Թուրքիոյ իշխանութիւնները ՕԹԱՆ-ին տեղեկացուցած են, որ պիտի չկարենան մինչեւ 28-29 նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը վաւերացնել դաշինքին անդամակցութեան Շուէտի դիմումը: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Լրատու գործակալութեան աղբիւրները կը նշեն, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը կրնայ վաւերացման քննարկումներուն վերսկսիլ 28 կամ 29 նոյեմբերին:
«Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ ՕԹԱՆ-ի որոշ ներկայացուցիչներ կ՛ակնկալէին, որ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման հիմամբ Շուէտը արդէն պիտի կարենայ դառնալ դաշինքի անդամ, եւ պիտի կազմակերպուին համապատասխան արարողութիւններ:
Օրինագիծը նախ պէտք է վաւերացուի Թուրքիոյ խորհրդարանի յանձնախումբին կողմէ, ապա պիտի քուէարկէ ամբողջ խորհրդարանը. այդ քուէարկութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յանձնախումբի որոշումէն քանի մը օր կամ շաբաթ մը ետք: Ատկէ ետք, փաստաթուղթը պէտք է ստորագրէ երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Շուէտի` ՕԹԱՆ-ին միանալու մասին արձանագրութիւնը մինչեւ հիմա վաւերացուցած է դաշինքի անդամ 31 երկիր, միայն Հունգարիան եւ Թուրքիան զայն չեն հաստատած:
Անգարայի կողմէ այս փաստաթուղթի շուտափոյթ վաւերացման վերաբերեալ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ ՕԹԱՆ-ի, Թուրքիոյ եւ Շուէտի միջեւ յուլիսին Վիլնիուսի մէջ դաշինքի վեհաժողովէն առաջ: Բայց եւ այնպէս, թրքական կողմը ատկէ ետք քանի մը պայմաններ առաջադրած է դիմումի հաստատման համար: Այդ պայմանները կը ներառեն համագործակցութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ եւ Եւրոպական Միութեան հետ տնտեսական ու մուտքի արտօնագրի համարկման արագացումը: