Միջազգային

Պաքուն Եւ Ուաշինկթընը Կը Վերականգնեն Բարձր Մակարդակի Այցելութիւնները

Պաքուն Եւ Ուաշինկթընը Կը Վերականգնեն Բարձր Մակարդակի Այցելութիւնները

Ազրպէյճանի վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու վերջին յայտարարութիւններն ու քայլերը լուրջ վնաս հասցուցած են Ազրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, երէկ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ժամանակ: Ալիեւ կողմնակալ նկատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ’Պրայընի` 15 նոյեմբերին Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբի...

Պիլսթրիոմ. «Էֆ.35»-ներու` Թուրքիա Առաքման Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հարցերը Փոխկապակցուած Են»

Պիլսթրիոմ. «Էֆ.35»-ներու` Թուրքիա Առաքման Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութեան Հարցերը Փոխկապակցուած Են»

«Թուրքիա «Էֆ-35» մակնիշի ամերիկեան հալածիչներու մատակարարման եւ Սթոքհոլմի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցերը փոխկապակցուած են», երէկ Պրիւքսելի մէջ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի վեհաժողովի մեկնարկին յայտարարած է Շուէտի արտաքին գործոց նախարար Թոպի Պիլսթրիոմ: «Այս մասին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը յայտարարած էր սեպտեմբերին, այնպէս որ ասիկա կարելի է շատ վատ թաքցուած գաղտնիք որակել», նշած է շուէտական արտաքին քաղաքական նախարարութեան ղեկավարը: «Սթոքհոլմը ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու համար անհրաժեշտ է բոլոր...

Պաքու. «Հայաստանը Բռնագրաւուած Ազրպէյճանական 8 Գիւղ Չէ Յանձնած»

Ֆրանսայի Դեսպանը, Միացեալ Նահանգներու Եւ Գերմանիոյ Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարները Կանչուած Են Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած են Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի դիւանագէտները: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան: Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի դեսպանը առանձին կանչուած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն: Պաքու կը պնդէ, որ արեւմտեան երկիրները խախտած են դրամաշնորհներու վերաբերեալ Ազրպէյճանի օրէնսդրութիւնը` ֆինանսաւորելով «Ապզաս Մետիա» լրատու...

Համաձայնութիւն` Կազայի Մէջ Մարդասիրական  Ժամանակաւոր Զինադադարը Երկու Օրով Երկարաձգելու

Համաձայնութիւն` Կազայի Մէջ Մարդասիրական Ժամանակաւոր Զինադադարը Երկու Օրով Երկարաձգելու

Երէկ աւարտեցաւ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ ուրբաթ, 24 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-էն ուժի մէջ մտած զինադադարի եւ գերիներու փոխադարձ ազատ արձակման գործարքի 4-օրեայ ժամկէտը` ստեղծելով այն հարցականը, թէ զինադադարը պիտի երկարաձգուի՞, թէ՞ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումները այսօր պիտի վերսկսին: Մինչ այդ, սակայն, երէկ երեկոյեան Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի յայտարարեց ժամանակաւոր զինադադարի երկու օրով երկարաձգումը: Ան յստակացուց, որ...

Ոստիկանութիւնը Վերմոնթի Մէջ Պաղեստինցի 3 Ուսանողներու Վրայ Կրակոցի Հարցով Կասկածելի Մը Ձերբակալեց

Ոստիկանութիւնը Վերմոնթի Մէջ Պաղեստինցի 3 Ուսանողներու Վրայ Կրակոցի Հարցով Կասկածելի Մը Ձերբակալեց

Ամերիկեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած է Վերմոնթ նահանգին մէջ 3 պաղեստինցի ուսանողներու վրայ կրակոցի հարցով կասկածելի մը: Ոստիկանութիւնը նախապէս նշած էր, որ պաղեստինեան ծագումով երեք համալսարանական ուսանողներ վիրաւորուած են Վերմոնթ Նահանգի Պերլինկթըն քաղաքին մէջ` նշելով, որ կը թուի, թէ դէպքը «ատելութեան հիմամբ ոճիր» է:  

Ատենի Ծոցին Մէջ Ամերիկեան Խորտընկէցի Մը Ուղղութեամբ 2 Թեւաւոր Հրթիռներ Արձակուած Են

Ատենի Ծոցին Մէջ Ամերիկեան Խորտընկէցի Մը Ուղղութեամբ 2 Թեւաւոր Հրթիռներ Արձակուած Են

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներէ Ատենի ծոցին մէջ գտնուող ամերիկեան խորտընկէցի մը ուղղութեամբ երկու թեւաւոր հրթիռներ արձակուած են: «Երկու հրթիռները ամերիկեան խորտընկէցէն շուրջ 10 մղոն հեռաւորութեան վրայ ինկան», նշեց հրամանատարութիւնը: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը նաեւ նշեց. «Ամերիկեան խորտընկէցը կ՛ընդառաջէր օգնութեան կոչին քարիւղատարի մը, որ երկու հրթիռներու արձակման ատեն յարձակումի ենթարկուեցաւ»: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, երէկ...

Քենաանի. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւնները Լաւ Մակարդակի Վրայ Են»

Քենաանի. «Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Յարաբերութիւնները Լաւ Մակարդակի Վրայ Են»

Իրանի իսլամական հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի հանրապետութեան յարաբերութիւնները լաւ մակարդակի վրայ են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի: «Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները լաւ մակարդակի վրայ են: Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը կը զարգանան քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ոլորտներու մէջ: Յոյսով ենք, որ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի հասարակաց շահերու ծիրին...

Էրտողանի Հետ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութեան Ընթացքին.  «Ամերիկացիները Իրաւունք Չունին Կազայի Հարցին  Միջամտելու, Եւ Միայն Անոր Բնակիչները  Իրաւունք Ունին Տարածքի Ապագան Ճշդելու»  Կ՛ըսէ Ռայիսի

Էրտողանի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին. «Ամերիկացիները Իրաւունք Չունին Կազայի Հարցին Միջամտելու, Եւ Միայն Անոր Բնակիչները Իրաւունք Ունին Տարածքի Ապագան Ճշդելու» Կ՛ըսէ Ռայիսի

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի իր թուրք պաշտօնակից Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է շրջանի վերջին զարգացումներն ու Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը: Այս մասին հաղորդեց Իրանի նախագահական պալատը: Ռայիսի Էրտողանին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ Կազայի բնակիչները կը սպաննեն եւ կը նպաստեն տարածքին մէջ քաղաքայիններու դէմ ոճիրներու շարունակման»: «Ամերիկան մեղսակից է ոճիրներուն եւ ցեղասպանութեան, որոնք սիոնականները կը գործադրեն, եւ...

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակումը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Գերիներու Փոխանակումը 3-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

Պաղեստինեան Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան ընթացքին արձանագրուած բախումներուն ընթացքին մահացած են շարք մը մարտական ղեկավարներ, որոնց շարքին են Քասսամի փաղանգներու զինուորական խորհուրդի անդամ եւ հիւսիսային Կազայի ջոկատի հրամանատար Ահման Ղանտուրը, Ուաէլ Ռաժապը, Ռաըֆաթ Սալմանը եւ Այման Սիամը: Քասսամի փաղանգները խոստացան շարունակել անոնց ուղին: Համաս շարժումն ու Իսրայէլը կիրակի գիշեր գերիներու փոխանակում կատարեցին: Համաս...

Ատենի Ծոցին Մէջ Իսրայէլեան Նաւ Մը Գրաւուեցաւ

Ատենի Ծոցին Մէջ Իսրայէլեան Նաւ Մը Գրաւուեցաւ

Պաշտպանական մարզի ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց. «Կը կարծուի, որ անծանօթ զինեալներ կիրակի օր Ատենի ծոցին մէջ գրաւած են քարիւղատար «Սենթրըլ Փարք» նաւը»: Ըստ անոր, ամերիկեան ուժերն ու Միջազգային դաշինքի ուժերը կը գտնուին դէպքի վայրին մօտ եւ կացութեան կը հետեւին: Նախքան այդ, իսրայէլեան աղբիւրներ հաղորդեցին, որ եմէնեան ուժեր գրաւած են իսրայէլացի գործարարի մը պատկանող «Սենթրըլ Փարք» նաւը: Ըստ «Էլ.Էս.Այ.Ճի.»-ի տուեալներուն, քարիւղատար...

Ֆիտան. «Թուրքիան Վերստին Պատրաստ Է  Կազմակերպելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ  Բանակցութիւնները»

Ֆիտան. «Թուրքիան Վերստին Պատրաստ Է Կազմակերպելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Բանակցութիւնները»

Թուրքիան պատրաստ է կազմակերպելու Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ բանակցութիւնները, երբ նման երկխօսութեան համար ըլլան անհրաժեշտ պայմաններ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան: Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան սկիզբէն քաղաքական եւ ռազմավարական աջակցութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, ներառեալ Խրիմը: Նախարարը աւելցուցած է, որ իր երկիրը օգնած է կանխարգիլելու...

Փութին. «Որոշ Երկիրներ Կը Փորձեն Խաթարել  ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներուն Մէջ  Օրինական Իշխանութիւնը»

Փութին. «Որոշ Երկիրներ Կը Փորձեն Խաթարել ԱՊՀ-ի Անդամ Երկիրներուն Մէջ Օրինական Իշխանութիւնը»

Որոշ երկիրներ կը փորձեն խաթարել օրինական իշխանութիւնը, աւանդական արժէքները եւ ընդհանուր առմամբ ԱՊՀ երկիրներուն մէջ կացութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ԱՊՀ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հանդիպումին մասնակիցներուն ուղղուած տեսաուղերձին մէջ յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը: «Համաշխարհային անկայունութիւնը կը փոխանցուի նաեւ Եւրասիա: Աւելի՛ն, որոշ երկիրներու քայլերը ուղղակիօրէն ուղղուած են ԱՊՀ երկիրներու մէջ օրինական իշխանութիւնը, ընկերային կայունութիւնը եւ...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կողմնակից Է Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Մեկնարկին Եւ Կ՛առաջարկէ Վրաստանին Եւրոպական Միութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Տալ Վրաստանին

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կողմնակից Է Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւններու Մեկնարկին Եւ Կ՛առաջարկէ Վրաստանին Եւրոպական Միութեան Թեկնածուի Կարգավիճակ Տալ Վրաստանին

Եւրոպական Միութեան գլխաւոր գործադիր մարմինը` Եւրոպական յանձնաժողովը, դաշինքի ղեկավարութեան խորհուրդ կու տայ անդամակցութեան շուրջ պաշտօնական բանակցութիւններ սկսիլ Ուքրանիոյ հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի այս որոշումը հրապարակուած է 8 նոյեմբերին, Պրիւքսելի մէջ: Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպական Միութեան ղեկավարները նշած են, որ բանակցութիւններու պաշտօնական մեկնարկը կախեալ պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ կողմէ շարք մը նախապայմաններու կատարումէն: «Անոնց շարքին են բռնագրաւումի դէմ...

Մոսկուան Թշնամական Քայլ Կը Նկատէ  Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան  Պատժամիջոցներուն Մոլտովայի Միանալը

Մոսկուան Թշնամական Քայլ Կը Նկատէ Ռուսիոյ Դէմ Եւրոպական Միութեան Պատժամիջոցներուն Մոլտովայի Միանալը

Մոսկուան Ռուսիոյ դէմ Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներուն Մոլտովայի միանալը կը գնահատէ իբրեւ թշնամական քայլ: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Ատիկա կը գնահատենք իբրեւ հերթական թշնամական քայլ Մոլտովայի ղեկավարութեան կողմէ, որ ամբողջովին համարկուած է «հաւաքական Արեւմուտք»-ի հակառուսական արշաւին մէջ: Ատոր նպատակը ի սպառ ոչնչացումն է ռուս-մոլտովական յարաբերութիւններուն, որոնք Քիշնեւի մեղքով արդէն կը գտնուին շատ անմխիթար վիճակի...

Կազայի Մէջ Ժամանակաւոր Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մուտք Գործեց Գործադրութեան Փուլ

Կազայի Մէջ Ժամանակաւոր Զինադադարի Համաձայնութիւնը Մուտք Գործեց Գործադրութեան Փուլ

Երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումի միջեւ քաթարեան միջնորդութեամբ գոյացած զինադադարը մուտք գործեց գործադրութեան փուլ: Ժամանակաւոր զինադադարի հաստատումէն ետք, տասնեակներով պաղեստինցի ընտանիքներ սկսան իրենց տուները վերադառնալ: «Շարք» հաղորդեց, որ ակամայ Արիշ շրջանին մէջ «բանտարկուած» 2000 պաղեստինցիներ կը պատրաստուին Կազա վերադառնալ: Սակայն իսրայէլեան ուժերը արգելք հանդիսացան պաղեստինցիներու վերադարձին: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Ռանթիսի հիւանդանոցի...

Ծայրայեղ Աջակողմեանները Նետերլանտներու Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեցին

Ծայրայեղ Աջակողմեանները Նետերլանտներու Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեցին

Նետերլանտներու Ներկայացուցիչներու տան արտակարգ ընտրութիւններուն առաջին դիրքը գրաւեց ծայրայեղ աջակողմեան «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը` կրկնապատկելով ընթացաւարտ խորհրդարանին մէջ իր ունեցած աթոռներուն թիւը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ վերլուծաբաններուն համար այդ կուսակցութեան ապահոված քուէները շատ անսպասելի էին: Ընկերային հարցախոյզները նման արդիւնք չէին կանխատեսած: «Ազատութիւն» կուսակցութիւնը հաւաքած է քուէներուն 23,5 առ հարիւրը, ինչ որ խորհրդարանի 150 աթոռներէ բաղկացած ստորին պալատին մէջ անոնց պիտի...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ողջունէ Լեռնային  Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումը

Եւրոպական Միութիւնը Արտօնած Է Մոլտովան Եւ Վրաստանը Մաս Առ Մաս Միութիւն Ընդունելու Կարելիութիւնը

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան բանբեր Փիթեր Սթանօ յայտնած է, որ հաւանական է Մոլտովայի եւ Վրաստանի մասնակի ընդունումը Եւրոպական Միութիւն առանց Մերձտնեսթրի, Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ տարածքներուն: Սթանօ ընդգծած է, որ այս երկիրներու եւրոպական ապագան պէտք չէ կախեալ ըլլայ տագնապներէն: Նախքան այդ, Եւրոպական յանձնաժողովը հրապարակած էր 2023 թուականի ընդլայնման վերաբերեալ զեկուցումը, որուն մէջ կ՛առաջարկուէր Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ Եւրոպական Միութեան...

Վաղը 2019-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Վաղը 2019-էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի Եւ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարները կիրակի օր 2019-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով պիտի գումարեն եռակողմ ժողով մը: Այս մասին հաղորդեց Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Հարաւային Քորէայի, Ճափոնի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Փարք Ճեն, Եոք Քիմիաքաուա եւ Ուանկ Եի կիրակի օր հանդիպում պիտի ունենան հարաւային ծովեզերեայ Պուսան քաղաքին մէջ, մինչ Փեքինի մօտ Ուաշինկթընի հետ Թոքիոյի...

ՕԹԱՆ-ի Պաշտօնատար Մը Կ՛առաջարկէ  «Ռազմական Շենկեն»-ի Գօտի Ստեղծել

ՕԹԱՆ-ի Պաշտօնատար Մը Կ՛առաջարկէ «Ռազմական Շենկեն»-ի Գօտի Ստեղծել

ՕԹԱՆ-ի մէջ կայ այն կարծիքը, որ դիւանակալական քաշքշուքները կը խանգարեն Եւրոպայի մէջ զօրքերու արագ տեղաշարժը, եւ այդ խնդիրը կրնայ լուրջ ձգձգումներու պատճառ դառնալ Ռուսիոյ հետ տագնապի պարագային: «Աջակցութեան եւ ապահովման միացեալ հրամանատարութեան» ղեկավար Ալեքսանտր Սոլֆրանք «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է. «Այն, ինչ որ մենք խաղաղ ժամանակ չենք ըներ, պատրաստ պիտի չըլլայ ճգնաժամի կամ պատերազմի պարագային»: «Դաշինքը պէտք է զօրքերը իր ռազմակայաններէն գործնականօրէն...

«Պայտըն Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման  Կողմնակից Չըլլալուն Պատճառով Կը Կորսնցնէ  Երիտասարդութեան Աջակցութիւնը»  Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

«Պայտըն Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Կողմնակից Չըլլալուն Պատճառով Կը Կորսնցնէ Երիտասարդութեան Աջակցութիւնը» Կը Գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` երիտասարդ ընտրողներու շրջանակին մօտ ժողովրդականութիւնը կը նուազի Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման կողմնակից չըլլալուն պատճառով: Այս գնահատականը տրուած է «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ: Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը կը նշէ. «Միջին Արեւելքի մէջ զոհերու թիւի աճին լոյսին տակ որոշ երիտասարդ ընտրողներ կը հիասթափուին այն բանէն, թէ նախագահ Պայտըն ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ (իրադարձութիւններուն), եւ կը մտածեն քուէարկել երրորդ...

Page 181 of 882 1 … 180 181 182 … 882

Արխիւներ