Քրեմլին կ՛աջակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի յայտարարութեան, թէ աշխարհին նոր կարգ պէտք է, սակայն Մոսկուան համաձայն չէ, որ Ուաշինկթըն կրնայ այդ աշխարհակարգը կառուցել: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Մենք ամբողջովին համաձայն ենք պարոն Պայտընին: Ասիկա հազուադէպ դէպք է, երբ մենք ամբողջովին համաձայն ենք անոր ըսածներուն հետ: Իրօք, աշխարհին անհրաժեշտ է նոր աշխարհակարգ` հիմնուած բոլորովին այլ սկզբունքներու վրայ», ըսած է Փեսքով:
Քրեմլինի կարծիքով` այս աշխարհակարգը պէտք է զերծ ըլլայ կառավարման բոլոր մեքանիզմները մէկ պետութեան ձեռքին մէջ կեդրոնացնելու, իր կամքն ու որոշումները այլ երկիրներուն պարտադրելու փորձերէն:
Սակայն, շարունակած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը, Քրեմլին համաձայն չէ Պայտընի հետ անոր յայտարարութեան մէկ այլ հատուածին: «Պարոն Պայտընը արտայայտութիւն մը եւս ունեցաւ. «Միացեալ Նահանգները ի վիճակի են կառուցել նման աշխարհակարգ»: Այստեղ, այս մասին, մենք համաձայն չենք», ընդգծած է ան: