Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի սահմանին` Նիակարայի ջրվէժի մօտ գտնուող «Ռէյնպօ Պրիճ» կամուրջին վրայ ինքնաշարժի պայթումէն ժամեր ետք Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային եւ նահանգային իշխանութիւնները յայտարարած են, որ քննիչները ահաբեկչութեան որեւէ ապացոյց չեն գտած, եւ արկածին հանգամանքները տակաւին յստակ չեն, ինչպէս նաեւ յստակ չէ` դէպքը պատահականութի՞ւն է, թէ՞ դիտաւորեալ կատարուած է:
Հետաքննութեան դաշնակցային գրասենեակի` «Էֆ.Պի.Այ.»-ի յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «Հետաքննութիւնը աւարտած է, դէպքի վայրին զննութեան ժամանակ պայթուցիկ նիւթեր չեն յայտնաբերուած, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան առնչուած կապ չէ յայտնաբերուած»:
Կամուրջին վրայ ինքնաշարժի պայթումէն երկու մարդ մահացած է` ինքնաշարժի վարորդն ու ուղեւորը, իսկ Միացեալ Նահանգներու մաքսային եւ սահմանային պաշտպանութեան ծառայութեան աշխատակիցը թեթեւ վնասուածքներ ստացած է: Զոհերու ինքնութիւնը տակաւին յստակ չէ:
«Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ինքնաշարժի վարորդը 56 տարեկան տղամարդ մըն էր, որ իր կնոջ հետ «Պենթլի» տիպի ինքնաշարժով կ՛երթար մասնակցելու ռոք երաժշտութեան «ՔԻՍՍ» խումբի համերգին:
Ըստ ականատեսներու, ամերիկեան տարածքէն կամուրջին մօտեցող ինքնաշարժը անսպասելիօրէն արագացուցած է ընթացքը, բախած է արգելապատնէշին, քանի մը մեթր օդ բարձրացած է, ապա ինկած է եւ անցակէտի շէնքին մօտ պայթած:
Քննիչները չէին բացառած, որ տեղի ունեցածը ահաբեկչական գործողութիւն է: Կ՛ենթադրուէր, որ այդ ինքնաշարժին մէջ պայթուցիկներ եղած են:
Երթեւեկը կանգնեցուած էր: Այդ ծիրին մէջ բոլոր ամերիկա-քանատական անցակէտերը եւ մերձակայքը գտնուող մեծ քաղաքներէն Պուֆալոյի օդակայանը որոշ ժամանակ փակուած էին: Իրաւապահները խիստ հսկողութիւն հաստատած էին: