Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց. «Ամերիկան Կազայի մէջ սիոնական գոյացութեան ոճիրներուն մեղսակից է, եւ անոր ձեռքերը մանուկներու եւ կիներու արիւնով թաթախուած են»:
«Ամերիկան Կազայի մէջ սիոնական գոյացութեան ոճիրները կը ղեկավարէ», ըսաւ ան:
«Իսլամական կառավարութիւնները ոճրագործներուն դիմաց ձեռնածալ պէտք չէ մնան, եւ յաղթանակը հաստատօրէն Պաղեստինինն է», նշեց Խամենէի` շեշտելով. «Դիմադրութեան անդամները փաստեցին, որ պատրաստ են, եւ յարձակումի շրջանին հաստատ են, եւ յառաջիկայ օրերուն եւս այդպէս պիտի մնան»:
«Ամերիկայի, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն սիոնական գոյացութիւն շտապ այցելութիւնները կ՛արտացոլեն այդ գոյացութեան փլուզման նկատմամբ իրենց մտահոգութիւնը», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը` աւելցնելով. «Եթէ այդ երկիրները սիոնական գոյացութեան փլուզման վտանգը չզգային, անոր զօրակցութեան շրջապտոյտներ կատարելու պիտի չշտապէին»:
«Իսրայէլեան գոյացութիւնը կիներէն եւ մանուկներէն վրէժ կը լուծէ, որովհետեւ անկարող է պաղեստինեան դիմադրութեան զինուորներուն հետ ճակատիլ», ըսաւ Խամենէի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Կա՛մ մենք կը հասնինք կայուն խաղաղութեան, կա՛մ պիտի սկսի համաշխարհային պատերազմ: Կոչ կ՛ուղղենք շրջանային ու միջազգային շահագրգիռ բոլոր կողմերուն` ականջալուր ըլլալու բանականութեան ձայնին: Անոնք, որոնք զօրակցութեան պիտակին տակ Իսրայէլի ոճիրները կը քաջալերեն Կազային մէջ, ոճիրին մեղսակից են: Եթէ մենք արագ չգործենք, մեզի շատ աւելի մռայլ օրեր կը սպասեն»:
«Իսրայէլ պէտք է հասկնայ, որ չի կրնար իր կարիքները բռնի ուժով եւ բրտութեամբ ապահովել», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:
«Այս անգամ տագնապը մեծ է, եւ մեծ վտանգներ գոյութիւն ունին: Քաղաքական լուծումը պէտք չէ յետաձգուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կացութենէն դուրս գալու միակ ելքը 1967 թուականի սահմաններուն վրայ հիմնուած անկախ Պաղեստինի պետութեան ստեղծումն է Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով:
«Հաարեց» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնած է, թէ Իրան ներկայիս կ՛օգնէ Համասին` հետախուզական տուեալներու եւ համացանցի վրայ հակաիսրայէլեան տեղեկութիւններ տարածելու դիմաց:
Անոր համաձայն, երբ «Իրաքի, Եմէնի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի կամակատարները քայլերու կը ձեռնարկեն, ատիկա տեղի կ՛ունենայ Թեհրանի հրամանով»: Ան նաեւ յայտնած է, որ անցեալ օր իսրայէլեան բանակը հարուածներ հասցուցած է «լիբանանեան 5 ահաբեկչական օղակներու»:
Իսրայէլեան բանակի բանբերը դարձեալ Կազայի հիւսիսային մասի բնակիչներուն կոչ ուղղած է նախքան ցամաքային ներխուժումի սկսիլը տեղափոխուելու` աւելցնելով, որ անոնք պէտք չէ մտիկ ընեն Համասին, որ անոնց կը թելադրէ իրենց տեղը մնալ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ յայտարարած է, որ 2023-2024 թուականներուն ազգային պիւտճէն այլեւս իրատեսական չէ` նկատի ունենալով Կազայի պատերազմը. անիկա պիտի փոխուի: Իսրայէլի մասին «Էս.անտ Փի. Կլոպըլ»-ի Իսրայէլի մասին նախատեսութեան «կայունէն» «բացասականի» նուազեցումը նախարարը չէ զարմացուցած:
Սմոթրիչ յայտարարած է, որ պատերազմի ծախսերը օրական կը հասնին 1 միլիառ շեքելի (246 միլիոն տոլար), եւ նշած, որ ինք տակաւին չունի կողմնակի ծախսերու գնահատականը: Ան ըսած է, որ հակառակ ճգնաժամին, Իսրայէլի պիւտճէի զգալի բաց չի սպասեր:
«ՌԻԱ Նովոսթի»-ի համաձայն, Ռուսիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպանը յայտնած է. «(Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ) Մահմուտ Ապպասի Մոսկուա այցելութիւնը կարելի է մօտ օրէն, սակայն յստակ ժամկէտներ չկան»:
Պաղեստինի դեսպանը չէ բացառած, որ Մոսկուան կրնայ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման բանակցութիւններու հարթակ դառնալ:
Մինչ Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտնեց, թէ` «պիտի շարունակենք գերիներու ազատ արձակման բանակցութիւնները», Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ցախի Հանեկպի յայտնեց. «Քաթար մարդասիրական լուծումներու դիւրացման հիմնական կողմ դարձաւ»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան յանձնախումբի անդամ Ֆետահոսէյն Մալեքի «մեծ սխալ» կոչած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` պաղեստինեան Համաս շարժումին դէմ արեւմտեան դաշինք ստեղծելու կոչը:
«Եթէ իսրայէլեան կողմին մէջ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ նոր ճակատ ստեղծուի, եւ Պաղեստինի դէմ անոր յանցագործութիւնները շարունակուին, ապա չկասկածիք, որ պիտի չստեղծուի նման ճակատ կամ դաշինք Համասին աջակցելու համար եւ անիկա պիտի ներառէ մեծ թիւով իսլամական երկիրներ, ինչպիսիք են Թուրքիան, Փաքիստանը եւ Եգիպտոսը», ըսած է Մալեքի:
Իրանցի պաշտօնատարը չէ բացառած, որ Ֆրանսայի նախագահի` պաղեստինեան շարժումին նկատմամբ նման հռետորաբանութիւնը կրնայ կապուած ըլլալ Մաքրոնի կառավարութեան ներքին խնդիրներուն հետ, ինչպիսիք են արաբական երկիրներէն գաղթականներու աճը եւ եւրոպական երկիրներու մէջ իսլամական արմատականութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Մաքրոն երեքշաբթի օր Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին առաջարկած էր Համասի դէմ պայքարելու համար դաշինք ստեղծել:
Ռուսիոյ նախագահի բանբերը իր կարգին խօսելով Մաքրոնի առաջարկին մասին յայտնեց. «Այս պարագային մենք կը տեսնենք, որ աշխարհի վրայ կայ դիրքորոշումներու լայն շրջանակ: Մեզի համար, ի հարկէ, նախ եւ առաջ կարեւոր է մեր դիրքորոշման պահպանումը, որ յստակ հնչեցուցած է մեր պետութեան ղեկավարը: Կը կրկնեմ անգամ մը եւս. մենք կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը, ահաբեկչական գործողութիւնները, ներառեալ ահաբեկչական գործողութիւնը, որ գործուած է Իսրայէլի խաղաղ բնակիչներուն դէմ»:
«Ահաբեկչութեան եւ ատոր բոլոր դրսեւորումներուն դէմ, ի հարկէ, պէտք է պայքարիլ, սակայն անմեղ մարդիկ պէտք չէ տուժեն, անոնք պէտք չէ պատասխանատուութիւն կրեն ահաբեկչութեան համար: Եւ հետեւաբար մենք կը պահպանենք մեր հաւասարակշռուած դիրքորոշումը», աւելցուցած է ան:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Կազայի զարգացումներուն լոյսին տակ ջնջած է Իսրայէլ իր այցելութիւնը: «Ես Իսրայէլ այցելութեան ծրագիր ունէի, ջնջեցի, այցելութիւն տեղի պիտի չունենայ», Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ յայտարարած է ան:
«Իսրայէլի նկատմամբ բարի կամեցողութիւն ունէինք, սակայն չարաշահեցին մեր բարի կամեցողութիւնը, ուստի ջնջեցի Իսրայէլ այցելութիւնս», յայտնեց ան:
Ան քննադատած է Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւնը` նշելով, որ Անգարան «պիտի չարտօնէ Կազայի մէջ երեխաները սպաննել»: Անոր համաձայն, թէ՛ Կազայի վրայ յարձակումը կատարողները, թէ՛ ալ ատոր աջակցողները «հոգեկան հիւանդութեան» նշաններ ցոյց կու տան:
«Ժամանակն է յստակօրէն խօսելու անոնց հետ, որ կիներն ու մանուկները կը սպաննեն», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը` յայտարարելով. «Համասը ահաբեկչական կազմակերպութիւն չէ, այլ ազատագրական շարժում, որ իր հողն ու ժողովուրդը կը փրկէ»: