Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի, պատասխանելով Եմէնի մէջ իսրայէլեան նաւու գրաւման Իրանի մեղսակցութեան վերաբերեալ Իսրայէլի ամբաստանութեան մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Սիոնական գոյացութեան ամբաստանութիւնները առ ոչինչ են, եւ անոնց պատճառը սիոնական գոյացութեան դիմագրաւած ցաւալի պայմաններն են: Բազմիցս ըսած ենք, որ շրջանի դիմադրութեան ուժերը անկախ են, Իրանի կամակատարը չեն, եւ կը գործեն ըստ իրենց երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերուն:
«Սիոնական գոյացութիւնը անկարող է ընդունիլ իր շրջանին մէջ դիմադրութեան խմբաւորումներուն դիմաց իր ռազմավարական ձախողութիւնը», ըսաւ Քենաանի` նշելով. «Շրջանին մէջ տագնապներու շարունակութիւնը հետեւանք է ամերիկեան իշխանութիւններուն սիոնական գոյացութեան ոճրային արարքներուն տրամադրած ամբողջական աջակցութեան»: «Մենք կը տեսնենք Կազայի անզէն ժողովուրդին վրայ Արեւմուտքի եւ մասնաւորաբար Ամերիկայի զօրակցութեամբ ցամաքային, ծովային եւ օդային շարունակուող յարձակումները», աւելցուց ան:
«Սիոնական գոյացութեան ոճիրներուն ամերիկեան անսահման զօրակցութիւնը շրջանի երկիրներէն լուրջ հակազդեցութեան արժանացաւ, եւ տեսանք Ապահովութեան խորհուրդէն որոշում մը, որ կոչ կ՛ուղղէ անմիջապէս ու վերջնական զինադադար հաստատելու` իբրեւ հակազդեցութիւն Կազայի մէջ մարդասիրական կացութեան վատթարացման: Սիոնական գոյացութեան վարմունքը շրջանի դիմադրութեան խմբաւորումները կը մղէ հակադարձելու, եւ անոնք Ամերիկան ու սիոնական գոյացութիւնը բազմիցս զգուշացուցած էին, որ եթէ այդ յարձակումները շարունակուին, դիմադրութեան խմբաւորումները անոնց նկատմամբ լուրջ պիտի չմնան», յայտնեց Քենաանի:
«Աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ սիոնական գոյացութեան ոճիրներուն եւ Միացեալ Նահանգներուն այդ ոճիրներուն զօրակցութեան շարունակման դէմ բազմամարդ ցոյցերը ցոյց կու տան, որ աշխարհի ժողովուրդները դժգոհ են Կազայի մէջ տեղի ունեցողէն եւ կ՛ուզեն, որ պատերազմը դադրի», ըսաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
«Ամերիկան եւ սիոնական գոյացութիւնը թող իմանան, որ այս կացութենէն չեն կրնար ձերբազատուիլ, առանց պատերազմին անմիջապէս վերջ տալու, մարդասիրական օժանդակութիւններու առաքումը արտօնելու եւ Կազայի ժողովուրդի բռնի տեղահանման վերջ տալու: Շրջանի ժողովուրդները լուռ պիտի չմնան ոճիրներու շարունակման նկատմամբ, եւ եթէ յարձակումները շարունակուին, դիմադրութեան ուժերն ու շրջանի ժողովուրդները ձեռնածալ պիտի չմնան, եւ սիոնական գոյացութեան եւ Ամերիկային բազմիցս այդ առնչութեամբ զգուշացում ուղղուած է», յայտարարեց Քենաանի:
Իսրայէլեան բանակը «կ՛ընդլայնէ» Կազայի մէջ «գործողութիւնը»: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլ նախազգուշացուցած է Ժապալիայի եւ մերձակայ ճամբարի գաղթականները հեռանալու շրջանէն: Իսրայէլացի զինուորականները յայտարարած են, որ «կ՛ընդլայնեն Կազայի մէջ իրենց գործողութիւնը… լրացուցիչ շրջաններու մէջ»:
Իսրայէլացի զինուորականները յայտարարած են, որ Ժապալիան կը գտնուի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ, որովհետեւ զօրքերը «կը թիրախաւորեն ահաբեկիչները եւ հարուածներ կը հասցնեն Համասի ենթակառոյցին»:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ը հաղորդեց. «Նեթանիահուի կառավարութենէն նախարարներ զօրակցեցան պաղեստինցիները Կազայէն դուրս բնակեցնելու առաջարկին»:
Կազայի առողջապահութեան ներկայացուցիչը հաղորդած էր, որ Ժապալիային հասցուած հարուածներուն, որոնցմէ մէկը ՄԱԿ-ի դպրոցի մը դէմ, 80 մարդ սպաննուած է:
Պաղեստինեան «Ուաֆա» լրատու գործակալութիւնը երկուշաբթի օր հաղորդեց, որ Ժապալիայէն ոչ հեռու գտնուող Ինտոնեզիական հիւանդանոցը գնդակոծութեան ենթարկուած է:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի Պաղեստինեան իշխանութեան եւ չորս արաբական ու իսլամական երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու պատուիրակութեան առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Միջազգային ընտանիքը պէտք է շտապ քայլեր որդեգրէ Կազայի մէջ ընթացող մարդասիրական աղէտը դադրեցնելու համար»:
«Միասնաբար աշխատինք Կազայի մէջ կացութիւնը արագօրէն հանդարտեցնելու եւ կարելի եղածին չափ շուտ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը վերականգնելու», ըսաւ չինական դիւանագիտութեան պետը:
«Կազայի կացութիւնը աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ բոլոր երկիրներուն վրայ կ՛ազդէ եւ վերատեսութեան կ՛ենթարկէ բարիի եւ չարի սկզբունքն ու մարդկային հիմնարար սկզբունքները», ըսաւ ան:
«Միջազգային ընտանիքը պէտք է արագօրէն շարժի եւ ազդու քայլեր որդեգրէ այս ողբերգութեան տարածումը արգիլելու համար», յայտնեց Եի:
«Չինաստանը արաբական եւ իսլամական երկիրներու լաւ բարեկամ ու եղբայր է: Միշտ պաշտպանած ենք արաբական եւ իսլամական պետութիւններու օրինական իրաւունքներն ու շահերը, եւ միշտ ուժեղ կերպով զօրակցած պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ ազգային օրինական շահերուն», ըսաւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Կազայէն եկող լուսանկարներու աճին լոյսին տակ կը պայքարի Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն համոզելու մագլցումը արգիլելու:
«Պայտընի վարչակարգի պաշտօնատարները մտահոգ են Իսրայէլի նկատմամբ ամբողջական աջակցութեան հաւանական տեղական հետեւանքներէն, եւ Ուաշինկթըն իսրայէլեան կառավարութեան յայտնեց Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու թիւին նկատմամբ իր հիասթափութիւնը», կը հաղորդէ ամերիկեան օրաթերթը:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են. «Մտահոգ ենք պաղեստինցի զոհերուն նկատմամբ, եւ Կազայի վերաբերեալ Իսրայէլի վերջնական ծրագիրներէն»:
«Պայտընի եւ Նեթանիահուի զրոյցները աւելի լարուած դարձան Նեթանիահուի աւելի երկարատեւ զինադադարներ մերժելուն պատճառով», ըսած են պաշտօնատարները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաշխարհային ուժանիւթի անվտանգութեան հարցով աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայն «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը վստահ է, որ արաբական երկիրները քարիւղը իբրեւ զէնք պիտի չօգտագործեն:
«Քարիւղը սպառողական ապրանք դառնալէ ետք, մերթ ընդ մերթ իբրեւ զէնք օգտագործուեցաւ, ուստի մենք միշտ այդ առնչութեամբ մտահոգ ենք, եւ աշխատանք կը տանինք, որ ատիկա տեղի չունենայ, սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա տակաւին տեղի չունեցաւ», յայտնեց Հոքշթայն:
«Միացեալ Նահանգներու եւ Ծոցի քարիւղ արտադրող երկիրներուն, ներառեալ Սէուտական Արաբիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթի մարզին մէջ բախումներու արձանագրումը կանխարգիլելու համար գործակցութեան մակարդակը անցնող երկու տարիներուն ընթացքին շատ բարձր էր», նշեց ան:
«Արաբական երկիրները շատ լաւ գիտեն այս առումով ամերիկեան կեցուածքը», յայտնեց Հոքշթայն` աւելցնելով. «Ուաշինկթըն եւ Ծոցի երկիրները միշտ չէ, որ կարգ մը հարցերու շուրջ համաձայն են, սակայն կրնան իրարու հետ աշխատիլ»: