Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի ցամաքային զօրքերը մարտավարական ռազմափորձեր սկսած են հարաւարեւելեան Քերման քաղաքին մէջ:
Ռազմափորձերը սկսած են Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մոհամետ Հիւսէյն Պաղերիի եւ Իրանի բանակի հրամանատար զօր. Ապտոլրահիմ Մուսաւիի ներկայութեամբ:
Զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետը բացման խօսքին մէջ ընդգծած է, որ դիմադրութեան առանցքը պիտի ոչնչացնէ սիոնականները:


