Միջազգային

Իրաքի Վարչապետ. «Միջազգային Դաշինքի Ուժերուն Բանակցութեան Ճամբով Մեր Հողերէն Արագ Ու Կազմակերպ Հեռացումը Կ՛ուզենք»

Իրաքի Վարչապետ. «Միջազգային Դաշինքի Ուժերուն Բանակցութեան Ճամբով Մեր Հողերէն Արագ Ու Կազմակերպ Հեռացումը Կ՛ուզենք»

Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շայահ Սուտանի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կազայի դէմ պատերազմին վերջ տալը միայն կրնար շրջանային վտանգաւոր մագլցումը դադրեցնել»: «Միջազգային դաշինքի ուժերուն բանակցութեան ճամբով մեր հողերէն արագ ու կազմակերպ հեռացումը կ՛ուզենք», ըսաւ Իրաքի վարչապետը: Մինչ այդ, Իրաքի մէջ Իսլամական Դիմադրութիւնը յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Սուրիոյ  Քոնիքօ հանքավայրին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայանը` աւելցնելով, որ պիտի շարունակէ «թշնամիի» տեղակայման վայրերը հարուածել:...

Անսարուլլա. «Մեծաթիւ Թեւաւոր Հրթիռներով Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Թիրախաւորեցինք Ամերիկեան Նաւ Մը»

Անսարուլլա. «Մեծաթիւ Թեւաւոր Հրթիռներով Եւ Անօդաչու Թռչող Սարքերով Թիրախաւորեցինք Ամերիկեան Նաւ Մը»

Հուսիներու Անսարուլլա շարժումի ղեկավարած եմէնեան զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, որ իրենք մեծաթիւ թեւաւոր հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով թիրախաւորած են ամերիկեան նաւ մը, որ Իսրայէլին աջակցութիւն կը տրամադրէր: «Ամերիկեան նաւուն թիրախաւորումը նախնական պատասխան է դաւադիր յարձակումին, որ մեր ծովուժը ենթարկուեցաւ ամերիկեան թշնամիի ուժերուն կողմէ», նշեց ան` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չտատամսին արժանի պատասխան տալու «մեր երկիրին, ժողովուրդին ու...

Պլինքըն. «Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Թուրքիան Պիտի Քննարկեն Կազայի Պատերազմին Յաջորդող Օրը»

Պլինքըն. «Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն Ու Թուրքիան Պիտի Քննարկեն Կազայի Պատերազմին Յաջորդող Օրը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան, Յորդանանը, Քաթարը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Թուրքիան պիտի քննարկեն Կազայի պատերազմին յաջորդող օրը»: «Ուր որ գացի տագնապի ծիրի ընդլայնումը արգիլելու վճռական ղեկավարներ գտայ», ըսաւ Պլինքըն` նշելով. «Թուրքիոյ, Յորդանանի, Քաթարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարները համաձայնեցան Կազային օգնելու ջանքերուն ուղղութեամբ աշխատելու»: Իսրայէլի նախագահ Իցհաք Հերցոկ Պլինքընի հետ հանդիպումի ընթացքին...

Քուլեպա. «Ռուսիան Պիտի Յաղթէ, Եթէ Արեւմտեան Աջակցութիւնը Դադրի»

Քուլեպա. «Ռուսիան Պիտի Յաղթէ, Եթէ Արեւմտեան Աջակցութիւնը Դադրի»

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպա յայտնեց, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը կարողութիւնը չունին առանց արեւմտեան օգնութեան ռուսական բանակին դիմադրելու: Քուլեպա սպանական «Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Եթէ հիմա զինուորական աջակցութիւնը առկախելու կամ մերժելու որոշում տրուի, ապա Ռուսիան կրնայ պատերազմի դաշտին վրայ մեր վրայ յաղթանակ արձանագրել եւ ուքրանական բանակի առաջնագիծ ներթափանցել»: Ան ըսաւ, որ Ուքրանիան այլընտրանքային ծրագիր չունի, եթէ Եւրոպական...

Ֆրանսայի Մէջ Նշանակուած Է Երկրի Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Երիտասարդ Վարչապետը

Ֆրանսայի Մէջ Նշանակուած Է Երկրի Պատմութեան Մէջ Ամէնէն Երիտասարդ Վարչապետը

34 տարեկան Կապրիէլ Աթթալ նշանակուած է Ֆրանսայի վարչապետ. նշանակման վերաբերեալ հրամանագիրը ստորագրած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը նշէ, որ Աթթալ Ֆրանսայի պատմութեան մէջ ամէնէն երիտասարդ վարչապետն է: Աթթալ նախապէս կը վարէր կրթութեան նախարարի պաշտօնը: Ան Մաքրոնի ամէնէն մօտ աջակիցներէն է եւ, շատ փորձագէտներու կարծիքով, Մաքրոնի կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ իր հաւանական յաջորդը: Ֆրանսայի վարչապետ Էլիզապեթ Պոռն երկուշաբթի...

Իրանի Ճամբաներու Եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարը` Ազրպէյճանի Հետ Կամուրջի Առաւելութիւններուն Մասին

Իրանի Ճամբաներու Եւ Քաղաքաշինութեան Նախարարը` Ազրպէյճանի Հետ Կամուրջի Առաւելութիւններուն Մասին

Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ասթարաչայ գետին վրայ կառուցուած ճանապարհային կամուրջը պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական եւ տարանցիկ կապերու զարգացման, ինչպէս նաեւ տնտեսական աճին: Այս մասին Իրանի կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է Իրանի ճամբաներու եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհրտատ Պազրափաշ: Նոր կամուրջը օրական 300 բեռնատարներու պիտի արտօնէ անցնիլ սահմանը: Օրուան ընթացքին միայն 200 մեքենայ կրնար անցնիլ հին կամուրջէն: Իրանցի նախարարը նշած...

Թուրքիոյ Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին Կը Պատրաստուին

Թուրքիոյ Մէջ Փութին-Էրտողան Հանդիպումին Կը Պատրաստուին

Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը կը կազմակերպուի դիւանագիտական խողովակներով, սակայն թուականն ու վայրը տակաւին չեն նշուիր: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմին: Ռուսիոյ նախագահը նախապէս յայտարարած էր, որ կը ծրագրէ 2024-ի սկիզբը հանդիպիլ իր թուրք պաշտօնակիցին, իսկ մինչ այդ անոնք չեն կրցած հանդիպիլ Էրտողանի խիստ զբաղուածութեան պատճառով: Թուրքիոյ նախագահի...

Միացեալ Նահանգներ 3,6 Միլիոն Տոլար  Յատկացուցած Են Ազրպէյճանին`  Իբրեւ Օժանդակութիւն

Պաքու Ուաշինկթընը Կը Մեղադրէ «Քաղաքական Նենգափոխման» Յանցանքով

Ազրպէյճանի կրօնական կառոյցներուն հետ աշխատանքի պետական յանձնախումբը յայտարարութիւն հրապարակած է Ազրպէյճանի վերաբերեալ յատուկ հաշուետուութեան մասին, որ հրապարակուած է 2023 թուականին Միացեալ Նահանգներու դաւանանքի ազատութեան միջազգային յանձնախումբին կողմէ: Այդ հաշուետուութեան մէջ Ազրպէյճանը ներառուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ վերահսկիչ ցուցակին վրայ: ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի կրօնական կառոյցներու աշխատանքի պետական յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Միացեալ...

Խօսելով Այսօր Քիշնեւի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին`  Միշել. «Կարեւոր Է Զերծ Մնալ Առաւելապաշտական  Դիրքորոշումներէն Եւ Երկխօսութեան Նպատակ Ունենալ»

Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Միշել Վաղաժամկէտ Պիտի Լքէ Իր Պաշտօնը

Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշել վաղաժամկէտ պիտի լքէ իր պաշտօնը եւ պիտի մասնակցի Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն: Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարի եւ երեսփոխանի պաշտօնները չեն կրնար համատեղուիլ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Միշել լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ իր յաջորդին անունը կրնայ հրապարակուիլ յունիսի վերջին կամ յուլիսի սկիզբին: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Պելճիքայի «Բարեփոխումներու շարժում» կուսակցութեան ցանկով:...

Ճափոնի Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 180-ի

Ճափոնի Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է 180-ի

Ճափոնի մէջ 1 յունուարէն ի վեր շարունակուող երկրաշարժներու զոհերու թիւը հասած է 180-ի: Այս մասին կը վկայեն Ճափոնի շրջանային իշխանութիւններուն հրապարակած տուեալները: Աղէտի պատճառով առնուազն 560 մարդ տարբեր ծանրութեան վնասուածքներ ստացած է: Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները տակաւին չեն կրնար գտնել 120 բնակիչ: Մեծագոյն վնասը արձանագրուած է Իսիքաւա շրջանին մէջ, ուր առնուազն 1370 տուն ամբողջութեամբ կամ մասամբ աւերուած է, իսկ հրդեհները ոչնչացուցած...

Շարունակելով Իր Միջինարեւելեան Շրջապտոյտը` Պլինքըն Հասաւ Իսրայէլ

Շարունակելով Իր Միջինարեւելեան Շրջապտոյտը` Պլինքըն Հասաւ Իսրայէլ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն, շարունակելով 6 յունուարին Թուրքիա այցելութեամբ ընթացք առած իր շրջանային շրջապտոյտը, երէկ երեկոյեան հասաւ Իսրայէլ: Նախքան այդ, ան Քաթարէն հասած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ապա այցելած Սէուտական Արաբիա: Նախապէս, ան Կրետէի մէջ հանդիպում ունեցած էր Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսի հետ, ապա մեկնած Յորդանան, ուր հանդիպում ունեցած էր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Կիրակի օր...

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Տագնապի` Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդլայնման Կարելիութեան Նկատմամբ Մտահոգ Մնալ

Ուաշինկթըն Կը Շարունակէ Տագնապի` Միջին Արեւելքի Մէջ Ընդլայնման Կարելիութեան Նկատմամբ Մտահոգ Մնալ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն Պէյրութի մէջ իսլամական դիմադրութեան շարժում Համասի ղեկավարներէն Սալեհ Արուրիի սպանութենէն ետք Կազայի մէջ տագնապի դէպի այլ ճակատներ ընդլայնուելու կարելիութեան նկատմամբ մտահոգ մնալ»: Միլլըր յայտնեց, որ չի կրնար Արուրիի ահաբեկման ետին կանգնող կողմին մասին որեւէ գնահատական տալ, սակայն նշեց, որ Արուրին «վայրագ ահաբեկիչ մըն է, եւ անոր ձեռքերը...

Միլլըր. «Կը Հաւատանք, Որ Կարելի Է  Հասնիլ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին»

Միլլըր. «Միացեալ Նահանգներ Կապ Չունին Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութեան Հետ»

Միացեալ Նահանգներ կապ չունին Իրանի մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն հետ, եւ որեւէ պատճառ չենք տեսներ ըսելու, որ Իսրայէլ ատոր մէջ ներգրաւուած է: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր: «Մենք ուշադիր կը հետեւինք Իրանէն եկող հաղորդագրութիւններուն, մենք չունինք որեւէ անկախ տեղեկատուութիւն: Կը ցաւակցինք այս սարսափելի պայթումներու զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն», ըսաւ ան: «Տակաւին...

Իրաքեան Աշխարհազօրէն Երկու Ղեկավարներ Անօդաչու Թռչող Սարքով Յարձակումի Ճամբով Ահաբեկուեցան

Իրաքեան Աշխարհազօրէն Երկու Ղեկավարներ Անօդաչու Թռչող Սարքով Յարձակումի Ճամբով Ահաբեկուեցան

Իրաքեան ոստիկանութենէն աղբիւր մը հաղորդեց, որ անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործած է Պաղտատի մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող աշխարհազօրի մէկ կեդրոնատեղիին վրայ` աւելցնելով, որ յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 2 զոհ եւ 5 վիրաւոր: Այս մասին հաղորդեց «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: «Արապիա» յայտնեց, որ աշխարհազօրը հաստատած է Նուժապա շարժումի 12-րդ զօրախումբի հրամանատար Ապու Թաքուա Սայիտիի մահը: Սէուտական պատկերասփիւռի կայանը աւելի ուշ...

Ուքրանիան Եւ Ռուսիան Վերջին Շուրջ Կէս Տարուան  Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Գերիներ Փոխանակած Են

Ուքրանիան Եւ Ռուսիան Վերջին Շուրջ Կէս Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Գերիներ Փոխանակած Են

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ուքրանական գերութենէն 248 ռուս զինուորներ վերադարձած են: «Ռուս զինուորներու վերադարձը կարելի դարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մարդասիրական միջնորդութեան շնորհիւ», նշած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին յայտնած է 230 գերեվարուած ուքրանացի զինուորականներու վերադարձին մասին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ռուսական ծառայութեան «Նասթոյաշէյէ վրեմիա» ծրագիրին հաղորդումով, ասիկա պատերազմող երկիրներու միջեւ առաջին նման մեծ թիւով...

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ  Աջակցելու Համար Միջոցներ Չունին»

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Այլեւս Ուքրանիոյ Աջակցելու Համար Միջոցներ Չունին»

Միացեալ Նահանգներ այլեւս Ուքրանիոյ հետագայ աջակցութեան համար միջոցներ չունին, օգնութեան նոր թղթածրարները Քոնկրեսին կողմէ նոր ֆինանսաւորման հաստատում կը պահանջեն: Այս մասին ըսած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: «Նախագահը ստորագրեց վերջին թղթածրարը, որուն համար ունէինք ֆինանսաւորում: Մեզի անհրաժեշտ է լրացուցիչ միջոցներու համար հաստատում, որպէսզի կարենանք շարունակել աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ», մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Քըրպի:...

Քարմանի Մէջ Սլէյմանիի Շիրիմին Մօտ  Երկու Պայթումներ Զոհեր Ու  Վիրաւորներ Պատճառեցին

Քարմանի Մէջ Սլէյմանիի Շիրիմին Մօտ Երկու Պայթումներ Զոհեր Ու Վիրաւորներ Պատճառեցին

Երէկ Իրանի Քարման նահանգին մէջ «Քուտս Ջոկատ»-ի նախկին ղեկավար Քասեմ Սուլէյմանիի շիրիմ տանող ճամբուն վրայ երկու ականներու պայթումներ առնուազն 103 զոհեր եւ 170 վիրաւորներ պատճառեցին: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երկրորդ պայթումին թիրախը եղած են ապահովական ուժերը, որոնք Սուլէյմանիի եւ Իրաքի մէջ աշխարհազօրի ղեկավար Ապու Մահտի Մուհանտեսի նահատակութեան քառամեակի նշման արարողութիւնը կը կազմակերպէին: Քարմանի նահանգապետը յայտնեց, որ երկու պայթումները...

Մաքրոն Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղէ`  Մագլցողական Որեւէ Քայլէ Խուսափելու,  Մասնաւորաբար Լիբանանի Մէջ

Մաքրոն Իսրայէլին Կոչ Կ՛ուղղէ` Մագլցողական Որեւէ Քայլէ Խուսափելու, Մասնաւորաբար Լիբանանի Մէջ

Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Մաքրոն Կանցի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Իսրայէլին կոչ ուղղած է` «մագլցողական որեւէ քայլէ խուսափելու, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ»` աւելցնելով, որ Ֆրանսան պիտի շարունակէ այս պատգամը փոխանցել շրջանին մէջ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով առնչակից կողմերուն: Մաքրոն վերստին կոչ ուղղած է` Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ «մնայուն զինադադար հաստատելու համար աշխատանք տանելու` շրջանային եւ միջազգային բոլոր գործընկերներուն օգնութեամբ»: Զրոյցը տեղի...

Ամերիկեան Արդարադատութիւնը Մենենտեզը  Նաեւ Քաթարի Շահերուն Ծառայելու Համար  Կաշառք Ստանալու Մէջ Կ՛ամբաստանէ

Ամերիկեան Արդարադատութիւնը Մենենտեզը Նաեւ Քաթարի Շահերուն Ծառայելու Համար Կաշառք Ստանալու Մէջ Կ՛ամբաստանէ

Հրապարակուած արդարադատական փաստաթուղթեր ցոյց տուին, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ Պապ Մենենտեզ, որ արդէն ամբաստանուած է եգիպտական կառավարութեան յօգուտ աշխատելու համար կաշառքներ ստանալու մէջ, ամբաստանուած է նաեւ Քաթարի յօգուտ աշխատելու համար կաշառքներ ստանալու մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Նաշրա»-ն: Դաշնակցային դատարանը դեմոկրատական ծերակուտականը կ՛ամբաստանէ Նիւ Ճըրզիի մէջ քաթարեան ներդրում մը դիւրացնելու դիմաց կաշառքներ ստանալու յանցանքով: Ամբաստանագիրին մէջ կը նշուի, որ Մենենտեզ...

Արժանթինի Կառավարութիւնը «Ահաբեկչական  Արարք» Ծրագրելու Կասկածանքով Սուրիոյ  Եւ Լիբանանի Քաղաքացիներ Ձերբակալած Է

Արժանթինի Կառավարութիւնը «Ահաբեկչական Արարք» Ծրագրելու Կասկածանքով Սուրիոյ Եւ Լիբանանի Քաղաքացիներ Ձերբակալած Է

Արժանթինի կառավարութիւնը պնդեց, որ երկրին մէջ «ահաբեկչական արարք» ծրագրելու կասկածանքով ձերբակալած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքացի երեք անձեր: Անվտանգութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցի վրայ նշեց, որ «հաւանական ահաբեկչական բջիջի մը երկիր հասնիլը վնասազերծեցինք»` նշելով, որ կասկածելիներէն մէկը Վենեզուելայի եւ Քոլոմպիոյ անցագիրներ ունէր:  

Page 174 of 882 1 … 173 174 175 … 882

Արխիւներ