Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն-Ճինփինկ Բանակցութիւններու Ընթացքին Կողմերը Հասած Են «Կարեւոր Յառաջընթացի»

Նոյեմբեր 17, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի հետ հանդիպումը նկատած է ամէնէն կառուցողականներէն մէկը եւ ըսած, որ կողմերը յաջողած են հասնիլ «կարեւոր յառաջընթացի»: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Կը կարծեմ, որ անիկա մեր ամէնէն կառուցողական եւ արդիւնաւէտ քննարկումներէն մէկն էր: Մեր հանդիպումները միշտ եղած են բաւական անկեղծ, մենք ամէն ինչի շուրջ համաձայնութեան չենք եկած, սակայն ատոնք եղած են անկեղծ քննարկումներ: Սակայն այսօր, կը կարծեմ, մենք կարեւոր յառաջընթաց արձանագրած ենք», յայտարարած է Պայտըն Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ԷՅՓԵՔ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Ան մանրամասնած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը կը վերսկսին համագործակցութեան թմրեցուցիչներու դէմ պայքարին մէջ:

«Նախ եւ առաջ, ես ուրախ եմ յայտարարելու, որ երկար տարիներու ընդմիջումէ ետք մենք կը վերականգնենք համագործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ թմրեցուցիչներու դէմ պայքարին մէջ: Մենք քայլերու կը ձեռնարկենք զգալիօրէն նուազեցնելու թմրեցուցիչներու, քիմիական նիւթերու հոքսը Չինաստանէ դէպի Արեւմուտք: Այս պայքարը կեանքեր պիտի փրկէ: Եւ ես բարձր կը գնահատեմ Շի Ճինփինկի` այս հարցին մէջ յանձնառութիւնը», ըսած է Պայտըն:

Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան նաեւ համաձայնած են վերսկսիլ ուղիղ զինուորական հաղորդակցութիւնները եւ բարձր մակարդակով երկխօսութիւնը երկու երկիրներու զինուորականներու միջեւ:

«Չափազանց կարեւոր է, որ մենք վերսկսինք ուղիղ զինուորական հաղորդակցութիւնները», ըսած է Պայտըն:

«Կողմերու թիւրըմբռնումները կրնան յանգեցնել իրական խնդիրներու այնպիսի պետութեան հետ, ինչպիսին է Չինաստանը, կամ որեւէ այլ մեծ երկրի հետ, այնպէս որ, ես կը կարծեմ, որ մենք իրական յառաջընթաց արձանագրած ենք այս բնագաւառին մէջ», շարունակած է Պայտըն:

Կը նշուի, որ ղեկավարները համաձայնած են հաւասարութեան եւ յարգանքի սկզբունքներուն հիման վրայ վերականգնել բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւնը երկու երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ, վերսկսիլ Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարներու աշխատանքային հանդիպումնեը:

Չինաստանն ու Միացեալ Նահանգները համաձայնած են փորձագիտական մակարդակով քննարկել արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ զարգացումներուն առնչուող անվտանգային հարցեր:

«Մենք կը նախատեսենք հաւաքել մեր (ամերիկացի եւ չին) փորձագէտները` քննարկելու արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ ռիսքերու եւ անվտանգութեան առնչուած հարցեր… Գրեթէ ամէնուր, ուր ես կ՛երթամ ամբողջ աշխարհի վրայ, իւրաքանչիւր մեծ ղեկավար կ՛ուզէ քննարկել արհեստական բանականութեան ազդեցութիւնը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Ուքրանիա, Կազա Եւ Թայուան

Բացի ատկէ, Պայտըն ըսած է, որ Շի Ճինփինկի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ եւ Կազայի մէջ ստեղծուած կացութիւնը, սակայն մանրամասնութիւններ չէ յայտնած:

«Նախագահ Շին եւ ես միտքեր փոխանակեցինք շրջանային եւ համաշխարհային մարտահրաւէրներու լայն շրջանակի շուրջ», ըսած է Պայտըն` բացատրելով, որ խօսքը Ուքրանիոյ եւ Կազայի տագնապներուն մասին է:

Անոր համաձայն, Չինաստանի ղեկավարին հետ զրոյցի ընթացքին ան նաեւ «կրկնած է այն, ինչ որ կ՛ըսուէր նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք»:

«Մենք հաւատարիմ ենք «մէկ Չինաստան»-ի քաղաքականութեան վերաբերող համաձայնութիւններուն, ես չեմ պատրաստուիր փոխելու զայն, ատիկա պիտի չփոխուի», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Երկխօսութիւնը Շարունակելու Մասին

«Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը պիտի շարունակեն աշխուժ դիւանագիտական երկխօսութիւնը Ուքրանիոյ մէջ եւ հարաւչինական ծովուն մէջ կացութեան շուրջ, ներառեալ բարձր մակարդակի հեռաձայնային կապերու միջոցով», աւելցուցած է Պայտըն:

«Յառաջիկայ ամիսներուն մենք մտադիր ենք շարունակել բարձր մակարդակի դիւանագիտութիւնը Չինաստանի հետ երկու ճակատներու վրայ (Ուքրանիոյ տագնապը եւ Հարաւչինական ծովուն մէջ կացութիւնը) բաց պահելու հաղորդակցութեան ուղիները», եզրափակած է Պայտըն:

Ճինփինկի Յայտարարութիւնները

Փեքին կը յայտնէ Ուաշինկթընի հետ բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններ պահպանելու իր պատրաստակամութիւնը, սակայն պայմանով, որ երկու կողմերը պէտք է յարգեն իրարու շահերը:

«Չինաստանը պատրաստ է ըլլալու Միացեալ Նահանգներու գործընկերն ու բարեկամը: Չին-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ մենք կ՛առաջնորդուինք փոխադարձ յարգանքի, խաղաղ գոյակցութեան եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան սկզբունքներով», ըսած է Շի Ճինփինկ:

«Եթէ մենք զիրար դիտենք իբրեւ գլխաւոր մրցակիցներ, ատիկա, անշուշտ, պիտի յանգեցնէ սխալ քաղաքականութեան, սխալ քայլերու եւ սխալ արդիւնքներու», աւելցուցած է Չինաստանի նախագահը:

Նշենք, որ Չինաստանի նախագահը 6 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէր Միացեալ Նահանգներ:

Պայտըն «կառուցողական» եւ «յառաջընթաց արձանագրած» բանակցութիւններէն ետք «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Չինաստանի նախագահը դարձեալ բռնապետ կոչեց:

«Տեսէք, ան բռնապետ է այն իմաստով, որ ան անձ մըն է, որ կը ղեկավարէ երկիր մը, որ համայնավարական երկիր է` հիմնուած կառավարման այնպիսի ձեւի վրայ, որ մերինէն բոլորովին տարբեր է», ըսած է Պայտըն` աւելցնելով. «Ամէն պարագայի, մենք յառաջընթաց արձանագրեցինք»:

«Սի.Էն.Էն.» կը յիշեցնէ, որ Պայտըն Ճինփինկը բռնապետ կոչած էր նաեւ այս տարուան յունիսին:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը չէ ուշացած: Նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահի խօսքերը «սխալ ու անպատասխանատու» նկատած է:

«Այս յայտարարութիւնը չափազանց սխալ է եւ անպատասխանատու: Չինաստանը վճռականօրէն դէմ է քաղաքական շահագործումներուն», մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաօ Նինկ:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս

Յաջորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Կազայի Մէջ Մարդասիրական Զինադադարներ Հաստատելու

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?