Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան զօրքերը վերջին շաբթուան ընթացքին ենթարկուած են անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով 14 յարձակումներու, որոնց ընթացքին վիրաւորուած են ամերիկացի 25 զինուորներ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր, օդուժի գնդապետ-զօրավար Փեթ Ռայտըր հաստատած է, որ Իրաքի մէջ զօրքերը 17-էն 24 հոկտեմբեր 11 անգամ յարձակումի ենթարկուած են, իսկ Սուրիա գտնուող զօրքերը նոյն ժամանակահատուածին 3 անգամ յարձակումի ենթարկուած են:
Փենթակոնի պաշտօնեաները նախապէս կը պնդէին, որ Իրան կանգնած է ամերիկեան զօրքերու վրայ կատարուած բոլոր յարձակումներուն ետին, թէեւ ներկայիս որեւէ ապացոյց չկայ, թէ այդ երկրին ղեկավարութիւնը տուած է յարձակումներու հրամանը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Աւստրալիոյ վարչապետ Էնթընի Ալպանեզի հետ Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «(Իրանի հոգեւոր պետ) այաթոլլային (Ալի Խամէնէիին, «Ա.») մեր պատգամը այն էր, որ եթէ անոնք շարունակեն գործել այս զինուորական ուժերու դէմ, մենք պիտի պատասխանենք: Եւ ան պէտք է պատրաստ ըլլայ»:
Ան նշեց, որ ամերիկեան ուժերը Միջին Արեւելք կը գտնուին ՏԱՀԵՇ-ը դիմակայելու եւ «անոր վերականգնումը կանխարգիլելու համար»: Ըստ Պայտընի, ատիկա «Իսրայէլի հետ ոչ մէկ կապ ունի»:


