Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ յանձնած են զինուորական օգնութեան վերջին թղթածրարը, որուն համար ֆինանսաւորում յատկացուած էր: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի:
Սպիտակ տան ներկայացուցիչին համաձայն, նման ծրագիրներու համար յատկացուած գումարը սպառած է:
«Այո՛: Մենք յանձնած ենք գոյութիւն ունեցող պաշարներէն վերջին թղթածրարը, աջակցութեան համար մենք ֆինանսաւորում ունէինք», ըսած է Քըրպի:
Ան ըսած է, որ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ Ուքրանիոյ տրամադրուած ամերիկեան օգնութիւնը դադրեցուած է, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան օգնութեան թղթածրարի շուրջ, որ կրնայ ներառել սահմանային անվտանգութեան քայլերու վերատեսութիւնը:
«Օգնութիւնը, որ մենք կը տրամադրէինք, այժմ կանգ առած է: Չափազանց կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը կատարէ ազգային անվտանգութեան այս խնդրանքը, որպէսզի մենք շարունակական ֆինանսաւորում ստանանք», բացատրած է ան:
Քըրպի ընդգծած է, որ Ուքրանիան յատկապէս ձմրան ամիսներուն սպառազինութիւններու մատակարարման կարիք ունի:


