Միջազգային

Հուսիները Կը Խոստանան Կարծր Եւ Արդիւնաւէտ Պատասխան Տալ Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Յարձակումներուն

Հուսիները Կը Խոստանան Կարծր Եւ Արդիւնաւէտ Պատասխան Տալ Միացեալ Նահանգներու Եւ Բրիտանիոյ Յարձակումներուն

Հուսիները կը խոստանան կարծր արձագանգ տալ Եմէնի մէջ իրենց ռատարներուն դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ ուղղած հարուածներուն: «Այս նոր հարուածը պիտի արժանանայ կարծր, վճռական եւ արդիւնաւէտ պատասխանի», «Ժազիրա»-ին յայտնած է հուսիներու ներկայացուցիչ Նասրէտտին Ամեր` աւելցնելով, որ զոհեր կամ «նիւթական վնասներ» չկան: Հուսիներու մէկ այլ ներկայացուցիչ` Մոհամետ Ապտուլսալամ յայտարարած է, որ հարուածները, ներառեալ Եմէնի մայրաքաղաք Սանաայի մէջ գտնուող ռազմակայանին հասցուած գիշերային...

Ռայիսի. «Դիմադրութիւնը Իսրայէլը Դիմակայելու Միակ Տարբերակն Է»

Ռայիսի. «Դիմադրութիւնը Իսրայէլը Դիմակայելու Միակ Տարբերակն Է»

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ Թեհրանի մէջ «Աքսայի յարձակումը եւ մարդկային խիղճի զարթօնքը» խորագիրով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ մեղադրած է Իսրայէլը միջազգային բոլոր արժեչափերը եւ համաձայնագիրերը խախտելու յանցանքով` դիմադրութիւնը կոչելով Իսրայէլը դիմակայելու միակ միջոցը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թասնիմ»-ը: Ըստ Ռայիսիի, Իսրայէլ «խախտած է աւելի քան 400 միջազգային բանաձեւեր, համաձայնագիրներ եւ յայտարարութիւններ, նաեւ խախտած է միջազգային կազմակերպութիւններու ձեռնարկած...

Ըստ Իրաքի Խորհրդարանին.  «Միջազգային Դաշինքի Ուժերու Իրաքէն Դուրս Բերման Որոշումը Հաստատ Է, Եւ Կառավարութեան Ու Ժողովուրդի Զօրակցութիւնը Կը Վայելէ»

Ըստ Իրաքի Խորհրդարանին. «Միջազգային Դաշինքի Ուժերու Իրաքէն Դուրս Բերման Որոշումը Հաստատ Է, Եւ Կառավարութեան Ու Ժողովուրդի Զօրակցութիւնը Կը Վայելէ»

Իրաքի խորհրդարանի նախագահի պաշտօնակատար Մուհսեն Մանտալաուի յայտնեց, որ միջազգային դաշինքի ուժերը դուրս բերելու խորհրդարանի որոշումը «սկզբունքային եւ հաստատ որոշում է»` Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայահ Սուտանիին կոչ ուղղելով «գործադրելու որոշումը»: Իրաքեան խորհրդարանի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Մանտալաուի այս մասին յայտնած է շաբաթ օր խորհրդարանի նիստի սկզբնաւորութեան: Իրաքի վարչապետը քանի մը օր առաջ «Ռոյթըրզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած...

Սպիտակ Տան Աշխատակիցները Տեղափոխուած Են Ցուցարարներու Պատճառով

Սպիտակ Տան Աշխատակիցները Տեղափոխուած Են Ցուցարարներու Պատճառով

Սպիտակ տան աշխատակիցները պաղեստինամէտ ցուցարարներու պատճառով այլ վայր տեղափոխուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆաքս Նիուզ»-ը: Ցուցարարները անկարգութիւններ կազմակերպած էին Սպիտակ տան շէնքին մօտ: Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ցոյցին մասնակիցները վնասած են ցանկապատը եւ ոստիկաններու ուղղութեամբ տարբեր իրեր նետած: Ցոյցերը սկսած են, երբ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան Եմէնի մէջ հարուածներ հասցուցած են հուսիներուն: Թէ Սպիտակ տան աշխատակիցները ճիշդ ո՛ւր...

Բրիտանիան Եմէնի Հարցին Շուրջ  Համաձայն Չէ Էրտողանին

Բրիտանիան Եմէնի Հարցին Շուրջ Համաձայն Չէ Էրտողանին

Բրիտանիան համաձայն չէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն կարծիքին, որ Եմէնի դէմ ամերիկա-բրիտանական հարուածներուն ժամանակ անհամաչափ ուժ կիրարկուած է: Այս մասին ըսաւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն: Թուրքիոյ նախագահը, մեկնաբանելով Եմէնի մէջ ամերիկեան եւ բրիտանական հարուածները, ըսած էր, որ Արեւմուտքը կը ձգտի Կարմիր ծովը վերածել «արիւնոտ լիճի»: Էրտողան նաեւ նշած էր, որ անհամաչափ ուժ կիրարկուած է: «Մենք համաձայն...

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Եմէնի Մէջ  Հուսիներու Դիրքեր Հարուածեցին

Միացեալ Նահանգներ Եւ Բրիտանիա Եմէնի Մէջ Հուսիներու Դիրքեր Հարուածեցին

Միացեալ Նահանգներ եւ Բրիտանիա Եմէնի մէջ հուսիներու դիրքեր հարուածեցին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ հրամայած է օդային հարուածներ հասցնել` «իբրեւ ուղղակի հակադարձութիւն Կարմիր ծովուն մէջ միջազգային նաւերու վրայ հուսիներու աննախադէպ յարձակումներուն»: «Այսօր, իմ թելադրանքովս, ամերիկեան ուժեր, Բրիտանիոյ հետ եւ Աւստրալիոյ, Պահրէյնի, Քանատայի եւ Նետերլանտներու աջակցութեամբ յաջող կերպով թիրախաւորեցին Եմէնի մէջ ըմբոստ հուսիներու կողմէ աշխարհի ամէնէն կենսական ծովային ուղիներէն...

Պլինքըն. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Պիտի Նպաստէ Իրանի Մեկուսացման»

Պլինքըն. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Պիտի Նպաստէ Իրանի Մեկուսացման»

Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը պիտի նպաստէ Իրանի մեկուսացման: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Գահիրէ կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Մէկ կողմէ, շրջանին մէջ համարկումի հոլովոյթներ նախաձեռնելը, անոնց մէջ Իսրայէլը ներգրաւելը, նաեւ անվտանգութեան յստակ երաշխիքներու ստեղծումը, միւս կողմէ` պաղեստինեան պետութեան հիմնադրման ուղիներու ձեւաւորումը Իրանը մեկուսացնելու եւ լուսանցք մղելու լաւագոյն ձեւերն են», ըսած...

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Դադրեցուցած Են Ուքրանիոյ Զէնքի Եւ Սպառազինութեան Մատակարարումը»

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Դադրեցուցած Են Ուքրանիոյ Զէնքի Եւ Սպառազինութեան Մատակարարումը»

Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ յանձնած են զինուորական օգնութեան վերջին թղթածրարը, որուն համար ֆինանսաւորում յատկացուած էր: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: Սպիտակ տան ներկայացուցիչին համաձայն, նման ծրագիրներու համար յատկացուած գումարը սպառած է: «Այո՛: Մենք յանձնած ենք գոյութիւն ունեցող պաշարներէն վերջին թղթածրարը, աջակցութեան համար մենք ֆինանսաւորում ունէինք», ըսած է Քըրպի: Ան...

Սեժուռնէ Ֆրանսայի Արտաքին  Գործոց Նոր Նախարար

Սեժուռնէ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նոր Նախարար

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նոր նախարար նշանակուած է նախագահ Էմանուել Մաքրոնի «Վերածնունդ» կուսակցութեան ղեկավար Սթեֆան Սեժուռնէն: Այս մասին հաղորդեց «Պէ.ԷՖ.Էմ.Թէ.Վէ.» պատկերասփիւռի կայանը: 38 տարեկան քաղաքական գործիչը «Վերածնունդ» կուսակցութիւնը կը ղեկավարէ 2022 թուականէն ի վեր: «Սթեֆան Սեժուռնէն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ փոխարինած է Քաթրին Քոլոնան», կը հաղորդէ պատկերասփիւռի կայանը:

Փենթակոն. «Անցեալ Շաբաթ Իրաքի Եւ Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Զօրքերը Ենթարկուած Են 14 Յարձակումի.  Վիրաւորուած Են Ամերիկացի 25 Զինուորներ»

Միջին Արեւելքի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայաններուն Վրայ Երեք Ամսուան Մէջ 130 Յարձակում Տեղի Ունեցած Է

17 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ռազմակայաններու վրայ յարձակումներու թիւը հասած է 130-ի: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր Փաթրիք Ռայտըը: «Մինչեւ օրս կատարուած յարձակումներու ընդհանուր թիւը 130 է», ըսած է ան: Լայտըր բացատրած է, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ռազմակայաններուն վրայ 53 յարձակում տեղի ունեցած է, իսկ Սուրիոյ մէջ` 77:...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Մտադիր Չէ Մշտապէս  Բռնագրաւել Կազան Կամ Տեղահանել Անոր Բնակչութիւնը»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Մտադիր Չէ Մշտապէս Բռնագրաւել Կազան Կամ Տեղահանել Անոր Բնակչութիւնը»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց, որ Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութեան աւարտին Իսրայէլ մտադիր չէ մշտապէս բռնագրաւել շրջանը կամ տեղահանել տեղւոյն պաղեստինցի բնակչութիւնը, զինուորական գործողութիւնները կը կատարուին բացառապէս պաղեստինեան Համաս շարժումը ոչնչացնելու նպատակով : «Կ՛ուզեմ քանի մը բանի մէջ բացարձակապէս յստակ ըլլալ. Իսրայէլ մտադիր չէ մշտապէս բռնագրաւել Կազան կամ տեղահանել անոր խաղաղ բնակչութիւնը: Իսրայէլ կը պայքարի Համասի ահաբեկիչներուն...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ Տուն. «Ուաշինկթըն Իր Գործընկերներուն Հետ Յաջորդ Քայլերուն Շուրջ Պիտի Խորհրդակցի, Եթէ Հուսիներու Յարձակումները Շարունակուին»

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ հուսիներուն Կարմիր ծովուն մէջ շղթայազերծած յարձակումները «մագլցողական» են, եւ Միացեալ Նահանգներ իրենց գործընկերներուն հետ յաջորդ քայլերուն շուրջ պիտի խորհրդակցին, եթէ այդ յարձակումները շարունակուին: Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Ի տարբերութիւն հուսիներու ըսածին, անոնք կը վտանգեն եւ կը թիրախաւորեն առեւտրական նաւերը, որոնք աշխարհի բոլոր կողմերէն երկիրներու հետ կապ ունին, եւ անոնցմէ շատեր Իսրայէլի...

Իրանի Մէջ Քերմանի Յարձակումներու  Հեղինակներու 35 Համակիրներ Ձերբակալուած Են

Իրանի Մէջ Քերմանի Յարձակումներու Հեղինակներու 35 Համակիրներ Ձերբակալուած Են

Իրանի հետախուզութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քերմանի մէջ Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս ջոկատ»-ի նախկին հրամանատար Քասեմ Սուլէյմանիի գերեզմանատան մօտ աւելի քան 100 զոհ պատճառած անձնասպանական գործողութեան երկու հեղինակներու 35 համակիրներ ձերբակալուած են: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Քերմանի ահաբեկչական գործողութիւններու շարք մը ղեկավարներու եւ ծրագրողներու արտասահմանի մէջ հետապնդումը կը շարունակուի»:    

Մոլտովայի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Մոլտովայի Դեսպանը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Մոսկուայի մէջ Մոլտովայի դեսպան Լիլիան Տարիուս կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոր խիստ բողոք ներկայացուած է` «Քիշնեւի ոչ բարեկամական գործողութիւններուն» առնչութեամբ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ եթէ անոնք շարունակուին, ապա ռուսական կողմը ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ լրացուցիչ պատասխան քայլերու ձեռնարկելը: Մոսկուան ընդգծած է, որ արձանագրած է «ռուսական եւ ռուսալեզու լրատուամիջոցներու քաղաքական դրդապատճառներով հետապնդումներու փաստեր, որոնք կը...

Զելենսքի Արեւմուտքի` Քիեւին Օգնութիւն  Ապահովելու «Տատամսումի»  Հետեւանքներէն Կը Զգուշացնէ

Զելենսքի Արեւմուտքի` Քիեւին Օգնութիւն Ապահովելու «Տատամսումի» Հետեւանքներէն Կը Զգուշացնէ

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Լիթուանիա իր այցելութեան ընթացքին իր լիթուանացի պաշտօնակիցին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին զգուշացուց, որ Քիեւին օգնութիւն ապահովելու տատամսիլը Ուքրանիոյ ամբողջ տարածքը գրաւել ուզող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կը քաջալերէ շարունակելու իր գործողութիւնը: Ըստ անոր, Փութին իր զինուորական գործողութիւնները պիտի չդադրեցնէ, եթէ Ուքրանիան եւ անոր դաշնակիցները անոնց վերջ չտան` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ պարտութիւնը Ռուսիոյ մնացեալ դրացի երկիրները պիտի...

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Կոչ Կ՛ուղղէ` Եւրոպական Միութեան  Բանակ Ստեղծելու

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Եւրոպական Միութեան Բանակ Ստեղծելու

Եւրոպական Միութիւնը պէտք է ունենայ բանակ, որ խաղաղութեան պահպանման եւ տագնապներու կանխարգիլման գործին մէջ մեծ դեր կրնայ ունենալ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Իտալիոյ փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի: «Եթէ մենք կ՛ուզենք աշխարհի վրայ խաղաղապահներ ըլլալ, մեզի անհրաժեշտ է եւրոպացի զինուոր: Եւ ասիկա հիմնարար նախապայման է` արդիւնաւէտ եւրոպական...

Էքուատորի Մէջ Մաֆիան Ապստամբած Է

Էքուատորի Մէջ Մաֆիան Ապստամբած Է

Էքուատորեան մաֆիան, ի պատասխան երկրի նախագահին կողմէ յայտարարուած արտակարգ դրութեան, անկարգութիւններ ու բախումներ կազմակերպած է ամբողջ երկրի տարածքին: Քրէական խմբաւորումներէն մէկուն զինեալ անդամները ուղիղ սփռումի ընթացքին ներխուժած են տաղաւար եւ պատանդ վերցուցած «Թի.Սի. Թելեւիզիոն» պատկերասփիւռի կայանի աշխատակիցները: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն: Անոնք աշխատակիցներուն հրամայած են գետին պառկիլ. սփռումի ընթացքին կրակոցներ ու ճիչեր լսուած են: Սփռումը շուտով ընդհատուած է: Աւելի...

Քենետի Կրտսերը Նախագահութեան Թեկնածու  Առաջադրուելու Համար Բաւականաչափ  Ստորագրութիւններ Հաւաքած Է

Քենետի Կրտսերը Նախագահութեան Թեկնածու Առաջադրուելու Համար Բաւականաչափ Ստորագրութիւններ Հաւաքած Է

Ռապըրթ Քենետի կրտսերը յայտնած է, որ ինք Եութա նահանգին մէջ դիմում ներկայացուցած է 2024 թուականին նախագահի թեկնածու առաջադրուելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ը: Ան ըսած է, որ կատարած է 1000 ստորագրութիւն հաւաքելու պահանջը: Ռապըրթ Քենետի կրտսերը անցեալ աշնան լքեց Դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին անկախ թեկնածու է: Ան Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ Տուն. «Ռուսիան 6 Յունուարին Ուքրանիոյ Դէմ Հիւսիսային Քորէական Հրթիռներ Արձակեց»

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Ռուսիան 6 յունուարին Հիւսիսային քորէական շարք մը հրթիռներ արձակած է Ուքրանիոյ դէմ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պիտի պահանջեն Ռուսիան հաշուետուութեան ենթարկել:    

Պլինքըն-Ապպաս Հանդիպում

Պլինքըն-Ապպաս Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն երէկ Ռամալլայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ իր երկրին զօրակցութիւնը յայտնեց Պաղեստին պետութեան ստեղծման շօշափելի քայլերուն: Ապպաս պատասխանեց, որ Իսրայէլ Պաղեստինեան իշխանութեան յատուկ հարկերու գումարները պէտք է Օսլոյի համաձայնութեան հիմամբ անմիջապէս փոխանցէ պաղեստինեան կողմին` աւելցնելով, որ իսրայէլացի նախարարներու պաղեստինցի ժողովուրդը վտարելու կոչերը վտանգաւոր են` շեշտելով, որ պէտք չէ...

Page 173 of 882 1 … 172 173 174 … 882

Արխիւներ