Սպիտակ տան աշխատակիցները պաղեստինամէտ ցուցարարներու պատճառով այլ վայր տեղափոխուած են: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆաքս Նիուզ»-ը:
Ցուցարարները անկարգութիւններ կազմակերպած էին Սպիտակ տան շէնքին մօտ:
Պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ ցոյցին մասնակիցները վնասած են ցանկապատը եւ ոստիկաններու ուղղութեամբ տարբեր իրեր նետած:
Ցոյցերը սկսած են, երբ Միացեալ Նահանգներն ու Բրիտանիան Եմէնի մէջ հարուածներ հասցուցած են հուսիներուն:
Թէ Սպիտակ տան աշխատակիցները ճիշդ ո՛ւր տեղափոխուած են, չի նշուիր: