ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 24 հոկտեմբերի գիշերը գումարած Կազա-Իսրայէլ պատերազմի վերաբերեալ իր առաջին բաց նիստի ընթացքին խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը կոչ ուղղեցին Կազայի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը արտօնելու համար անմիջական զինադադար հաստատելու:
15 անդամներէ բաղկացած Ապահովութեան խորհուրդը մինչեւ օրս ձախողած է բռնարարքներուն վերջ տալու վերաբերեալ որոշում մը հրապարակել: Միացեալ Նահանգներ անցեալ շաբաթ վեթոյի ենթարկեց խորհուրդի 12 անդամներու աջակցութիւնը վայելող նախագիծ մը, որ կոչ կ՛ուղղէր վերջ տալու բախումներուն, սակայն ըստ Ուաշինկթընի` Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը բաւարար չափով չէր ընդգծեր: Նախքան այդ, Ռուսիոյ կողմէ պատրաստուած նախագիծ մը եւս մերժուած էր:
Նիստի ընթացքին խօսք առին շուրջ 90 երկիրներու ներկայացուցիչներ, ներառեալ 30 արտաքին գործոց նախարարներ ու փոխնախարարներ, եւ անոնցմէ շատեր կոչ ուղղեցին զինադադար հաստատելու եւ պաղեստինցի քաղաքայիններուն վրայ յարձակումները դադրեցնելու:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտնեց. «Ցաւով հետեւեցանք այս խորհուրդին երկու անգամ պատերազմին վերջ տալու որոշում որդեգրելու կամ նոյնիսկ զինադադարի կոչ ուղղելու անկարողութեան»:
Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յանուն ՄԱԿ-ի մէջ 22 անդամներէ բաղկացած արաբական խմբակին Իսրայէլը ամբաստանեց «Կազան գետնի հաւասարեցնելու» յանցանքով եւ ցաւ յայտնեց Ապահովութեան խորհուրդի անմիջական զինադադարի կոչ ուղղելու անկարողութեան համար:
Ան դիւանագէտներուն կոչ ուղղեց` որդեգրելու որոշում մը դադրեցնելու պատերազմը, դատապարտելու երկու կողմերէն քաղաքայիններու սպանութիւնը, կանխարգիլելու սովը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիներու հաւաքական պատիժը:
«Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է յստակ կեցուածք որդեգրէ հանգստացնելու 2 միլիառ արաբներն ու իսլամները, թէ միջազգային օրէնքը պիտի կիրարկուի», ըսաւ Սաֆատի:
Ուաշինկթըն, սակայն, յայտնեց, որ մարդասիրական դադար կը նախընտրէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն խորհուրդին կոչ ուղղեց` զօրակցելու ամերիկեան ղեկավարութեամբ որոշումի մը, որ «նկատառելի արձագանգներ կը ներառէ»:
Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, նշեալ նախագիծը կը պաշտպանէ «բոլոր պետութիւններուն ինքնապաշտպանութեան ինքնեկ իրաւունքը» եւ կոչ կ՛ուղղէ` միջազգային օրէնքը յարգելու: Անիկա օժանդակութեան մատակարարման համար «մարդասիրական դադարներ»-ու կը զօրակցի, սակայն ոչ ամբողջական զինադադարի:
Պլինքըն նաեւ շեշտեց պաղեստինցի քաղաքացիները պաշտպանելու կարիքը: «Իսրայէլ պէտք է բոլոր նախազգուշացումները որդեգրէ քաղաքայիններուն վնասը կանխարգիլելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «մարդասիրական դադարներ»-ու մասին պէտք է մտածուի օժանդակութեան Կազա մուտքը եւ քաղաքայիններուն «վնասի ճամբէն հեռանալ» արտօնելու համար:
Մինչ այդ, Ռուսիան իր սեփական նախագիծը ներկայացուցած է: Կը նախատեսուի, որ այս շաբաթ նշեալ նախագիծերուն շուրջ քուէարկութիւն տեղի ունենայ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես վերստին կրկնեց անմիջական զինադադար հաստատելու իր կոչը եւ ըսաւ, որ պաղեստինցի ժողովուրդի տառապանքները Իսրայէլի մէջ Համասի «7 հոկտեմբերի ահաւոր ու աննախադէպ ահաբեկչական արարքները» չեն արդարացներ, եւ Համասին կոչ ուղղեց ազատ արձակելու իր մօտ գտնուող գերիները:
«Այդ սոսկալի յարձակումները չեն կրնար պաղեստինցի ժողովուրդի հաւաքական պատժումը արդարացնել», շեշտեց Կութիերես եւ մտահոգութիւն յայտնեց «միջազգային օրէնքի յստակ ոտնահարումներուն» համար` Իսրայէլի կողմէ Կազայի շարունակական ռմբակոծումը, քանդումի տարողութիւնն ու քաղաքային կորուստներու մակարդակը կոչելով «սոսկալի»:
Ան անուղղակի կերպով Համասին ակնարկելով շեշտեց. «Քաղաքայինները պաշտպանելը երբեք չի կրնար զանոնք մարդկային վահաններու պէս օգտագործում նշանակել», ինչպէս նաեւ անուղղակի կերպով Իսրայէլին ակնարկելով յայտնեց. «Քաղաքայինները պաշտպանելը չի նշանակեր աւելի քան 1 միլիոն մարդոց հեռացում յայտարարել դէպի հարաւ, ուր ապաստանարան, սննդեղէն, ջուր, դեղորայք եւ վառելանիւթ չկայ, եւ ինքնին հարաւը ռմբակոծել շարունակել»:
Կութիերես ըսաւ, որ վերջին դէպքերը կարելի չէ անջատել պաղեստինցի ժողովուրդի 50-ամեայ տառապանքէն, եւ Համասը ոչինչէն չծնաւ:
Անոր այս խօսքը զայրացուց ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտանը, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հրաժարականը պահանջեց:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհեն քննադատելով Կութիերեսի խօսքը ըսաւ. «Ատոր դրդապատճառ չկայ, եւ ամօթ անոր»:
Քոհեն նախքան այդ ըսած էր. «Համասը քանդելը Իսրայէլի միայն իրաւունքը չէ: Ատիկա մեր պարտաւորութիւնն է»: