-ն` յղում կատարելով Սուրիոյ բանակին:
«Այսօր առաւօտեան շուրջ ժամը 5:25-ին իսրայէլեան թշնամին հրթիռներով միաժամանակ օդային յարձակում կատարած է Միջերկրական ծովէն` Լաթաքիայէն արեւմուտք, եւ սուրիական բռնագրաւուած Կոլանէն` հարուածներ հասցնելով Դամասկոսի եւ Հալէպի միջազգային օդակայաններուն: Երկու օդակայաններու էջուղիներու վնասը յանգեցուցած է անոնց անգործածելիութեան», նշուած է զինուորական գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Սուրիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութիւնը վերոնշեալ օդակայաններէն կանոնաւոր թռիչքները տեղափոխած է Լաթաքիոյ օդակայան: