Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ երկարատեւ պատերազմ կը նախատեսէ: Այս մասին «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է Լաթվիոյ նախագահ Էտկարս Ռինքեւիչս:
Ռինքեւիչս յայտնած է. «Կարեւոր է իսկապէս պայքարիլ միջազգային խաղաղութեան եւ Եւրոպայի մէջ խաղաղութեան համար, որովհետեւ, եթէ մենք Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ կանգնինք, այդ ժամանակ Ռուսիան պիտի չկարենայ մարտահրաւէրներ ուղղել այլ երկիրներու»:
Անոր համաձայն, հակառակ Միացեալ Նահանգներու որոշ անդամներու «իրենց կարծիքը» ունին, ի վերջոյ միութիւնը համաձայնած է պատժամիջոցներ հաստատել Ռուսիոյ դէմ եւ լրացուցիչ օգնութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ:
«Հետաքրքրական է, որ այս պահուս Եւրոպական Միութիւնը աւելի պառակտուած է, երբ խօսքը կը վերաբերի Միջին Արեւելքին եւ Ուքրանիոյ», ըսած է ան:
Անոր կարծիքով` Արեւմուտքի համար կարեւոր է աջակցիլ Ուքրանիոյ ու Իսրայէլի «արժէքներուն» եւ միջազգային կարգին ուղղուած յարձակումներու դէմ պայքարին:
Ան ընդգծած է Կազայի մէջ մարդասիրական դադարի հասնելու անհրաժեշտութիւնը` պաղեստինցի քաղաքայիններուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:
Ռինքեւիչս ըսած է, որ Իրան «շատ ուրախ է տեսնելով Միջին Արեւելքի մէջ իրադարձութիւններու նման զարգացումը», եւ նշած, որ Թեհրան Ռուսիոյ զէնք կը մատակարարէ:
«ՕԹԱՆ-ի անվտանգութեան շահերէն կը բխի երկու դէպքերը միանման գնահատելը», ըսած է ան` աւելցնելով. «Ես կը հաւատամ, որ մեզի համար աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Եւրոպայի մէջ խաղաղութիւնը պահպանել, եթէ Ուքրանիան յաջողութեան հասնի»:
Անոր կարծիքով` Արեւմուտքը պատասխանատուութիւն կը կրէ պատասխանելու Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մեծ քանակութեան զէնքի մատակարարման կոչին, «որովհետեւ մենք չենք տրամադրած այնքան զէնք, որքան պէտք էր»: