Միջազգային

Սէուլ Եւ Ուաշինկթըն Վերատեսութեան  Ենթարկած Են Անվտանգութեան Մասին  Երկկողմանի Համաձայնագիրը

Սէուլ Եւ Ուաշինկթըն Վերատեսութեան Ենթարկած Են Անվտանգութեան Մասին Երկկողմանի Համաձայնագիրը

Հարաւային Քորէան եւ Միացեալ Նահանգները բանակցութիւններու ընթացքին վերատեսութեան ենթարկած են անվտանգութեան մասին համաձայնագիրը` ուղղուած Հիւսիսային Քորէայի յարձակողական հիւլէական զէնքի եւ հրթիռային սպառնալիքի դիմակայման: Համաձայնագիրը` Զսպման մասնագիտացած ռազմավարութիւն (Թի.Տի.Էս.) անունով, որ երկու երկիրները 10 տարի առաջ կնքած էին, ուղղուած է Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական զէնքի եւ այլ սպառազինութիւններու դիմակայման: Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարար Շին Վոն Սիքը եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Լոյտ Օսթինը...

«Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Երկարատեւ  Պատերազմ Կը Նախատեսէ»  Կ՛ըսէ Լաթվիոյ Նախագահը

«Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Երկարատեւ Պատերազմ Կը Նախատեսէ» Կ՛ըսէ Լաթվիոյ Նախագահը

Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ երկարատեւ պատերազմ կը նախատեսէ: Այս մասին «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է Լաթվիոյ նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչս: Ռինքեւիչս յայտնած է. «Կարեւոր է իսկապէս պայքարիլ միջազգային խաղաղութեան եւ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան համար, որովհետեւ, եթէ մենք Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ կանգնինք, այդ ժամանակ Ռուսիան պիտի չկարենայ մարտահրաւէրներ ուղղել այլ երկիրներու»: Անոր համաձայն, հակառակ Միացեալ Նահանգներու որոշ անդամներու «իրենց կարծիքը»...

Կազայի Մէջ Զինադադարը` Այսօր Առաւօտեան Ժամը 7:00-ին

Կազայի Մէջ Զինադադարը` Այսօր Առաւօտեան Ժամը 7:00-ին

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը պիտի սկսի այսօր առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Ան նաեւ նշեց, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը Ռաֆահի անցքին ճամբով անմիջապէս պիտի սկսի մուտք գործել Կազա: Համաս յայտարարեց, որ ըստ համաձայնութեան, ազատ պիտի արձակէ 19 տարեկանէն փոքր եղող 50 գերիներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին դիմաց Իսրայէլ 3 պաղեստինցի կին եւ երեխայ գերիներ ազատ պիտի արձակէ: Նախքան...

Միացեալ Նահանգներ-Քանատա Սահմանին Վրայ  Ինքնաշարժի Պայթումի Հարցով Ահաբեկչական  Որեւէ Ապացոյց Չէ Գտնուած

Միացեալ Նահանգներ-Քանատա Սահմանին Վրայ Ինքնաշարժի Պայթումի Հարցով Ահաբեկչական Որեւէ Ապացոյց Չէ Գտնուած

Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի սահմանին` Նիակարայի ջրվէժի մօտ գտնուող «Ռէյնպօ Պրիճ» կամուրջին վրայ ինքնաշարժի պայթումէն ժամեր ետք Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային եւ նահանգային իշխանութիւնները յայտարարած են, որ քննիչները ահաբեկչութեան որեւէ ապացոյց չեն գտած, եւ արկածին հանգամանքները տակաւին յստակ չեն, ինչպէս նաեւ յստակ չէ` դէպքը պատահականութի՞ւն է, թէ՞ դիտաւորեալ կատարուած է: Հետաքննութեան դաշնակցային գրասենեակի` «Էֆ.Պի.Այ.»-ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հետաքննութիւնը աւարտած է,...

Ֆինլանտան Այսօրուընէ Պիտի Փակէ  Ռուսիոյ Հետ Սահմանային Անցակէտերը

Ֆինլանտան Այսօրուընէ Պիտի Փակէ Ռուսիոյ Հետ Սահմանային Անցակէտերը

Ֆինլանտան 24 նոյեմբերէն պիտի փակէ Ռուսիոյ հետ գրեթէ բոլոր սահմանային անցակէտերը` փորձելով կասեցնել ապաստան հայցողներու հոսքը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութիւնը` վկայակոչելով Ֆինլանտայի վարչապետ Փեթեր Օրփոնի 22 նոյեմբերի մամլոյ ասուլիսը: Ֆինլանտան տակաւին բաց պիտի պահէ հիւսիսային միայն մէկ սահմանային անցակէտ: Խօսքը «Ռաճա-Ճոսեփ»-ի մասին է, որ յայտնի է «Լոթթա» անունով: Անիկա կը գտնուի Ռուսիոյ Մուրմանսք քաղաքէն 240 քիլոմեթր...

Թուրքիան Յառաջիկային Պիտի Չվաւերացնէ  Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը

Թուրքիան Յառաջիկային Պիտի Չվաւերացնէ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը

Թուրքիոյ իշխանութիւնները ՕԹԱՆ-ին տեղեկացուցած են, որ պիտի չկարենան մինչեւ 28-29 նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը վաւերացնել դաշինքին անդամակցութեան Շուէտի դիմումը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Լրատու գործակալութեան աղբիւրները կը նշեն, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կրնայ վաւերացման քննարկումներուն վերսկսիլ 28 կամ 29 նոյեմբերին: «Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ ՕԹԱՆ-ի որոշ ներկայացուցիչներ կ՛ակնկալէին, որ արտաքին...

Պայտընի Վարկանիշը Հասած Է  Պատմական Նուազագոյնի

Պայտընի Վարկանիշը Հասած Է Պատմական Նուազագոյնի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ժողովրդականութեան վարկանիշը հասած է իր նախագահութեան ընթացքին ամէնէն ցած մակարդակին` 40 առ հարիւրի, որովհետեւ բոլոր ընտրողներուն մեծամասնութիւնը հաւանութիւն չեն տար անոր արտաքին քաղաքականութեան եւ Իսրայէլի ու Համասի պատերազմին: Այս մասին կը վկայէ «Էն.Պի.Սի. Նիուզ»-ի ազգային հարցախոյզը: Պայտընի թուլացած դիրքերը առաւել նկատելի են դեմոկրատականներուն մօտ, որոնց մեծ մասը կը կարծէ, որ Իսրայէլ չափէն աւելի հեռու գացած...

Ըստ Թուրք Պաշտօնատարի Մը.  Էրտողանը Փութինէն Պիտի Խնդրէ Թուրք  Զինուորներու Վրայ Քիւրտերու  Յարձակումները Դադրեցնել

Էրտողանն Ու Փութինը Յառաջիկային Կրնան Կազայի Հարցը Քննարկել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան պիտի վերսկսի միջազգային ղեկավարներու հետ Կազայի հարցով «հեռաձայնային դիւանագիտութեան», հաւանական են նաեւ քննարկումներ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Թուրքիոյ ղեկավարի գրասենեակին մէջ իր աղբիւրին: «Պարոն նախագահը Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովէն ետք պիտի վերսկսի միջազգային ղեկավարներու հետ իր աւանդական «հեռաձայնային դիւանագիտութիւնը»` Կազայի մէջ տիրող կացութեան լուծման նիւթով», ըսած...

Համաս-Իսրայէլ Համաձայնութիւնը  Կը Թուի Մօտալուտ Ըլլալ

Համաս-Իսրայէլ Համաձայնութիւնը Կը Թուի Մօտալուտ Ըլլալ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ գերիներու ազատ արձակման գործարքին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յառաջդիմութեան արձանագրումը յայտարարեց` յոյս յայտնելով, որ շուտով լաւ լուրեր կրնան հաղորդուիլ: Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Իթմար Պըն Ղաֆիր յայտարարեց. «Կը մօտենանք Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման, եւ բոլորս պարտաւոր ենք յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին դժուար որոշումներ տալու»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց. «Կառավարութիւնը մտադիր է...

Իրան Մարտավարական  Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Իրան Մարտավարական Ռազմափորձեր Կը Կատարէ

Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ցամաքային զօրքերը մարտավարական ռազմափորձեր սկսած են հարաւարեւելեան Քերման քաղաքին մէջ: Ռազմափորձերը սկսած են Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մոհամետ Հիւսէյն Պաղերիի եւ Իրանի բանակի հրամանատար զօր. Ապտոլրահիմ Մուսաւիի ներկայութեամբ: Զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետը բացման խօսքին մէջ ընդգծած է, որ դիմադրութեան առանցքը պիտի ոչնչացնէ սիոնականները:

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Բանբերը Չէ Հերքած Ազրպէյճանի Հետ  Տարակարծութիւններու Գոյութիւնը

Քենաանի. «Եթէ Յարձակումները Շարունակուին, Դիմադրութեան Ուժերն Ու Շրջանի Ժողովուրդները Ձեռնածալ Պիտի Չմնան»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի, պատասխանելով Եմէնի մէջ իսրայէլեան նաւու գրաւման Իրանի մեղսակցութեան վերաբերեալ Իսրայէլի ամբաստանութեան մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Սիոնական գոյացութեան ամբաստանութիւնները առ ոչինչ են, եւ անոնց պատճառը սիոնական գոյացութեան դիմագրաւած ցաւալի պայմաններն են: Բազմիցս ըսած ենք, որ շրջանի դիմադրութեան ուժերը անկախ են, Իրանի կամակատարը չեն, եւ կը գործեն ըստ իրենց երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերուն: «Սիոնական գոյացութիւնը...

Հուսիները Իսրայէլեան Նաւ Մը Գրաւեցին

Հուսիները Իսրայէլեան Նաւ Մը Գրաւեցին

Եմէնի մէջ հուսիներու Անսարուլլա շարժումը գրաւեց իսրայէլեան «Կալաքսի Լիտըր» նաւը: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, նաւուն վրայ 22 անձեր կան: Իսրայէլեան աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ նաւը մասնակի կերպով սեփականութիւնն է իսրայէլեան ընկերութեան մը: Իսրայէլեան աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին հերքեցին, թէ նաւուն մէջ իսրայէլացիներ կան: Անսարուլլա շարժումէն ղեկավար մը, սակայն, «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Նախնական հետաքննութիւնները ցոյց կու տան, թէ նաւուն վրայ այլ երկիրներու հպատակութիւն ունեցող...

Ապտոլլահեան. «Մաքրոն Լաւ Չ՛ըմբռներ Լիբանանի Իրականութիւնները»

Ապտոլլահեան. «Որքան Աշխուժացնենք Շրջանային Համագործակցութեան Ձեւաչափերը, Այնքան Շրջանի Երկիրները Անկէ Կը Շահին»

Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները ընդգծած են շրջանային համագործակցութեան եւ մեքանիզմներու ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` առանց որեւէ արտաքին միջամտութեան խաղաղութեան ճամբայ հարթելու համար: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան նշած է, որ խաղաղութեան ապահովման եւ շրջանային միասնութեան բարելաւման նպատակով շրջանային մեքանիզմներու աշխուժացման անհրաժեշտութիւն կայ: Այս մասին կը գրէ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: «Բնականաբար, որքան աշխուժացնենք շրջանային համագործակցութեան ձեւաչափերը, այնքան շրջանի երկիրները...

Քաանի. «Իրան Անհրաժեշտ Ամէն  Բան Պիտի Ընէ Համասին Օգնելու»

Քաանի. «Իրան Անհրաժեշտ Ամէն Բան Պիտի Ընէ Համասին Օգնելու»

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» մասնայատուկ ջոկատի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի` Համասի զինեալ թեւի` Քասսամի փաղանգներու ընդհանուր հրամանատար Մոհամետ Տէյֆին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ Իրան «անհրաժեշտ եղող ամէն բան» պիտի ընէ, որպէսզի Իսրայէլի հետ պատերազմին մէջ օգնէ Համասին: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: «Դիմադրութեան առանցքի ձեր եղբայրները միաբան են ձեզի հետ եւ պիտի չարտօնեն, որ թշնամին հասնի Կազայի...

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Յանձնախումբը  Յետաձգած Է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան  Բանաձեւի Քննարկումը

Թուրքիոյ Խորհրդարանական Յանձնախումբը Յետաձգած Է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութեան Բանաձեւի Քննարկումը

Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը յետաձգած է Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը հաստատող օրինագիծի քննարկումը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թէեւ ընդգծուած է, որ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը «եւրատլանտեան շրջանը պիտի դարձնէ աւելի անվտանգ», ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ Անգարայի եւ Սթոքհոլմի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, սակայն Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պուրաք Աքչափար նշած է, որ Շուէտը ահաբեկչութեան հակազդելու «ճամբու քարտէս»...

Ազրպէյճան Պաքուի Մէջ Իսրայէլի  Դեսպանատան Դէմ  Յարձակում Մը Կանխարգիլած Է

Ազրպէյճան Պաքուի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում Մը Կանխարգիլած Է

Ազրպէյճանի անվտանգութեան ուժերը Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան վրայ յարձակում մը կանխարգիլած են: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական ԱՓԱ պետական լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իսրայէլեան մամուլը: Ըստ հաղորդման, իրանեան ծագումով տղամարդ մը փորձած է զէնքով ներխուժել Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանատուն, Ազրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները զինք զինաթափած են: Կը հաղորդուի, որ դէպքը տեղի ունեցած է նոյեմբերին, սակայն օրը չի յստակացուիր: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն...

Ըստ Փենթակոնի.  Գարնան Ու Ամրան Ուքրանիոյ  Ծանր Մարտեր Կը Սպասեն

17 Հոկտեմբերէն Ի Վեր Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Դէմ 56 Յարձակում

Փենթակոն յայտնած է, որ 17 հոկտեմբերէն ի վեր Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած են ամերիկեան ուժերու դէմ 56 յարձակումներ, որոնց հետեւանքով 59 ամերիկացի զինուորներ ուղեղի ցնցումային վնասներ կամ թեթեւ վէրքեր ստացած են: Անցեալ շաբաթ Եմէնի հուսիները Եմէնի ափերուն մօտ վար առած էին ամերիկեան «Էմ.Քիու-Ռիփըր» անօդաչու թռչող սարքը: Կը հաղորդուի, որ անօդաչու թռչող սարքը հսկողութիւն կը կատարէր Եմէնի մէջ, երբ...

Նեթանիահու Էրտողանը Մեղադրած Է Ահաբեկչութեան Աջակցելու Յանցանքով

Նեթանիահու Էրտողանը Մեղադրած Է Ահաբեկչութեան Աջակցելու Յանցանքով

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը մեղադրած է ահաբեկչութեան աջակցելու համար` յայտարարելով, որ Իսրայէլը պիտի չլսէ անոր քարոզները: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: «Պէտք է ըսեմ, որ աշխարհը այսօր բաժնուած է երկու ճամբարի. անոնք, որոնք կ՛աջակցին Իսրայէլին եւ անոր արդար պատերազմին ընդդէմ Համասի ահաբեկչութեան, եւ անոնք, որոնք կ՛աջակցին Համասի ահաբեկչութեան… կան ահաբեկչութեան աջակցող ուժեր, որոնցմէ մէկը Թուրքիոյ...

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց  Կազայի Մէջ Մարդասիրական  Զինադադարներ Հաստատելու

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կազայի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարներ Հաստատելու

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց Մալթայի կողմէ ներկայացուած նախագիծը, որ Կազայի մէջ մարդասիրական զինադադարներ հաստատելու կոչ կ՛ուղղէ: Ապահովութեան խորհուրդին որդեգրած որոշումը կոչ կ՛ուղղէ հաստատելու «շարք մը օրերու համար բաւարար զինադադարներ եւ ընդարձակ ու շտապ մարդասիրական միջանցքներ ստեղծելու»` արտօնելու Կազայի մէջ քաղաքայիններուն մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը: Գրեթէ իր բոլոր պարբերութիւններուն մէջ մանուկներու կացութեան ակնարկող որոշումը կոչ կ՛ուղղէ` «բոլոր կողմերուն յարգելու միջազգային օրէնքին հիմամբ...

Պայտըն-Ճինփինկ Բանակցութիւններու  Ընթացքին Կողմերը Հասած Են  «Կարեւոր Յառաջընթացի»

Պայտըն-Ճինփինկ Բանակցութիւններու Ընթացքին Կողմերը Հասած Են «Կարեւոր Յառաջընթացի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ հանդիպումը նկատած է ամէնէն կառուցողականներէն մէկը եւ ըսած, որ կողմերը յաջողած են հասնիլ «կարեւոր յառաջընթացի»: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Կը կարծեմ, որ անիկա մեր ամէնէն կառուցողական եւ արդիւնաւէտ քննարկումներէն մէկն էր: Մեր հանդիպումները միշտ եղած են բաւական անկեղծ, մենք ամէն ինչի շուրջ համաձայնութեան չենք եկած, սակայն ատոնք...

Page 182 of 882 1 … 181 182 183 … 882

Արխիւներ