Եմէնի մէջ հուսիներու Անսարուլլա շարժումը գրաւեց իսրայէլեան «Կալաքսի Լիտըր» նաւը: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, նաւուն վրայ 22 անձեր կան: Իսրայէլեան աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնեցին, որ նաւը մասնակի կերպով սեփականութիւնն է իսրայէլեան ընկերութեան մը:
Իսրայէլեան աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին հերքեցին, թէ նաւուն մէջ իսրայէլացիներ կան: Անսարուլլա շարժումէն ղեկավար մը, սակայն, «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Նախնական հետաքննութիւնները ցոյց կու տան, թէ նաւուն վրայ այլ երկիրներու հպատակութիւն ունեցող իսրայէլացիներ կան»:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նշեց, որ նաւը կը պատկանի իսրայէլացի գործարար Ռամի Անկըրին: Ըստ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան, անիկա վարձուած է եւ միջազգային անձնակազմ ունի:
Անսարուլլա շարժումէն ղեկավար մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց. «Մեր ուժերը իսրայէլեան նաւը Եմէնի ծովեզերք բերին»:
Փենթակոնը «Արապիա»-ին յայտնեց, որ տեղեակ է Կարմիր ծովուն մէջ նաւու առեւանգումէն, «եւ կացութեան մօտէն կը հետեւինք»:
Իսրայէլեան բանակը յայտնեց, որ նաւուն առեւանգումը «համաշխարհային տարողութեամբ վտանգաւոր դէպք է»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նաւուն գրաւումը նկատեց իրանեան «ահաբեկչական» արարք մը, որ համաշխարհային նաւարկումի անցքերու անվտանգութեան վերաբերեալ միջազգային հետեւանքներ պիտի ստեղծէ:
Զինադադարի Հաստատման Բանակցութիւնները
Կը Շարունակուին
Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միքայէլ Հերցոկ ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ «Իսրայէլ յառաջիկայ օրերուն Համաս շարժումին մօտ արգելափակուած մեծաթիւ գերիներու ազատ արձակումը կը յուսայ»` աւելցնելով. «Կը յուսամ` յառաջիկայ օրերուն համաձայնութեան հասնիլ»:
Նախքան այդ, «Ուաշինկթըն Փոսթ», յղում կատարելով աղբիւրներու, հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլը եւ Համասը մօտ են մարտերու հնգօրեայ դադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութեան հասնելուն:
Աղբիւրներուն համաձայն, կողմերը «մօտ են կնքելու համաձայնութիւն մը, որով Կազայի մէջ մարտերու հնգօրեայ դադարի դիմաց ազատ պիտի արձակուին պատանդ պահուող տասնեակ կիներ եւ երեխաներ»:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթի աղբիւրները նշեցին, որ պատանդներու ազատ արձակումը կրնայ սկսիլ «մօտ օրէն»: Օրաթերթը կը բացատրէ, որ «վեց էջնոց համաձայնագիրը» կ՛ենթադրէ, որ «տագնապին բոլոր կողմերը պիտի սառեցնեն զինուորական գործողութիւնները առնուազն հինգ օրով»: Կը սպասուի, որ ազատ պիտի արձակուին «239 պատանդներէն 50-ը կամ աւելին»: Կը նախատեսուի, որ անոնք պիտի արձակուին «խումբ առ խումբ` իւրաքանչիւր 24 ժամը անգամ մը»: Մարտերու դադարը պիտի օգտագործուի նաեւ Եգիպտոսէն «մարդասիրական օգնութեան, ներառեալ վառելանիւթի մատակարարումը զգալիօրէն մեծցնելու համար»:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի համաձայն, փաստաթուղթին շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Տոհայի մէջ` Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Համասը ներկայացնող միջնորդներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւններէ ետք: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ. «Մինչեւ վերջին պահը յստակ չէր` արդեօք Իսրայէլը պիտի համաձայնի՞ Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութեան ժամանակաւոր դադարին»:
Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ատրիա Ուաթսըն, սակայն, հերքեց «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի հաղորդած լուրը` նշելով. «Տակաւին համաձայնութեան չհասանք, սակայն կը շարունակենք համաձայնութեան հասնելու լուրջ աշխատանքը»:
Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ բուռն բախումներէ եւ թաղային կռիւներէ ետք, իսրայէլեան բանակը նահանջած է եւ իր մեքենաները հեռացուցած Կազա քաղաքի կարգ մը թաղամասերէն, ինչպէս` Ասքուլայէն, Սապրայէն, Շարեհ Սալասինէն, իսկ մէկ օր առաջ ալ` Մայտան Սահայէն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ երեկոյեան յայտարարեց. «Մարդասիրական օժանդակութիւնները պէտք է մեծ արագութեամբ եւ անվտանգ կերպով հասնին Կազա»:
Միւս կողմէ, «Փոլիթիքօ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ցուցմունք տուած է Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինցիներու վրայ յարձակում գործող եւ զանոնք տեղահանող իսրայէլացի ծայրայեղական բնակեցուածներու դէմ պատժամիջոցներ պատրաստելու:
Պայտըն արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն հրամայած է Այսրյորդանանի մէջ բռնարարքներու պատասխանատուներուն դէմ արագ քայլեր որդեգրելու:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը, մէջբերելով ոստիկանութենէն աղբիւր մը, հաղորդեց, որ իսրայէլեան անվտանգութեան մարմիններու հետաքննութիւնը ի յայտ բերած է, որ իսրայէլեան բանակի ուղղաթիռ մը 7 հոկտեմբերին կրակ բացած է եւ սպաննած Ռայիմ բնակեցման վայրին մօտ «Նովա» փառատօնի մասնակիցներ եւ պաղեստինցի զինեալներ: Ըստ իսրայէլեան ոստիկանութեան, փառատօնին 364 մասնակիցներ սպաննուած են:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Վոլքըր Թուրք յայտնեց, որ Կազայի մէջ վերջին օրերուն արձանագրուած բռնարարքներուն մակարդակը կարելի չէ հասկնալ, երբ տեղահանուածներ պատսպարող դպրոցներ յարձակումի ենթարկուած են եւ հիւանդանոց մը «մահուան շրջան»-ի վերածուած է` աւելցնելով, որ անոնք արարքներ են, որոնք կը հակասեն «միջազգային օրէնքին հիմամբ քաղաքայիններուն համար ապահովուելիք հիմնական պաշտպանութեան»:
Ֆիտան.«Թուրքիան Ներկայիս Դիւանագիտական
Ջանքեր Կը Թափէ, Սակայն Դիւանագիտութիւնը
Կազայի Պաշարման Վերջ Տալու Միակ Ուղին Չէ»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան շաբաթ օր «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Կը մերժենք Կազայի մէջ յետպատերազմեան կացութիւնը զինադադարի հաստատումէն առաջ քննարկել: Իսրայէլ հիւանդանոցներ եւ դպրոցներ կը ռմբակոծէ, մարդիկ կը տեղահանէ: Ներկայիս, ուժի կիրարկման հիմամբ Կազայի շրջափակում գոյութիւն ունի: Մենք այժմ պաշարումը խզելու համար դիւանագիտական միջոցներու կը դիմենք: Եթէ այդ ուղին արդիւնք չտայ, այլընտրանքային ձեւեր կան»: