Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ այցելեց Թել Աւիւ, ուր յայտարարեց «Ֆրանսայի աջակցութիւնը Իսրայէլին», եւ շեշտեց. «7 հոկտեմբերին իսրայէլեան հողերուն վրայ Համաս շարժումին գործադրած արիւնալի յարձակումէն ետք սուգը կը միաւորէ երկու երկիրները»:
Մաքրոն ընկերային ցանցերու վրայ իր յայտարարութեան մէջ աւելցուց. «Մեր քաղաքացիներէն 30-ը սպաննուեցան, եւ տակաւին ինը ուրիշներ անհետ կորսուածներուն կամ պատանդներուն մէջ են: Թել Աւիւի մէջ անոնց ընտանիքներուն յայտնեցի ազգի զօրակցութիւնը»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Մաքրոնի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պնդեց, որ «Համասի բարբարոսութիւնը կը սպառնայ Միջին Արեւելքին, Եւրոպային ու աշխարհին»` նշելով. «Եթէ Հըզպալլան պատերազմին մասնակցելու սխալը գործէ, պիտի զղջայ»:
«Մեր կարելին կ՛ընենք վերջ տալու Համասին եւ ազատ արձակելու բոլոր պատանդներն ու քաղաքայիններուն վնաս չհասցնելու», ըսաւ Նեթանիահու` նշելով. «Կը ջանանք ամէնէն մօտ ժամանակին վերջ տալ պատերազմին, սակայն անիկա պիտի երկարի»:
Մաքրոն իր կարգին յայտնեց. «Եկայ բոլորին յիշեցնելու քանդումին դիմաց ինքզինք պաշտպանելու Իսրայէլի իրաւունքը»: Ան աւելցուց. «Կ՛առաջարկենք շրջանային ու միջազգային դաշինք կառուցել` դիմակայելու համար մեր բոլորին սպառնացող խմբաւորումները»:
«Մեր առաջնահերթութիւնը բոլոր ժողովրդավարութիւններուն առաջնահերթութիւնն է, եւ ատիկա Ֆրանսայի համար ահաբեկչական խմբաւորումներուն վրայ յաղթանակն է», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը:
«Հըզպալլան եւ իրանեան վարչակարգն ու Իսրայէլին բոլոր սպառնացողները պէտք չէ ներկայացնեն վտանգ մը, որուն պատճառով որեւէ տագնապէ բոլորը պարտուած դուրս կու գան», յայտնեց ան:
Ֆրանսայի նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եիցհաք Հերցոկի հետ: Վերջինս յայտնեց. «Եթէ Հըզպալլան մեզ պատերազմի տանի, ապա ատոր գինը Լիբանան պիտի վճարէ»:
«Մենք մեր հիւսիսային սահմաններուն վրայ կամ որեւէ այլ կողմի հետ ճակատումի չենք ձգտիր, եւ կը կեդրոնանանք Համաս շարժումի ենթակառոյցի կազմաքանդման վրայ, սակայն, կացութիւնը բարդ եւ զգայուն է», պնդեց Իսրայէլի նախագահը, նշելով, որ Թել Աւիւ «կը պահանջէ ազատ արձակել բոլոր պատանդներն ու առեւանգուածները»:
Մաքրոն իր կարգին յայտնեց. «Մեր բոլոր ջանքը պիտի թափենք Իսրայէլի եւ շրջանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը վերականգնելու համար»:
«Այսօր առաջին նպատակը առանց խտրութեան բոլոր պատանդներու ազատ արձակումն է», շեշտեց Մաքրոն` աւելցնելով. «7 հոկտեմբերին Իսրայէլի վրայ յարձակումը Ֆրանսայի եւ աշխարհի համար ցնցում էր»:
Մաքրոն յայտնեց. «Հըզպալլային ու տագնապին մասնակից դառնալ ուզող այլ խմբաւորումներուն յստակ պատգամներ յղեցինք»:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Շուէտի վարչապետին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանելով Կազայի կացութիւնը ըսաւ. «Իրանն ու Հըզպալլան պէտք չէ կացութիւնը շահագործեն, եւ պէտք է մագլցումը արգիլել»:
«Իսրայէլ ինքնապաշտպանութեան իրաւունք ունի` միջազգային օրէնքին համաձայն», ըսաւ ան` նշելով. «Քաղաքայինները պաշտպանելը անհրաժեշտ ու կարեւոր է, եւ կ՛ողջունեմ Կազա մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու ջանքերը»:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» հաղորդեց, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Եին, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է իր իսրայէլացի եւ պաղեստինցի պաշտօնակիցներուն հետ, ընդգծած է. «Յոյսով եմ, որ Պաղեստինը եւ Իսրայէլը պիտի առաջնորդուին երկարաժամկէտ շահերով` խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութեան առնչուած` յանուն ապագայ սերունդներուն»:
Չինական դիւանագիտութեան պետը Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի հետ վերջին իրադարձութիւններէն ետք առաջին զրոյցին ընթացքին ընդգծած է, որ բոլոր երկիրները ունին ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, սակայն անոնք պէտք է պաշտպանեն խաղաղ բնակիչները եւ պահպանեն միջազգային օրէնքը:
Եի ըսած է, որ Չինաստան խորապէս մտահոգ է տագնապին շարունակական սրումով: «Այժմ ամէնէն հրատապ խնդիրն է կանխարգիլել կացութեան հետագայ սրումը եւ աւելի լուրջ մարդասիրական աղէտի յանգիլը», ըսած է ան:
Վան Եի նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքիի հետ զրուցելով յայտնած է, որ Փեքին «խորապէս կ՛արտայայտէ իր համակրանքը պաղեստինեան կողմին նկատմամբ»:
«Այն, ինչ որ ներկայիս Կազայի ժողովուրդին ամէնէն շատ պէտք է, անվտանգութիւնը, սնունդն ու դեղորայքն են, այլ ոչ թէ պատերազմը, զէնքն ու զինամթերքը», ըսած է Եի:
Նշենք, որ Համաս երկուշաբթի գիշեր ազատ արձակեց տարեց կին մը, որ յայտարարեց, որ խաղաղութիւն կ՛ուզէ իրեն գերի վերցուցածներուն` հակառակ այս օրերու ընթացքին «դժոխքի մէջէն» անցնելուն: 85 տարեկան Եոչեւետ Լիֆշից եւ 79 տարեկան Նուրիտ Քուփեր Կազայի անցակէտին վրայ Համասի սեւազգեստ ու դիմակաւորուած զինեալներու կողմէ յանձնուած են Կարմիր խաչին:
Եոչեւետ հեռանալէ առաջ սեղմած է զինեալներէն մէկուն ձեռքը եւ ըսած` շալոմ (եբրայերէնով` խաղաղութիւն, «Ա.»): Այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ ան սեղմած է Համասի զինեալի ձեռքը, իսրայէլացի կինը պատասխանած է. «Որովհետեւ անոնք մեզի հետ շատ լաւ կը վերաբերէին»:
Կնոջ դուստրը` Բրիտանիոյ քաղաքացի Շերըն Լիֆշից մօր անունով պատմած է. «Մայրիկս կ՛ըսէ, որ անոնք շատ լաւ եւ զգուշ եղած են իրենց հետ եւ հոգացած անոնց բոլոր կարիքները»:
Եոչեւետի պատմելով` միայն կիներու պարագային չէ, որ Համասի զինեալները խնամքով վերաբերուած են պատանդներուն: «Տղամարդոցմէ մէկը ճամբան մոթորսիքլեթով արկածի պատճառով ծանր վիրաւորուած էր, անոր օգնութիւն ցուցաբերած են բուժաշխատողները: Անոնք մաքուր վայրի մէջ կը պահէին, շատ կը մտահոգուէին անոր համար», պատմած է կինը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նշեց, որ Ռուսիան Համասին կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս ազատ արձակելու իր մօտ գտնուող գերիները:


