Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» մասնայատուկ ջոկատի հրամանատար Իսմայիլ Քաանի` Համասի զինեալ թեւի` Քասսամի փաղանգներու ընդհանուր հրամանատար Մոհամետ Տէյֆին ուղղուած իր ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ Իրան «անհրաժեշտ եղող ամէն բան» պիտի ընէ, որպէսզի Իսրայէլի հետ պատերազմին մէջ օգնէ Համասին: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
«Դիմադրութեան առանցքի ձեր եղբայրները միաբան են ձեզի հետ եւ պիտի չարտօնեն, որ թշնամին հասնի Կազայի եւ Պաղեստինի մէջ իր կեղտոտ նպատակներուն», կը նշուի Քաանիի նամակին մէջ:
«Մենք հաւատարիմ ենք մեր եղբայրական խոստումին, որ կը միաւորէ մեզ, եւ կը վստահեցնենք, որ այս պատմական ճակատամարտին մէջ անհրաժեշտ ամէն բան պիտի ընենք», աւելցուցած է Քաանի
Մոսկուայի մէջ Իսրայէլի դեսպան Ալեքսանտր պեն Զվի «Սփութնիք»-ին յայտնած է. «Համաս դադրեցուց Իսրայէլի հետ գերիներու ազատ արձակման վերաբերող բանակցութիւնները»:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում պահանջող դեմոկրատական քոնկրեսականներուն թիւը բարձրացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ»-ը` նշելով, որ անոնք Կազայի պատերազմին սկիզբէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ձեռնարկած են Իսրայէլին ամերիկեան զէնքերու մատակարարումը արգիլելու:
Իսրայէլեան օրաթերթը հաղորդեց, որ 24 օրէնսդիրներ ստորագրած են բանաձեւը, որ կոչ կ՛ուղղէ զինադադարի հաստատման, մտահոգութիւն կը յայտնէ Կազայի մէջ «մանուկներուն դէմ լուրջ խախտումներու» նկատմամբ եւ կը զգուշացնէ, որ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ պատերազմը «Միացեալ Նահանգները տարածաշրջանի բոլոր կողմերուն մէջ զինեալ խմբաւորումներու հետ վտանգաւոր եւ ոչ խոհեմ տագնապի մէջ ներքաշելու վտանգ կը պարունակէ:
«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը մատնանշէ, թէ 16 հոկտեմբերին այդ բանաձեւը ստորագրած ամերիկացի օրէնսդիրներուն թիւը հազիւ 13 էր:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ քոնկրեսական Իլհամ Օմարի գլխաւորութեամբ խումբ մը քոնկրեսականներ ջանք կը թափեն արգիլելու Իսրայէլին 320 միլիոն տոլար արժողութեամբ թիրախահար հրթիռներու փոխանցումը: Անոնք այդ առնչութեամբ միացեալ բանաձեւ մը ներկայացուցած են Ներկայացուցիչներու տան:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հրապարակեց հարցախոյզի մը արդիւնքը, որուն համաձայն` Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութեան ուժը Քնեսեթի մէջ 17 աթոռի նուազած է, իսկ Պենի Կանցի կուսակցութեան ուժը բարձրացած է Քնեսեթի մէջ 42 աթոռի:
Օրաթերթը նշեց, որ համախոհական կառավարութեան անդամ կուսակցութիւնները կը կորսնցնեն իրենց խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ անոնց ուժը միայն 42 աթոռ է, իսկ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մեծամասնութիւն կը դառնան ապահովելով Քնեսեթի 120 աթոռներէն 78-ը:
Հարցախոյզի մասնակիցներուն 50 առ հարիւրը Պենի Կանցը աւելի լաւ վարչապետ կը նկատեն, 29 առ հարիւրը` ներկայ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն: Անոնց 13 առ հարիւրը Մոսատի նախկին ղեկավար Եուսի Քոհենը կը նկատեն Լիքուտը ղեկավարելու լաւագոյն ընտրանքը, իսկ 12 առ հարիւրը` պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը:
Պաղեստինի առողջապահութեան նախարար Մայ Քիլա յայտնեց, որ Շիֆա հիւանդանոցի իսրայէլեան պաշարման հետեւանքով 6 օրուան ընթացքին մահացած են 40 անձեր, որոնց շարքին` 3 նորածիններ:
Իրաք Եւ Սուրիա
Իրաքի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «հակադարձելով Կազայի մէջ մեր հարազատներուն դէմ գործուող ոճիրներուն», իր զինեալները Սուրիոյ Հասաքէ քաղաքի արեւմուտքը գտնուող Թել Պայտար ամերիկեան ռազմակայանին վրայ երկու անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած են, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքով մը յարձակում գործած են հիւսիսային Իրաքի մէջ ամերիկեան Հարիր ռազմակայանին վրայ` ուղղակի կերպով հարուածելով իրենց թիրախները:
ՍԱՆԱ իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլ երէկ արշալոյսին բռնագրաւեալ Կոլանի ուղղութենէն օդային յարձակում գործած է Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող շարք մը կէտերու վրայ: Սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը յաջողած են արձակուած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը վնասազերծել, սակայն յարձակումին պատճառով «կարգ մը նիւթական վնասներ» արձանագրուած են: